Լեւոն Վարդան (Լեւոն Պետիրեան) (14 Հոկտեմբեր 1925, Հալէպ – 9 Դեկտեմբեր 1997, Պէյրութ), հայ գրող եւ ուսուցիչ։
Ծնած է Հալէպ։ Երկրորդական եւ բարձրագոյն ուսումը ստացած է տեղւոյն՝ Հալէպ քոլեճի ապա Պէյրութի ամերիկեան համալսարանին մէջ՝ աւարտելով Ամերիկեան համալսարանի պատմութեան բաժանմունքը,1962–ին։
1952-էն սկսեալ դասաւանդած է Լիբանանի տարբեր դպրոցներու եւ համալսարաններու մէջ։ Միաժամանակ աշխատակցած է սփիւռքահայ պարբերական մամուլին։
Ուսուցչական, գրական եւ խմբագրական աշխատանքներ կատարած է՝ մասնակցելով, «Շիրակ»-ի, «Սփիւռք»-ի, «Հայկազեան հայագիտական հանդէս»-ի, «Հասկ հայագիտական տարեգիրք»-ի, «Բազմավէպ»-ի եւ «Նոր Այնթապ»-ի կազմերուն։
Մահացած է Պէյրութ,1997–ին։
Լեւոն Վարդան հրատարակած է հետեւեալ չափածոյ երկերը. «Ինքներգութիւն» (1968), «Ի խորոց սրտի» (1982), «Կրկին հեծութիւն» (1996) եւ «Վարուժնագիր» (2001): Իսկ արձակ գործերուն մաս կը կազմեն հետեւեալ հրատարակութիւնները. «Գիրք Մենուասի» (1959), «Փիւնիկեան ափերուն վրայ» (1960), «Հին հին բաներ» (1997) եւ «Մարդեր ճամբու մայթերէն» (1999):
Լեւոն Վարդանի գրականագիտական երկերու շարքին կը դասուին՝ «Ֆրանսահայ արձակը» (1968) եւ «Մուշեղ Իշխան արձակագիրը» (1986) աշխատութիւնները։
Բացի գեղարուեստական գրականութենէ, Լեւոն Վարդան ծաւալուն աշխատութիւններ կուտակած է մեզ՝ Հայկական հարցի եւ Հայոց ցեղասպանութեանն առընչեալ, որոնցմէ լոյս տեսած են. «Հայկական տասնհինգը եւ հայերու լքեալ գոյքերը» (Պէյրութ, 1970), «Ժամանակագրութիւն հայկական տասնհինգի, 1915-23» (1975), «Թող թուրքը խօսի» (1975), «Արեւմտահայութիւնը տնտեսական յարաբերութիւններու ճամբուն վրայ» (Պէյրութ, 1998) եւ «Հայկական տասնհինգը թրքական մատենագիտութեան եւ մամուլին մէջ եւ մենք» (Պէյրութ, 1998): Ատոնց կը գումարուին, նաեւ, իր չհրատարակուած բնագիրները, զորս հեղինակի մահէն ետք յայտնուեցան իր անձնական իրերուն մէջ, եւ ետքը Պէյրութէն ուղարկուեցան Հայաստան՝ Եղիշէ Չարենցի անուան Գրականութեան եւ արուեստի թանգարան: