Պէյրութի Վահան Թէքէեան Միջն.Վարժարանը սրտի անհուն կսկիծով կը գուժէ մահը իր կարկառուն ու երկարամեայ ուսուցչուհիներէն՝ Տիկ. Սիրուն Շալվարճեանի անակնկալ մահը, որ պատահեցաւ Շաբաթ 12 Դեկտեմբեր, 2020-ի առաւօտեան:
Տիկ. Սիրուն իր համեստ, ժպտադէմ, անսահման նուիրուածութեամբ եւ անսակարկ խիղճով կը կատարէր ուսուցչական իր պարտաւորութիւնները: Անոր ձեռքին տակ հասակ առած նախկին եւ ներկայ աշակերտները ամենայն սիրով ու յարգանքով պիտի յիշեն զինք:
Վարժարանիս Հոգաբարձութիւնը, Տնօրէնութիւնը, ուսուցչակազմը, ծնողաց յանձնախումբը եւ աշակերտութիւնը իրենց խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայտնեն ողբացեալի ամուսնոյն, դուստրերուն եւ ընտանեկան բոլոր պարագաներուն:
Յիշատակն արդարոց օրհնութեամբ եղիցի։
Պէյրութի Վահան Թէքէեան Մջն. Վարժարանի
Տնօրէնութիւն եւ Հոգաբարձութեան Կազմ