Երկուշաբթի, 17 Մարտի, 2025
- Գովազդ -spot_img

Տեսակէտ. Այս Հնգամեայ Զինադադարը Լոկ Առկախեց Փանթուրք Վտանգը

- Գովազդ -spot_img
spot_img

ԽՄԲԱԳՐԻ ԸՆՏՐԱՆԻ

Մեթր ԳԱՍՊԱՐ ՏԷՐՏԷՐԵԱՆ

2020 թուի Նոյեմբեր 9-ի Մոսկուայի ժամով 00-ին գործադրուիլ սկսած զինադադարը՝ հինգ տարուան պայմանաժամով, պարզապէս առկախեց Փանթուրքիզմի Ծրագրի վտանգը։ Որովհետեւ՝ այս պատերազմը կը ղեկավարէր Փանթուրքիզմի ծաւալապաշտ ու ռազմապաշտ Ծրագրի դրօշակիր Ռեճեփ Էրտողանը, իսկ զինադադարը կը պարտադրէր մինակը՝ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի Խմբակի համանախագահներէն, Ռուսաստանի Ռազմական Խաղաղասիրական Հայեցակարգի ջահակիր Վլատիմիր Փութինը, որ զինադադարը պարտադրեց ոչ թէ զէնքով, այլ՝ իմաստուն, խաղաղասէր ու վարպետ դիւանագիտութեամբ միայն. եւ միայն հինգ տարիներու համար (որ կրնայ վերանորոգուիլ նոր հինգ տարիներու համար, երբ ժամկէտէն վեց ամիս առաջ, կողմերէն ոչ մէկը յայտնէ թէ չուզեր վերանորոգել զայն)։ Ուրեմն. առաջին պատերազմին առաջին զինադադարը (1994 թ.) տեւեց 26 տարի, իսկ այս երկրորդ պատերազմի զինադադարը՝ միայն 5 տարիներու համար կը պահպանէ ներկայի խաղաղութիւնն ու statu quo-ն։ Ներկայի statu quo-ն պահպանելը պահանջն է միայն Ռուսաստանի Ռազմական Խաղաղասիրական Հայեցակարգին՝ Հարաւային Կովկասի մէջ։ Բայց Փանթուրքիզմի պահանջը՝ ներկայ statu quo-ն գլխիվայր շրջելն է, երբ Փանթուրքիզմի մանկաբարձ Սիոնիզմի պետութեան թերթը՝ “Jerusalem Post”, իր 16 Յունիս 2020 թուակիր համարին մէջ կը տեղեկացնէր, թէ՝ թրքական բանակի ընդհանուր հրամանատարութիւնը մշակած է գաղտնի ծրագիր՝ յարձակելու Յունաստանի եւ Հայաստանի վրայ…։ (Երեք տարատնկեալ պետութիւններու՝ ԱՄՆ-ի, Թուրքիոյ եւ Իսրայէլի գաղտնի սպասարկութիւնները, թէեւ զինակիցներ են, երեք ալ զիրար կը լրտեսեն ու կը հետախուզեն։ Ուրեմն, “Jerusalem Post”ի բացայայտումը իրողութիւն է…)։ Տակաւին. 12 Յուլիս 2020 թուակիր իր համարի խմբագրականին մէջ, ՌԱԿ-ի պաշտօնաթերթ «Պայքար»ը, մեծ տառերով իբր խորագիր ընտրած էր՝ «ՄՕՏԱԼՈՒՏ Է ՊԱՏԵՐԱԶՄԸ» ահազանգային կանխազգուշացումը, գրելով. «Նշուած բոլոր զարգացումներն ու ազդակները թոյլ կու տան եզրակացնելու թէ պատերազմը հաւանական եւ անմիջական վտանգ մըն է, որ կը սպասէ կայծի մը»։ Երկրի քաղաքական ու ռազմական իշխանութիւնները ի՞նչ ըրին զօրացնելու բանակը եւ սիրաշահելու Ռուսաստանը։

Հետեւաբար, այս խաղաղութեան միայն հինգ տարիներուն միջոցին, Հայութենէն կը պահանջուի՝ ամէն գնով ստեղծել Համահայկական համերաշխութիւն եւ միաբանութիւն՝ Համահայկական անվիճելի, մէկ եւ նոյն արեւելումին շուրջ, որ ռուսական արեւելումն է անկասկած, սրբագրելու համար մեր անցեալին գործած սխալը, որ մեզ հասցուց ներկայ ամօթալի պարտութեան։ Երբ հզօր Ռուսաստանի ռազմական Հայեցակարգը Հարաւային Կովկասի խաղաղութիւնն ու կայունութիւնը (statu quo) Ռուսաստանի ազգային անվտանգութեան երաշխիքը կը նկատէ, ինչ որ Հայութեան ալ ազգային անվտանգութեան երաշխիքն է, ուրեմն՝ երկու երկիրներու գոյութենական շահերը կը համընկնին Փանթուրքիզմի Ծրագրին դէմ։ Մեզի կը մնայ մեր բնական զինակիցին հետ ունենալ հաւատարիմ, վստահելի եւ պատասխանատուութեան գիտակցութիւն ունեցող զինակիցի վերաբերմունք մեր երէց եւ աւագ եւ աւելի հզօր զինակիցին հանդէպ։ Մէկ խօսքով. մեր գոյութենական զինակիցին հետ սերտաճիլն ու համարկուիլը մեր բնական առաջադրանքը պէտք է ըլլայ՝ խաղաղութեան մէջ գոյատեւելու համար։ Ռուսաստանի հետ սերտաճումն ու համարկումը կ՚ըլլայ ընդելուզումի ճամբով, որ կը կանխարգիլէ ներլուծումը։ Քանի որ, ազատ կամքով համարկումը՝ ընդելուզումի ճամբով, կը պահպանէ երկու կողմերու ազգային ինքնութիւնը եւ կը յանգի փոխադարձ հարստացումի եւ զօրացումի, որ կը կոչուի սիմպիոսիս (ինչ որ փաստուեցաւ՝ որ Սփիւռքի մէջ, հայապահպանումի լաւագոյն քաղաքականութիւնն է։ Համարկումի տիպարներ են՝ հերոս նահատակ Մանուշեան եւ Մեծն Ազնաւուր

Երէկ՝ 20-րդ դարու 90-ականներուն, կային հայ պատասխանատու պետական մարդիկ, որոնք կը պնդէին, թէ՝ այլեւս գոյութիւն չունի փանթուրքական վտանգը։ Այսօր՝ փաստուեցաւ, որ այդ վտանգը դեռեւս առկայ է եւ գործօն։ Բայց, առկայ է նաեւ այդ վտանգին դիմակայող հզօր Ռուսաստան մը՝ իր հակա-փանթուրքական ռազմական Հայեցակարգով, որ Հարաւային Կովկասը եւ Կեդրոնական Ասիան կը նկատէ Ռուսաստանի ազգային անվտանգութեան գօտին, որ ճիշդ եւ ճիշդ Փանթուրքիզմի Ծրագրին թիրախը կազմող տարածքն է։ Եւ յաւելեալ. Փութինի քաղաքական հայեցակարգը՝ իբր լրացուցիչ ռազմականին, խիստ կարեւոր կը նկատէ Անդրկովկասի մէջ քրիստոնեայ ժողովուրդներու գոյութեան պահպանումն ու պաշտպանութիւնը, մասնաւորաբար՝ Ռուս Ուղղափառ Եկեղեցիի պահանջով։

Անդրկովկասի մէջ, Ռուսաստանի միակողմանի ներկայութիւնը փաստուեցաւ երէկ՝ Վրաստանի մէջ, իսկ այսօր՝ Արցախի, եւ Արցախի վրայով՝ Ատրպէյճանի ալ մէջ, առաջին անգամ ըլլալով… բայց միայն հինգ տարուայ պայմանաժամով։ ՉՄՈՌՆԱՆՔ։

Ուրեմն. այս զինադադարին միայն հինգ տարիները բախտորոշ տարիներ են Արցախի եւ Արեւելահայաստանի լինելութեան համար, զորս պէտք չէ վատնենք կամ մսխենք մեր բիւզանդական սնամէջ վէճերով ու բնազանցական մտածելակերպի սկզբունքները գերազանցելով Հայութեան լինելութեան առաջնահերթութեան, ինչպէս կը պատգամէր Մեծն Վահան Թէքէեան. «Արտաքոյ Ռուսաստանի Չի Փրկութիւն…»՝ աւելի քան դար մը առաջ, Գահիրէի «Արեւ» թերթի 18 Հոկտեմբեր 1916 թուակիր համարի խմբագրականին մէջ, որուն խորագիրն էր՝ «Հայութի՞ւնը, Թէ՞՝ Սկզբունքը»։ Այս հինգ տարիները շա՜տ սուղ են։ Եւ եթէ մենք զանոնք աժանցնենք, շա՜տ սուղի կը նստին մեր վրայ։ Այս միայն հինգ տարիները կը հանդիսանան որպէս վերջին ահազանգ։

• • •

Գէթ անգամի մը համար պիտի կարենա՞նք բոլորս հաղորդուիլ Համահայկական Ոգիի ճաշակով։

Յիշենք հետեւեալ փաստերը եւ լաւ ըմբռնենք ատոնց բովանդակած նշանակութիւնները.

• ՀՀ Ռազմական Վերահսկողութեան Ծառայութեան պետ՝ Տեղակալ-Զօրավար Մովսէս Յակոբեան, իր հրաժարականը յայտնելու համար տուած մամլոյ ասուլիսին, բացայայտեց որոշ իրողութիւններ, որոնց շարքին, ան վկայեց, թէ՝ Փաշինեանի հրամանով դադրեցուցած է բանակի համալրումը նոր զինուորականներով։ Եւ թէ՝ պատերազմի ամբողջ տեւողութեան, Ռուսաստան զէնք մատակարարած է Հայաստանին, հերքելով այն կազմակերպուած կերպով ընթացող քարոզչութիւնը, թէ՝ Ռուսաստան ոչ մէկ ձեւով ներգրաւուած է պատերազմին։ Այս սուտ քարոզչութեան հեղինակները ո՞վքեր էին, եթէ ոչ՝ հայ դասալիքները։ Չմոռնանք, թէ լինել-չլինելու պատերազմին մէջ, առաջին պարտուողը կ՚ըլլայ ոչ թէ զէնքին ուժը, այլ՝ մարտական ոգին, զոր կը տկարացնեն նախ՝ հրամանատարը, ապա՝ զինուորները։ Ռուսաստան, որ զէնքը կը հայթայթէր, սակայն, հաւանաբար զինադադարը կ՚ուշացնէր մեզ պատժելու համար…։

• Պատերազմի ընթացքին, Մոսկուա յորդորեց ՄԱԿ-ի UNESCO-ին՝ մասնակցիլ Արցախի մէջ մշակութային արժէքներու պահպանումի աշխատանքներուն։ Այս ուղղութեամբ Փութինի եւ Լավրովի թափած ջանքերը ՄԱԿ-ի մօտ, հետեւանքն էին Ռուս Ուղղափառ Եկեղեցիի տուած խորհուրդներուն, պահպանելու համար հայկական եկեղեցիները հոն, ուր պիտի վերադառնային գաղթած հայերը։

• ՀՀ նախագահ Արմէն Սարգսեանի պատգամը, որուն մէջ ան կ՚առաջարկէ արտահերթ ընտրութիւններ, քանի որ մենք պարտուած ենք՝ ոչ միայն ռազմադաշտին, այլեւ՝ դիւանագիտութեան եւ միջազգային հարթակներուն վրայ, եւ ունէինք տնտեսական մեծապէս խոցուած տնտեսութիւն։ Հարկ է ստեղծել այնպիսի պետութիւն, որ կը գոհացնէ բոլորս, անուղղակի յուշելով, թէ՝ մենք անցնող 30 տարիներուն չունէինք բոլորս գոհացնող պետութիւն։ Ասիկա դատապարտութիւնը չէ՞ Գ. Հանրապետութեան օլիգարխիկ համակարգին եւ Փաշինեանի պղտոր ու գորշ համակարգին։ Բոլորս գոհացնող պետութեան համակարգը ժողովրդահայրենասիրականը չէ՞ արդեօք։

• Լավրով ԵԱՀԿ-ի Մինսքի Խմբակի միւս երկու համանախագահներուն հետ կը քննարկէ զինադադարի յաջորդող փուլին բանակցութեանց կազմակերպումին հարցը, վերջնական խաղաղ լուծումի մը յանգելու համար Արցախի կարգավիճակին շուրջ, քանի որ զինադարարը չէ որոշած այդ կարգավիճակը։ Ասիկա՝ կտրական մերժումն է թուրք-թաթար ճակատի պնդումին, թէ՝ գոյութիւն չունի այլեւս Արցախի կարգավիճակի որոշումի հարց։ Այս բանակցութեանց սեղանին, Հայկական կողմը պարտի լաւ սերտած ըլլալ Ակադեմիկոս Եուրի Բարսեղովի «Ինքնորոշման Իրաւունքի Մասին» երկասիրութիւնը, եւ անյապաղ Փութինին նուիրէ այս գիրքի ռուսերէն բնագրէն օրինակ մը։ Քանի որ Ակադ. Եուրի Բարսեղով ճանաչուած հեղինակութիւն մըն է Միջազգային Հանրային Իրաւունքի մարզին մէջ, եւ իր այս երկասիրութեան մէջ ան մանրամասնօրէն լուսաբանած է ինքնորոշման իրաւունքի erga omnes (բոլոր բոլորին) պարտադիր ուժին հետեւեալ յատկանիշերը՝ անկապտելի, անսակարկելի, անժամանցելի, եւ նոյնիսկ՝ ԱՆՀՐԱԺԱՐԵԼԻ… եթէ ենթադրենք որ Արցախ որոշէ հրաժարիլ, այդ քայլը անվաւեր է Միջազգային Հանրային Իրաւունքին մէջ։

• Ուշագրաւ եւ ուսանելի է Փութինի տուած կառուցողական կարծիքը Փաշինեանի մասին, հակառակ ասոր հակառուս եւ արեւմտամէտ արեւելումին։ Փութին ըսած է, թէ՝ Փաշինեան դաւաճան մը չէ…։ Այս կեցուածքը՝ Հայութեան հանդէպ Փութինի ունեցած ու տածած բարեկամութեան ու զինակիցի ներողամիտ կեցուածքն է, հակառակ իր ներքին կարծիքին…։

• Մեծապէս ուշագրաւ է եւ լաւատեսական այն, որ Արցախը իր կրած ծանր հարուածի ազդեցութենէն դուրս բերելու ջանքերը անյապաղ մեկնարկած են Արցախի Հանրապետութեան եւ Ռուսաստանի համագործակցութեամբ։ Եւ նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան ընտանեօք վերադարձած է Ստեփանակերտ, եւ՝ Արցախի ու Հայաստանի քաղաքական ուժերն ու հասարակական գործիչները կը հրաւիրէ Ստեփանակերտ՝ խորհրդակցութեանց համար։

• Նոյնքան եւ աւելի յուսադրիչ քայլեր են նաեւ այն, որ Փութին եւ Լավրով ջանքեր կը թափեն՝ իրենց բնակավայրերէն փախստական Արցախի բնակիչները վերադարձնելու համար իրենց տուները, երաշխաւորելով անոնց անվտանգութիւնը։ (Լիբանանահայերս լաւ կը յիշենք, որ 2006 թուի իսրայէլեան նախայարձակումի աւարտին, Հըզպալլահի առաջին գործը եղաւ Հարաւային Լիբանանէն փախստական բնակիչներու վերադարձը կազմակերպել)։ Այս ալ լաւատեսութիւն կը ներշնչէ, պայմանաւ որ մենք բոլորս հաղորդուինք Համահայկական Ոգիի նշխարով…։

• Ուշագրաւ նկատողութիւն մըն է այն, որ Փութին երբ կը խօսէր Արցախի կարգավիճակի մասին, անուղղակիօրէն նկատել տուաւ, թէ՝ Հայաստանի իշխանութիւնները տակաւին չեն ճանչցած Արցախի անկախութիւնը, որուն հետեւանքով միւս պետութիւնները (ներառեալ Ռուսաստա՞նը) չեն քաջալերուած ճանչնալու Արցախի անկախութիւնը, եւ իբր օրինակ՝ ան յիշեց Հարաւային Օսեթիոյ եւ Խրիմի պարագաները, որոնց անկախութիւնը Վրաստանէն եւ Ուքրանիայէն ճանչցաւ Ռուսաստան, եւ միջազգային հանրային կարծիքը փաստօրէն խոնարհեցաւ…։

Գ. Հանրապետութեան թէ՛ օլիգարխիկ իշխանութիւնները եւ թէ Փաշինեանի թաւշեայ յեղափոխութիւնը, իրենց արեւմտամէտ արեւելումին բերումով, չճանչցան Արցախի անկախութիւնը։ Մինչդեռ, անոնք կրնային ճանաչում տալ եւ հիմնաւորել զայդ՝ ոչ թէ ազգակցական պատճառով (չգրգռելու համար Ատրպէյճանը), այլ՝ զայդ հիմնաւորել ինքնորոշման իրաւունքին erga omnes բոլոր-բոլորին պարտադիր ըլլալուն եւ ՄԱԿ-ի անդամ պետութիւններուն վրայ դրուած ինքնորոշուող ժողովուրդին օգնելու պարտաւորութեան հիման վրայ, Միջազգային Հանրային Իրաւունքին կողմէ։ Հիմա հրամայական է որ Հայաստան անյապաղ ընէ այս ճանաչումը։

• Ռուս-Թրքական յարաբերութիւնները ոչ ամբողջութեամբ բախումնային կամ դիմակայական են, եւ ոչ ալ՝ ամբողջութեամբ համագործակցական, այլ՝ մասամբ առաջինը եւ մասամբ երկրորդը։ Առաջինը՝ բախումնայինը, ռազմական չէ ցարդ, այլ՝ տնտեսական ու դիւանագիտական։ Իսկ երկրորդը՝ համագործակցականը, թէ՛ տնտեսական եւ թէ խաղաղասիրական է (այս երկրորդը՝ Էրտողանի կողմէ ահաբեկչական կազմակերպութիւններու գործածութիւնը նուազեցնելու նպատակով)։ Տնտեսական մարզին մէջ, Ռուսաստան կ՚օգնէ Թուրքիոյ, երբ Էրտողան կը հնազանդի Փութինի մէկ խաղաղասիրական պահանջին. իսկ եթէ չհնազանդի՝ կը պատժէ միլիառ տոլարներու փոխհատուցումով, կամ ալ՝ S400-ի սարքերու առաքումները դադրեցնելով, կամ՝ Աք-քույուի հիւլէական կայանի շինարարական աշխատանքները դադրեցնելով (ինչպէս եղաւ Արցախեան այս երկրորդ պատերազմին)։

• Մեր ազգային անվտանգութեան տեսակէտէն խիստ օգտակար է այն, որ Փութին յաջողեցաւ թուրք-թաթար ճակատին ընդունիլ տալ, որ զինադադարի վերահսկողութիւնը կատարեն միայն ու միայն ռուսական բանակի խաղաղապահները…։ Որովհետեւ՝ այս խաղաղապահները ոչ միայն ընդհանրապէս Ատրպէյճանի բանակին դէմ պիտի պաշտպանեն Արցախը եւ Լաչինի անցքը, այլեւ՝ Ատրպէյճանի եւ Նախիջեւանի միջեւ անցքի ճամբան, որ Ատրպէյճանը փաստօրէն կապած կ՚ըլլայ Թուրքիոյ (ցամաքի ճամբով), որ Փանթուրքիզմի Ծրագրի առաջին քայլն է, սակայն ռուսական բանակի խաղաղապահները թոյլ չեն տար այդ անցքը գործածելու ռազմական նպատակներու համար…։

• Այս պատճառով ալ, Փութին կտրականօրէն մերժեց Էրտողանի առաջարկը՝ փոփոխելու ԵԱՀԿ-ի Մինսքի Խմբակի երեք համանախագահներու ձեւաչափը, անոր վրայ աւելցնելով չորրորդ համանախագահ մը՝ Թուրքիան։

• Փաշինեանի արեւմտամէտ արեւելումին հետեւանքով, Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւնները պահանջուած չափով ջերմ յարաբերութիւններ չմշակեցին՝ ոչ միայն Ռուսաստանի հետ, այլեւ՝ Փանթուրքիզմի դէմ մեզի զինակից Իրանի հետ, որ նաեւ միակ բաց դուռն է Հայաստանի՝ աշխարհի հետ կապուելուն համար։

Մինչդեռ Ատրպէյճանը, թրքական յատուկ փրակմաթիզմով, 6 Նոյեմբեր 2020 թուին յայտարարեց, թէ ինք պատրաստ է համապարփակ գործակցութեան՝ ԱՊՀ-ի պետութիւններուն հետ, եթէ Ղարաբաղեան Հարցը գտնէ իր «արդար» լուծումը (այսինքն՝ կցուի Ատրպէյճանին, որուն դիմաց իբր կաշառք կու տայ իր համագործակցութիւնը)։ Իսկ 7 Նոյեմբերին, պարտութենէն երկու օր առաջ, Հայաստանի մամուլը կը շատախօսէր, եւ Նոյեմբեր 8-ին ալ կը շարունակէր. «Շուշիի ճակատին վրայ պաշտպանական փայլուն օրերուն մասին»։

• Հայութեան համար խիստ կարեւոր եւ ուսանելի փաստ մըն է այն իրողութիւնը, որ Ռուսաստան յաջողեցաւ միակողմանիօրէն զինադադար պարտադրել թուրք-թաթարական ճակատին, եւ՝ ԱՄՆ ու Ֆրանսա չմիջամտեցին, եւ լռելեայն ընդունեցին որ Հարաւային Կովկասի մէջ Ռուսաստանն է որոշիչ ուժը։

Այս որոշիչ ուժը կրնայ Արցախի կարգավիճակը դրական եւ վերջնական կերպով լուծել, եթէ՝ մենք պահանջուած անհրաժեշտ հաւատարմութիւնը ցուցաբերենք մեր միակ զինակիցին։

Չենք կրնար չյիշել այստեղ, Հայկական Սովետական Սոցիալիստական Հանրապետութեան 100-րդ տարեդարձին առիթով, որ Արեւելահայաստանի Բ. Հանրապետութիւնը յաղթանակած էր առաջին պատերազմին, իսկ Գ. Հանրապետութեան օլիգարխիկ համակարգը պարտուած է այսօր՝ այս երկրորդ պատերազմին, քանի որ հեռացած էր Ռուսաստանէն…։

Հայոց Պատմութեան Բ. Ոսկեդարը չէր կրնար կերտել Բ. Հանրապետութիւնը, եթէ՝ անդամակցած չըլլար Սովետ Միութեան, որուն ինքնալուծարումը Բ. Եղեռն մը եղաւ մեզի համար։

Այս հինգ տարիներուն, եթէ թերանանք կիրարկելէ մեզմէ պահանջուած ռուսական արեւելումը, մեր ապագան փայլուն չէ։

Ասիկա վերջին ահազանգային կանխազգուշացում մըն է ՀԱՅԵ՛Ր. ԱՐԹՆՑԷ՛Ք։

«Զարթի՛ր լա՜օ՝ մըռնիմ քըզի»։

Secure Your Child’s Place at
DREAM BRIDGEMAN ACADEMY

Dream Bridgeman Academy is an international school in Yerevan deploying the Oxford International Curriculum under the supervision and evaluation of Oxford University Press.
It caters for children between the ages of 1.5 yrs to 6 yrs.
Book your tour and secure your place now.
Phone: +374 93 703005
www.bridgeman.am

spot_img
- Գովազդ -spot_img
- Գովազդ -spot_img
- Գովազդ -spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին

ԼՐԱՀՈՍ

Pyro Drone is the leading source of professional FPV drone racing parts, gear, and accessories. We strive our best to deliver the latest and most reliable FPV gear available on the market. Bringing the highest quality at an affordable price, our flagship Hyperlite line is amongst the most competitive FPV drone racing parts in the industry. For FPV racing frames, motors, batteries, straps, and more - Pyro Drone is truly your one stop shop for all things in drone racing!

spot_img
spot_img