Նոյեմբեր 28-ին, Մեսրոպեան Արուեստից վարժարանին մէջ ընթացք առաւ վարժողական նոր ծրագիր մը, որուն նպատակն է թեքնիքըլ պաքալորէայի (BT) աշակերտները պատրաստել ապագայի գործի մարտահրաւէրներուն եւ զանոնք օժտել համապատասխան գիտելիքներով եւ կարողութիւններով՝ յատկապէս բանաւոր եւ ոչ-բանաւոր հաղորդակցութեան մարզին մէջ:
Ծրագիրը կը բաղկանայ վարժողական 7 դասապահերէ, որոնց աւարտին աշակերտներուն պիտի շնորհուի “Certificate in Public Relation Practices” վկայագիրը: Ծրագրի ղեկավարն է ԻՆՖՈՐՄԱ կազմակերպութեան վկայագրեալ Ռեպեքա Պու Շըպըլ-ՄըքՄիլան, որուն հետ Մեսրոպեանի գործակցութիւնը կեանքի կոչուեցաւ ՈՒԱԶՆԱԹ խորհրդատուական եւ գործի արեւելումի կազմակերպութեան շնորհիւ: