«Սամուէլը շատ խելացի է։
Խելացի հարցումներ կ՜ուղղէ եւ կաւով
մտքէ չանցնելիք բաներ կը շինէ։ Աշխատանքը կը սիրէ»։
1965-ին գրուած վկայութիւն մը կոկոն դասարանի
աշակերտ Սէմ Սիմոնեանին մասին:
Տիկ. Սրբուհի Մարգարեան -ՀաճիՅակոբեանի
«Ուսուցչուհիի նկատողութեան տետր»-էն:
Բարերարութիւնը Աստուածային շնորհք է: Օրհնուած են անոնք՝ որոնք վեհ արժանիքը ունին անսակարկ տալու յանուն առաքինի նպատակի մը։
Երախտագիտութեան զգացումը մարդկային արժէք է, որմով օժտուած են քիչեր, ինչպէս յանձին՝ Վահան Թէքէեան Վարժարանի նախկին սան՝ Սէմ Սիմոնեանը, որ ո՛չ մէկ անգամ զլացած է իր նիւթական թէ բարոյական նեցուկը տրամադրելու այն վառ օճախին, ուր ինք իր նախնական ուսումը ստացած է, շրջապատուած՝ իր մանկահասակ եւ անմեղ առաջին ընկերներով ու իր վրայ գուրգուրացող դասատուներով:
Բոլոր ճգնաժամերուն միշտ իր սիրելի՝ Վահան Թէքէեան Միջն. Վարժարանին կողքին կանգնած մեծատառ ՄԱՐԴն է Սէմ Սիմոնեանը: ՀԲԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ՝ Պրն. Սիմոնեանը հաւատարիմ իր հայկական եւ մարդկային արժանիքներուն, մարդկային հաւաքականութեան երիտասարդ սերունդներուն նուիրած է՝ ԹՈՒՄՕ ստեղծարար արհեստագիտական կեդրոնը Հայաստանի եւ աշխարհի այլ երկիրներու մէջ:
Այսօր՝ ի լուր այն ճգնաժամին, որ իր սիրելի վարժարանը կը դիմագրաւէ, ան չզլացաւ անգամ մը եւս նիւթապէս սատար հանդիսանալու իր մայր կրթօճախին՝ անոր կրթական ծրագիրներուն գոյատեւման եւ յարաճուն վերելքին ի խնդիր, իր եւ իր առաքինի կողակիցին անունով նուիրաբերելով ՝ 100,000 ամ. տոլար ։
Առ այս, Լիբանանահայ կրթական 70-ամեայ օճախ` Վահան Թէքէեան վարժարանի Տնօրէնութիւնն ու հոգաբարձութիւնը, կու գան իրենց խորին շնորհակալութիւնն ու երախտիքը յայտնելու Սիմոնեան ամոլին, որոնք ո՛չ մէկ բան կը խնայեն, որպէսզի Թէքէեանցի աշակերտը չի զրկուի հայեցի տոհմիկ դաստիարակութենէ։
Պէյրութի Վահան Թէքէեան Վարժարանի
Տնօրէնութիւն եւ Հոգաբարձութեան կազմ