Նշանակեալ վարչապետ Սաատ Հարիրին երէկ նախագահ Աունի հետ քննարկեց կառավարութեան կազմի ցանկը, ներառեալ քրիստոնեայ անդամներուն անունները: Այս քննարկումը տեղի ունեցաւ, երբ Հարիրի երէկ այցելեց Պաապտայի պալատ հանդիպում ունենալու նախագահ Աունի հետ:
Երեք շաբաթ դադարէ ետք այս հանդիպումը, որոշ դրական մթնոլորտ ստեղծեց, սակայն փաստը այն է, որ կողմերը գործնական որոշումներու չյանգեցան:
Նախագահն ու նշանակեալ վարչապետը որոշեցին քննարկումները շարունակել: Այս ծիրէն ներս կողմերուն միջեւ դարձեալ հանդիպում մը տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ Չորեքշաբթի օր: