Շաբաթ, 7 Դեկտեմբերի, 2024
- Գովազդ -spot_img

Բաց Նամակ. ՀՅԴ-ին՝ Մի Փորձեր Իւրացնել Ժողովրդային Պոռթկումը, Հակա-ՀՅԴ Ճակատին՝ Մոռցիր, որ Դաշնակները Մաս Կը Կազմեն Ընդդիմութեան, «Սպիտակներուն»՝ Ձերբազատուիր «Նախկիններու» Ֆոպիայէն, Հայ Ժողովուրդին՝ Համախմբուիր

- Գովազդ -spot_img
spot_img

ԽՄԲԱԳՐԻ ԸՆՏՐԱՆԻ

Մեր նախորդ նամակով դիմած էինք ՀՅԴ-ի պատասխանատուներուն եւ ոչ միայն՝ Հայաստանի մէջ հանրահաւաքները կազմակերպել համահայկական շարժումի մը անուան տակ: Կոչ մըն էր, որպէս համահայկական միաւոր աշխատիլ փոխանակ զայն կուսակցականացնելու: Մենք հաւատացած ենք, որ նման շարժումներու կուսակցականացումը վանողական կրնայ ըլլալ ժողովրդային մեծ խաւերու համար, հետեւաբար՝ չի կրնար համաժողովրդային բնոյթ ստանալ, մանաւանդ երբ այս հանգամանքն ու այդ կուսակցութիւններէն ոմանց հանդէպ ժողովրդային կարգ մը հատուածներու ունեցած բարդոյթը  կ՛օգտագործուի իշխանութենէն հրաժարիլ չուզող խումբին կողմէ: Մեր նամակով նաեւ թելադրած էինք, անյապաղ խմբուիլ ընդդիմութիւնը ղեկավարող առաջնորդի մը շուրջ:

Շուտով եւ ուրախութեամբ տեսանք, որ ընդդիմութիւնը վերջապէս ընտրեց իր համար համահայկական շարժումի անուն մը՝ «Հայրենիքի Փրկութեան Շարժում»: Ընդդիմութիւնը ընտրեց նաեւ իր առաջնորդը՝ յանձին Վազգէն Մանուկեանը: Սոյն շարժման միացան նաեւ անկուսակցական տարբեր խմբաւորումներ՝ մտաւորականներ եւ արուեստագէտներ, որ ապակուսակցական մթնոլորտ մը ստեղծեց շարժումին մէջ, որ նաեւ ռազմագերիներու եւ անյայտ կորածներու օրակարգով համամարդկային բնոյթ ալ տուաւ իր գործունէութեանը: Արդար եւ ազնիւ օրակարգ արդարեւ:

Սակայն եկուր տես, որ 17-1 = 16 կուսակցութիւններու նախաձեռնութեան սկիզբի գործելաձեւէն ու ոճէն շատ բան չփոխուեցաւ, այն առումով, որ դաշնակցական խումբը չկրցաւ կամ չուզեց նախաձեռնութիւնը ամբողջութեամբ յանձնել նորաստեղծ շարժումին եւ յայտարարութիւններն ու հաւաքի կոչերը վստահիլ՝ շարժումին համար իրենց իսկ կողմէ ընտրուած առաջնորդին: Իշխան Սաղաթէլեանն ու մեր պաշտօնակից՝ սիրելի Գեղամ Մանուկեանը շարունակեցին առաջնորդի իրենց դերերով, որ քաջ , կրքոտ ու ազգային ըլլալով հանդերձ չունին համընդհանուր ներկայացուցչական հանգամանք: Աւելին՝ այն տպաւորութիւնը կը ձգեն, որ դաշնակցութիւնը համահայկական պոռթկումը ի վերջոյ պիտի իւրացնէ ու ըստ պատեհութեան ներկայացնէ, որպէս իր յաջողութիւնը: Այս բանին վրայ կու գայ աւելնալու նաեւ ֆէյսպուքադաշնակցական դասակարգին գրառումները, որոնք առիթ չեն փախցներ, որպէս իրենցը ներկայացնելու ժողովրդային շարժումը: Արդար ըլլալու համար, պէտք է նշել, որ գետնի վրայ առկայ կուսակցութիւններէն ամենագաղափարականը ՀՅԴ-ն է իր նուիրեալ ու պայքարող երիտասարդներով, մինչ միւսները ընդհանրապէս՝ աւելի հիմնուած են անձերու վրայ, որոնց գոյութենէն կախեալ է տուեալ կուսակցութեան աշխուժութիւնը: Այս փաստը սակայն պէտք չէ կուրացնէ դաշնակ ղեկավարութիւնը շարժումին բուն նպատակը շեղելով իր հունէն, որ ի վերջոյ անոր ձախողութեանը կրնայ հանգիլ: Չէ՞, որ հրաժարիլ չուզող կողմը կոյր եւ խուլ չէ:  Բաւականին նենգ ալ է այս իրականութիւնը լաւագոյնս օգտագործելու՝ նսեմացնելու համար համաժողովրդային արդար շարժումը:

Միւս կողմէն, Հայ քաղաքական  աւանդական մտածողութեան եւ գործելաձեւին մէջ կայ վատառողջ սեւերուն գաղափարմը (obsession), որ պէտք է շրջանցել: Պարզաբանեմ, Հայ աւանդական կուսակցութիւնները երկար ժամանակ գործած եւ իրենց գոյութիւնը իմաստաւորած են, միւսին հետ հակադրութեամբ: Հասնելով մինչեւ հոն, որ մէկուն գոյութիւնը նախասահմանուած է միւսին գոյութիւն ունենալուն հետ…: Նոյնն է այսօր: Կան կուսակցութիւններ կամ կողմեր, որոնք մանաւանդ պաղ պատերազմի օրերուն սփիւռքի մէջ յառաջացուցած են, յաճախ արդարացի՝ հակադաշնակցական ճակատ մը, որ տուեալ կողմերուն քաղաքահոգեբանութեան մէջ առկայ է տակաւին: Այս է պատճառը, որ այդ կողմերուն՝ դաշնակցութեան դէմ ունեցած պատմական թէ ներկայ անվստահութիւնը կրնայ ըլլալ պատճառ է, որ անոնք ամբողջութեամբ չանցնին ընդդիմութեան կողմը, հակառակ, որ կրնան ներքնապէս անոր սկզբունքներուն համամիտ ըլլալ: Այս բանը պարզ է՝ ոմանց յստակ իսկ ուրիշներուն ոչ բացայայտօրէն յայտարարուած տրամաբանութեան մէջ, թէ ներկայ կառավարութիւնն ու անոր ղեկավարը կարելիութիւնը չունի եւ պէտք չէ իր պաշտօնավարութիւնը յամառութեամբ շարունակէ մինչեւ իր օրինական ժամանակին աւարտը: Այստեղ դաշնակցութիւնը ուշադիր պէտք է ըլլայ եւ գործնապէս մասնակից այս բարդոյթին չէզոքացման՝ ի սէր ընդհանուր շահին:

Ինչ կը վերաբերի միտումնաւոր կերպով «սեւերու եւ սպիտակներու» բաժնուած հայրենի հասարակութեան «սպիտակներ» հատուածին, ժամանակն է, որ անոնք հասկնան, թէ ներկայ իշխանութեան մեկնումը անպայմանօրէն «նախկինները» չի վերադարձներ իշխանութեան: Չէ՞, որ ի վերջոյ պիտի կայանան ընտրութիւններ, որուն միջոցաւ ժողովուրդը պիտի ընտրէ իր ուզածը… ուրեմն ինչո՞ւ գերին մնալ «նախկիններու» ֆոպիային եւ շարունակել այս անառողջ ընթացքը, որ միտումնաւոր, թէ ինքնաբերաբար կրնայ հանգեցնել անբաղձալի իրավիճակի՝ հասնելով մինչեւ միջ-քաղաքացիական բախումներու:

Կը մնայ կոչ  ուղղել Հայ ժողովուրդին ընդհանրապէս՝ ի Հայաստան եւ ի սփիւռս աշխարհի՝ համախմբուելու ազգային արժէքներու եւ հաստատութիւններու եւ հողին  շուրջ՝ հեռու անհատի կամ հատուածի պաշտամունքէ, քանի որ, մինչ մենք զբաղած ենք իրարմով, թշնամին անդադար կը թաւէ ճակատագրական հարուածով մը վերջ տալու մեր ժողովուրդի պատմութեան:

Գերագոյն զգաստութեան պահն է, որ կը պահանջէ գերագոյն եւ անձնուէր միջոցառումներ յանուն մեր ազգին ու հայրենիքին:

ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ

Secure Your Child’s Place at
DREAM BRIDGEMAN ACADEMY

Dream Bridgeman Academy is an international school in Yerevan deploying the Oxford International Curriculum under the supervision and evaluation of Oxford University Press.
It caters for children between the ages of 1.5 yrs to 6 yrs.
Book your tour and secure your place now.
Phone: +374 93 703005
www.bridgeman.am

spot_img
- Գովազդ -spot_img
- Գովազդ -spot_img
- Գովազդ -spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին

ԼՐԱՀՈՍ

Pyro Drone is the leading source of professional FPV drone racing parts, gear, and accessories. We strive our best to deliver the latest and most reliable FPV gear available on the market. Bringing the highest quality at an affordable price, our flagship Hyperlite line is amongst the most competitive FPV drone racing parts in the industry. For FPV racing frames, motors, batteries, straps, and more - Pyro Drone is truly your one stop shop for all things in drone racing!

spot_img
spot_img