10 Դեկտեմբերէն «Ռոսսելխոզնատզօրը» կ’արգիլէ Ռուսաստան լոլիկի ու խնձորի ներկրումը Ատրպէյճանէն` այս երկրէն արտադրանքներուն մէջ վնասատուներու յայտնաբերման պատճառով, կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոստին»:
Ծառայութիւնը նշած է, որ Ատրպէյճանի պարէնային անվտանգութեան գործակալութեան բազմիցս տեղեկացուցած են արտադրանքի մէջ քարանթինային նիւթերու յայտնաբերման համակարգուած դէպքերու մասին: «Միայն 2020 թուականի 22 հոկտեմբերէն մինչ օրս ինկած ժամանակահատուածին արձանագրուած է Եւրասիական տնտեսական միութեան համար քարանթինային նիւթերու յայտնաբերման 17 դէպք՝ հարաւամերիկեան լոլիկի ցեց եւ արեւելեան ցեց՝ պտղաբանջարեղէնի արտադրանքին մէջ (լոլիկ, խնձոր)»,- ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ:
«Ասոր հետ կապուած՝ Ռուսաստանի Դաշնութեան տարածքին մէջ նշուած վնասատուներու ներկրումն ու տարածումը կանխելու նպատակով, «Ռոսսելխոզնատզօրը» ստիպուած է 2020 թուականի 10 դեկտեմբերէն արգիլել ատրպէյճանական ծագմամբ լոլիկի եւ խնձորի ներկրումը Ռուսաստան»: