Հայկական լրատուամիջոցներու խմբագիրներու համահայկական համաժողովները
համակարգող մարմնի հերթական վերջին նիստին, որ տեղի ունեցաւ շաբաթ, 21 Նոյեմբեր 2020-ին Երեւանի մէջ, որոշուեցաւ ԱՄՆ-ի, Հարաւային Ամերիկայի, Գանատայի եւ Աւստարլիոյ մէջ գործող լրատուամիջոցներու խմբագիրներու հետ առցանց ժողով մը գումարել յառաջիկայ 10 դեկտեմբերին՝ Պէյրութի ժամով՝ 18:00-ին:
Մասնակցիլ փափաքողները կրնան կապուիլ՝ panarmenian.media@gmail.com
Հայկական մամուլէն կը խնդրուի արտատպել:
Հայկական Լրատուամիջոցներու
Համահայկական Համաժողովները Համակարգող Մարմին