Հինգշաբթի, 28 Մարտի, 2024
- Գովազդ -spot_img

Հայուն Տարաբախտ Ճակատագիրը

- Գովազդ -spot_img
spot_img

ԽՄԲԱԳՐԻ ԸՆՏՐԱՆԻ

ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ

«Զարթօնք»ի Երէց Աշխատակից

Կարծես ուր որ երթանք, սեւ ճակատագիրը մեզ կը հալածէ եւ կը խանգարէ մեր հանգիստ կեանքը։ Մենք ուր որ գացած ենք, շինած ու շէնցուցած ենք ու բարգաւաճ կեանք մը ստեղծած ենք մեզի համար։ Ուրեմն ինչո՞ւ մեր բախտը միշտ ալ սեւ եղած է ու մեր ճամբաները արիւնոտ  . . .

Հիմա խօսինք օրինակներով։ Մէջբերելիք օրինակներս որպէսզի աւելի ճիշդ ու համոզիչ ըլլան,  պիտի անդրադառնան իմ ընտանիքիս թափառական կեանքին վրայ։ Հայրս ու մայրս ծնած են Արեւմտեան Հայաստանի Կիլիկիոյ շրջանի Այնթէպ քաղաքը։

1915-ի առաջին գաղթականութեամբ՝ փոքրահասակ հայրս իր ընտանիքով կ՛երթայ մինչեւ Սուրիոյ Տարաա քաղաքը, ուր մեծ հայրս կը հիւանդանայ եւ կը մահանայ։ Հոն՝ հօրաքոյրս կ՛ամուսնանայ Պաղեստինցի քրիստոնեայ զինուորի մը հետ եւ կ՛երթայ հաստատուելու Նազարէթ քաղաքը։

Մեծ մայրս՝ իր երկու մանչ զաւակներուն հետ միատեղ կը վերադառնայ Այնթէպ։ Շատ չանցած՝ 1921-ին, անոնք երկրորդ գաղթականութեամբ մը տեղահան կ՛ըլլան եւ կ՛երթան Սուրիա եւ ապա Լիբանան։

Հօրաքրոջս խնդրանքով՝ մեծ մայրս կ՛երթայ Նազարէթ, իսկ հօրեղբայրս եւ հայրս որպէս որբ կ՛ընդունուին Անթիլիասի որբանոցը եւ անկէ կը փոխադրուին Ճըպէյլի որբանոցը։

1924-ին՝ մեծ մայրս Երուսաղէմի վանքը հաստատուելով, կը կանչէ իր մանչ զաւակները որ միանան իրեն։ Ընտանիքի անդամները վերջապէս վերամիանալէ ետք, անոնք խոր շունչ մը կը քաշեն եւ կը նետուին աշխատանքի, իրենց ապրուստը կարենալ հոգալու համար։

Գալով մօրս ընտանիքին, 1921-ին՝ մայրս կաթնկեր երեխայ, անոնք կը գաղթեն Սուրիա եւ կը հաստատուին Հալէպ քաղաքը։ Մօրմէս զատ, անոնք կը բախտաւորուին վեց այլ դստրերով։

1941-ին հայրս կ՛երթայ Հալէպ եւ կ՛ամուսնանայ մօրս հետ։ 1942-ին կը ծնիմ ես եւ 1944-ին կը ծնի քոյրս։ Մինչեւ հոս ոչ մէկ արտակարգ երեւոյթ։ Սակայն 1948-ին կը ծագի արաբ-իսրայէլեան պատերազմը եւ բաւական անմեղ զոհ տալէ ետք, մնացած հայերը կ՛ստիպուին գաղթել դէպի մօտակայ արաբական երկիրները։

Քանի որ մայրս Հալէպէն էր, գաղթականական ցուպը մեզ կը տանի Հալէպ։ Անոնք երկար կը մնան Հալէպ, սակայն ես՝ բարձրագոյն ուսման համար կը մեկնիմ Պէյրութ, աշխատելու համար կը մեկնիմ Սէուտական Արաբիա եւ վերջապէս կը հաստատուիմ Լոս Անճելըս, ուր 1987-ին՝ ինծի կը միանան ծնողքս եւ Հալէպ ծնած փոքր եղբայրս։

Իմ ընտանիքիս թափառական կեանքը հազուագիւտ երեւոյթ մը չէ սփիւռքի մեր հայ իրականութեան մէջ։ Շատ շատեր ենթարկուած են նոյն ճակատագրին եւ տեղէ-տեղ գաղթելէ ետք՝ վերջապէս միացած են իրարու կամ Ամերիկայի, կամ Գանատայի, կամ Աւստրալիոյ եւ կամ ալ Եւրոպական շարք մը երկիրներու մէջ։ Կարծես օտար հողը քաշողական ուժ մը ունեցած է հայերուս համար, դժբախտաբար։

Իսկ ի՞նչ էին այդ պատճառները որ հայերը տեղահան ըրին՝ արաբական հիւրընկալ երկիրներէն։ Առաջին առթիւ՝ ամերիկեան զինուորական ներխուժումն էր Իրաք, 2003 թուականին։ Իբրեւ թէ Սատտամ Հիւսէյն ունէր զանգուածային ոչնչացման զէնքեր, որոնք պիտի օգտագործէր իր անմեղ ժողովուրդին դէմ . . .

Իրաքի փոքրիկ բայց կազմակերպեալ հայկական գաղութը քանդուեցաւ եւ իրաքահայեր ստիպող աբար ապաստան գտան Յորդանանի, Լիբանանի եւ հեռաւոր Հայաստանի ու Արցախի սահմաններուն մէջ։

Հուսկ ապա ծագեցաւ Սուրիոյ  քաղաքացիական ապստամբութիւնը՝ 2011 թուականին։ Ասոր յաջորդեց ծայրայեղ իսլամականներու (ISIS) ծաւալումը՝ 2014 թուականին։ Սուրիա սկսաւ քաղաքական եւ տնտեսական ետ քայլի, մինչեւ որ ամերիկացիներ միջամտեցին 2015 թուականին եւ Ռուսեր՝ 2016 թուականին։ Կարծես այս եղաւ սկիզբը՝ քաղաքական կայունութեան, սակայն այս ալ խաբուսիկ դարձաւ։

Հալէպի հայկական կարեւոր գաղութը սկսաւ խորտակուիլ 2012-էն սկսեալ, երբ «Ազատ Սուրիական Բանակը» (Free Syrian Army) պատերազմ յայտարարեց Սուրիական կառավարութեան դէմ։ Հալէպ քաղաքը անգամ մը եւս թիրախ դարձաւ ռմբակոծումներու եւ քաղաքական անկայունութեան Մարտ 2016-էն մինչեւ Ապրիլ 2017։ Մեծ թիւով հայեր գաղթեցին Լիբանան եւ ապա հեռաւոր Հայաստան, աւելի հանգիստ եւ բարգաւաճ կեանք մը ապրելու համար։

Ուրեմն Իրաքի եւ Սուրիոյ հայկական գաղութներուն պարտադրական տեղահանումէն ետք, արդեօ՞ք կարգը պիտի գար Լիբանանի եւ վերջապէս Հայաստանի . . .

Մեր մտավախութիւնները դժբախտաբար իրականացան եւ ահա Պէյրութի նաւահանգիստին ահաւոր պայթումը՝ որ տեղի ունեցաւ 2020 թուականի Օգոստոս 4-ին, որուն անմիջապէս յաջորդեց Արցախի յարձակումը Ազերիներու կողմէ, նոյն թուականի Սեպտեմբեր 7-ին։

Դարձեալ բնակարաններ, դպրոցներ, խանութներ եւ նոյնիսկ եկեղեցիներ քանդուեցան եւ հայեր սկսան տեղահան ըլլալ անգամ մը եւս իրենց տուներէն եւ պանդխտութեան ցուպը ձեռքերնին՝ ստիպուած ման եկան երկրէ-երկիր . . .

Շիտակ չէ՞ ուրեմն ըսածս թէ հայը ուր որ երթայ եւ հաստատուի, փորձանքն ու պատուհասը չուշանար եւ կը քանդէ ամէն ինչ որ ան իր ճակտի քրտինքով շինած ու շէնցուցած էր։ Ա՜լ հերիք է եղբայր, թոյլ տուէք որ մարդու պէս ապրինք ու ապրեցնէք մեր յաջորդ սերունդները ու վերջ։

Հոս տեղին է մէջբերում մը բանաստեղծ Յովհաննէս Թումանեանէն, «Ապրէք երեխէք, բայց մեզ պէս չապրէք։»

Secure Your Child’s Place at
DREAM BRIDGEMAN ACADEMY

Dream Bridgeman Academy is an international school in Yerevan deploying the Oxford International Curriculum under the supervision and evaluation of Oxford University Press.
It caters for children between the ages of 1.5 yrs to 6 yrs.
Book your tour and secure your place now.
Phone: +374 93 703005
www.bridgeman.am

spot_img
- Գովազդ -spot_img
- Գովազդ -spot_img
- Գովազդ -spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին

ԼՐԱՀՈՍ

Pyro Drone is the leading source of professional FPV drone racing parts, gear, and accessories. We strive our best to deliver the latest and most reliable FPV gear available on the market. Bringing the highest quality at an affordable price, our flagship Hyperlite line is amongst the most competitive FPV drone racing parts in the industry. For FPV racing frames, motors, batteries, straps, and more - Pyro Drone is truly your one stop shop for all things in drone racing!

spot_img
spot_img