Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւնը (ՀԲԸՄ Լիբանան) համագործակցութեամբ Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանի Իսամ Ֆարէս Հանրային Քաղաքականութեան եւ Միջացգային Հարցերու Հաստատութեան հետ, առցանց գիտաժողով մը կազմակերպեց « Ցեղասպանութիւնը Միջին Արեւելքի մէջ սեռային ոսպնեակի ընդմէջէն» պիտակին տակ:
Լայնօրէն դիտուած այս գիտաժողովը տեղի ունեցաւ Չորեքշաբթի, 9 Դեկտեմբեր 2020-ին, «Ցեղասպանութեանց զոհերու յիշատակին ու արժանապատուութեան եւ յանձագործութեան կանխարգելման միջազգային օր»ուան առիթով:
ՀԲԸՄ Լիբանանը եւ Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանի Իսամ Ֆարէս Հանրային Քաղաքականութեան եւ Միջազգային Հարցերու Հաստատութիւնը երկարամեայ գործընկերներ են, որոնք ամէն տարի կը համագործակցին այս առիթով, հիւրընկալելով ականաւոր բանախօսներ «Ցեղասպանութեան Կանխարգելման եւ Խաղաղութեան Կայունացման» հետ առնչուող համապատասխան հարցերը քննարկելու նպատակով:
Զանազան քննարկումներէ բաղկացած այս տարուան ձեռնարկը կայացաւ առցանց:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ ՀԲԸՄիութեան Նախագահ Մեթր Պերճ Սեդրակեան ու Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանի Իսամ Ֆարէս Հանրային Քաղաքականութեան եւ Միջազգային Հարցերու Հաստատութեան տնօրէն Դոկտ. Ժոզէֆ Պահութ:
Մեթր Սեդրակեան լուսարձակեց մեր ներկայ օրերուն հասարակութեան մէջ կանանց դերին ու ցեղասպանութեան դէմ պայքարին կարեւորութիւնը:
Մեթր Սեդրակեան հաստատեց՝ «Կիներ կեանքին հենարաններն են, իսկ երեխաները՝ ապագան»:
Ան հպարտ էր նաեւ յիշեցնելու աշխարհին թէ Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան որդեգրած թիւ 69/323 բանաձեւը առաջարկուած էր Հայազգի քաղաքացի, Հայաստանի Հանրապետութեան Նախկին Արտաքին Գործոց Նախարար՝ Զօհրապ Մնացականեանի կողմէ:
«Անգամ մը եւս աշխարհը մնաց լուր, Միջազգային Հանրութեան միջամտութիւնը՝ բացակայ Արցախի պատերազմին ընթացքին Ատրպէյճանի վատ վերաբերմունքին՝ թէ Հայ քաղաքացիներուն եւ թէ պատերազմի գերիներուն հադէպ»:
Դոկտ. Պահութ, իր կարգին, բարի գալուստ մաղթեց բանախօսներուն, եւ առիթը օգտագործեց յայտնելու թէ Իսամ Ֆարէս Հանրային Քաղաքականութեան եւ Միջազգային Հարցերու Հաստատութիւնը մեկնարկած է նոր հետախուզական նախաձեռնութիւն մը՝ «Կիներ, խաղաղութիւն եւ Ապահովութիւն» թէմայով, ուր կ՛արծարծուին պատերազմներու եւ բախումներու պատճառով յառաջ եկած սեռային խնդիրները:
«ՀԲԸՄիութեան հետ միացեալ ձեռնարկը, Ցեղասպանութեան հարցին վրայ պիտի աւելցնէ Gender Lens եւ հետաքրքրութիւն այդ պատճառներուն ու հետեւանքներուն վերաբերեալ:
Առաջին Բաժին: Կիներ՝ Հիմնական Զոհեր՝ 1915-էն ի վեր: Այս բաժինը վարեց Փրոֆ. Շըպլի Մալլաթ, Միջազգային Քրէական Իրաւաբանութեան եւ Իրաւունքի Փաստաբան, Նախագահական Փրոֆ. Եութա Համալսարանի:
Առաջին Դասախօսը՝ Դոկտ. Տարինա Սալիպա Ապի Շտիտ, Մարդկային Գիտութիւն-
Ներու Միջազգային Կեդրոնի (CISH-UNESCO) տնօրէն՝ խօսեցաւ Կիներու մասին՝ որպէս խաղաղութեան եւ պատերազմի գործակալներ:
« Կիները պատերազմին զոհերն են, սակայն միեւնոյն ժամանակ գործակալներ ու մասնակիցներ անոր մէջ: Ընդհանրապէս անոնք շատ գործունեայ են քաղաքացիական հասարակութեան եւ խաղաղութեան շարժումներուն մէջ: Սակայն, անոնք կ՛անտեսուին երբ խաղաղութիւն տիրէ» ըսաւ Դոկտ. Ապի Շտիտ: Ան պնդեց որ կիները հիմնական թիրախները կ՛ըլլան բախումներու ընթացքին, որովհետեւ անոնք կը նկատուին մշակոյթը կրողները ու թշնամիին վերարտադրողները:
Երկրորդ Դասախօսը՝ Դոկտ. Գարօլ Մանն, «Կիներ Պատերազմին Մէջ» միութեան տնօրէնը, խօսեցաւ սեռային հիմքերու վրայ հիմնուած ցեղասպաննութիւններու քատրին մէջ եղած բռնութիւններուն մասին:
«Բոլոր Ցեղասպաննութիւնները եղած են ըստ սեռի» հաստատեց Դոկտ. Մանն, անդրադառնալով կիներու եւ երեխաներու ցեղասպանութեանց պարագային կանխամտածուած ու դիտմամբ եղած թիրախաւորումներուն: Պատերազմի ընթացքին եղած բռնաբարութիւնները ցեղասպանութեան յանցանք չեն նկատուիր, այլ՝ մարդկութեան հանդէպ յանձանք: Դոկտ. Մանն շեշտեց թէ ինչպէս այս տեսակի մարտավարութիւն կը գործածուի արմատախիլ ընելու ներկան ու ապագան, նամանաւանդ նահապետական հասարակութեան մէջ:
Երրորդ Բանախօսը՝ Տիկ. Մայա Ժըզզինի, խաղաղութեան կառուցման փորձագէտ, արծարծեց Կանանց դերը՝ խաղաղութեան արդիւնաւէտ գործին ընդմէջէն: Ան շեշտեց այն իրողութիւնը թէ խաղաղութիւնը անպայման պատերազմի չգոյութիւնը չի նշանակեր, այլ նաեւ կ՛ենթադրէ արդարութեան ներկայութիւնը, սեփական յարգանք դէպի մարդկային իրաւունքները: Կիները կարեւոր դեր ունին խաղաղութեան մշակոյթը սփռելու՝ կեդրոնանալով երեք բաղադրիչներու վրայ.- Անձնական խաղաղութեան, ընտանեկան խաղաղութեան եւ ազգային, շրջանային ու միջազգային խաղաղութեան վրայ:
Երկրորդ Բաժին: Կիները՝ Ցեղասպանութեան պայքարին մէջ առաջնագիծի վրայ. Պատմութիւններ
Այս բաժինը վարեց շրջանային վերլուծող եւ հետազոտող Պրն. Եղիա Թաշճեանը:
Առաջին Դասախօսը: Ապէտ Շամտին, «Նատիա» նախաձեռնութեան վարիչ-տնօրէն, խօսեցաւ ցեղասպանութեան ընթացքին Եազիտի կիներուն մասին: Պրն. Շամտին լուսարձակեց այն իրողութիւնը որ «Իսլամական Պետութիւնը» օգտագործեց իսլամական յօդուածը՝ Եազիտիներուն դէմ իր յարձակումները արդարացնելու նպատակով, քանի որ անոնք «Գիրք»ի ժողովուրդ չեն նկատուիր: Պրն. Շամտին շարունակեց ըսելով թէ Եազիտի կիներ առեւանգուած, գերերուած ու բռնաբարուած են, եզրակացնելով որ սեռական բռնաբարութեան հարցը ցարդ պատշաճ ձեւով չէ քննարկուած:
Երկրորդ Դասախօսը՝ Տիկ. Պուշրա Ալի, Կանանց «Ճին» Հիմնարկին տնօրէնուհին, արծարծեց քիւրտերուն ցեղասպանութիւնը եւ Քիւրտ կիներուն դերը որպէս պատասխան եղածներուն: Տիկ. Ալի շեշտեց որ Քիւրտերուն դէմ եղած Ցեղասպանութիւնը, ոչ միայն ֆիզիքական ցեղասպանութիւն է այլ՝ հասարակական ու քաղաքական: «Ցեղասպանութիւնը քանակով չէ որ միայն սահմանափակուած է , այլ՝ որակով» ըսաւ Տիկ. Ալի, նշելով քրտական հասարակութեան մէջ քանի մը քիւրտ կանանց սպաննութիւնը: Ան հաստատեց թէ կանխամտածուած փորձ մը եղած է Քիւրտերը «Թրքացնելու», իրենց կրօնքն ու ինքնութիւնը փոխելով:
Երրորդ Դասախօսը՝ Դոկտ. Սամահ Սալէհ, Ալ Նաժահ Համալսարանի օգնական դասախօս, խօսեցաւ «Նագպա»յէն ետք համայնքներու հզօրացման աշխատանքին մէջ Պաղիստինցի կիներու դերին մասին: Ան նշեց թէ ինչպէս անոնք մեծ դեր ունեցած են դիմակալելու եւ կռուելով՝ իրենց Պաղեստին վերադառնալուն համար, կիներ մասնակցած են ճամբաները փակելու եւ բողոքի ցոյցերուն, ստեղծելով միութիւններ եւ կազմակերպութիւններ ու մաս կազմելով գաղտնի սպասարկութիւններու:
Չորրորդ Դասախօսը՝ Պրն. Միշէլ Մալլօ, Ասորիներու Միութեան Կուսակցութեան գլխաւոր քարտուղարը, խօսեցաւ Ասորի կիներուն եւ Ցեղասպանութեան մասին: Ան քննարկեց իրենց մէջ յառաջացած մտածելակերպի փոփոխութեան մասին բնազդային յարատեւումէն դէպի ղեկավարութեան մաղձը: Աւելին, «Դրական Վրէժ» մը ծագած է ընդհանրապէս Ասորիներուն մէջ, զոր կը թարգմանէ իրենց ինքնութեան պահպանումը եւ հասարակութեան մէջ աչքառու դեր ստանձնելու զգացումը:
Վերջին դասախօսը՝ Դոկտ. Ռոյ Քնօք, Lepsius Haus Potsdam-ի տնօրէն, 1900- ական թուականներուն, Միջին Արեւելքի մէջ սեռի եւ մարդասիրութեան միջթւ եղած փոխ-յարաբերուիւնը արծարծեց, ներկայացնելով զօրաւոր կիներու պարագաները: Դոկտ. Քնօք շեշտը դրաւ գերիշխող հերքման կարեւորութեան ուր կ՛ըսուի թէ կիները քաղաքական գործիչներ չեն այլ հոգատարներ :
Այս ներկայացումը լուսարձակեց մարդասիրական ծիրէն ներս փայլող կիներու՝ ինչպէս Ժոզէֆին Թերէզ Զիւրքէրի ու Աննա Հարնաքի գործունէութեանց վրայ, որոնք Անատոլի եւ Ներկայ Ատրպէյճանի մէջ ծառայած են եւ իրենց յիշատակներն ու նկատողութիւնները: Lepsius Haus Potsdam կը պարբակէ օտար եւ Հայ կիներու պատմութիւնները եւ յուշերը Հայկական Ցեղասպանութեան եւ անոր հետեւանքներուն մասին:
Քննարկումներէն ետք, հարց-պատասխանի համար քանի մը վայրկեան տրամադրուեցաւ մասնակիցներուն, դասախօսներուն եւ հանդիսատէսներուն: