«Նիկոլ Փաշինեանի ազգադաւ բռնապետական վարչաձեւը, հոգեվարքի ցնցումներու մէջ փորձելով երկարաձգել իր գոյութիւնը, բռնաճնշումներ կը գործադրէ Հայաստանի Հանրապետութեան այն համայնքներու ղեկավարներուն եւ աւագանիներու անդամներուն նկատմամբ, որոնք կը պահանջեն հայրենադաւ ու ծախու վարչաձեւին անյապաղ հրաժարականը:
Փաշինեանը եւ մարզերու մէջ գործող անոր մանկլաւիկները, բռնակալի ապօրինի հրահանգներուն հնազանդ եւ կամակատար դարձած որոշ ուժային կառոյցներ կը զգուշացնենք՝ չյանդգնի՛ք ահաբեկելով եւ ուժի սպառնալիքով լռեցնել համայնքներու այն ներկայացուցիչները, որոնք իրենց արդար բողոքի ձայնը կը բարձրացնեն իշխող խումբի եւ անոր վարչապետի ազգակործան քաղաքականութեան դէմ:
Կը պահանջենք անյապաղ դադրեցնել ստայօդ լուրերու տարածումն ու կեղտոտ շանթաժի միջոցով համայնքներու ներկայացուցիչներու վարկաբեկման դատապարտուած փորձերը:
Կոչ կ՝ընենք Հայաստանի Հանրապետութեան այն համայնքներու ղեկավարներուն, որոնք դեռ չեն միացած Փաշինեանի հրաժարականի համաժողովրդական պահանջին, գիտակցելու հայրենիքի առջեւ իրենց քաղաքական ու քաղաքացիական պատասխանատւութիւնը եւ պահանջելու ազգադաւ կառավարութեան հրաժարականը: Հայրենիքի փրկութեան շարժումը չի հանդուրժեր ձեր նկատմամբ որեւէ սպառնալիք եւ բռնի ուժի կիրառում»։
ՀԱՅՐԵՆՔԻ ՓՐԿՈՒԹԵԱՆ ՇԱՐԺՈՒՄ
10 Դեկտեմբեր, 2020 թ.