Նշանակեալ Վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ լաւատեսութիւն յայտնեց ինչ կը վերաբերի կառավարութեան կազմութեան: Ան այս յայտարարութիւնը ըրաւ Նախագահ Միշէլ Աունի հետ տեսակցութենէ ետք:
«Մթնոլորտը դրական է եւ յոյսերը մեծ, որ շուտով պիտի կազմուի կառավարութիւնը, որ պիտի վերակառուցէ Պէյրութը եւ ունենայ ժողովուրդին վստահութիւնը» ըսաւ Հարիրի:
Նշենք, որ այս շաբթուայ ընթացքին այս երկրորդ հանդիպումն է, որ տեղի կ՛ունենայ նախագահին եւ նշանակեալ վարչապետին միջեւ: