Գրիգոր Դաւիթեան ( 12 Դեկտեմբեր 1886, Սեբաստիա — 1924 (Ապրիլ)), բժիշկ:
Դաւիթեան զաւակն էր դատական պաշտօնեայ Ստեփան Դաւիթեանի, մօր կողմանէ ժառանգած էր Ակնա ամիրայական ընտանիքներէն՝ Միսաքեաններու արիւնը: Նախնական կրթութիւնը Սեբաստիա ընելէ վերջ, ուսումը կը շարունակէ Պոլիս, Ռոպէրթ գոլէճի մէջ, ուր կը ծանօթանայ իրեն տարեկից Միհրան Գարակէօզեանի հետ, ծանօթութիւն մը՝ որ ապագային պիտի սերտանար աւելի սեղմ կապերով:
Երեք տարի գոլէճ մնալէ վերջ (1885-1888) առանց աւարտելու կ’անցնի Փարիզ ու կը հետեւի բժշկական համալսարանի դասընթացքին, զոր կ’աւարտէ 1894-ին:
Իր արձակուրդներու ընթացքին քանիցս ճամբորդութիւններ կ’ընէ Անգլիա, Սկովտիա: Իր երիտասարդ տարիներու կրած ազդեցութիւններով կը բացատրուի այն պարագան որ ինք միշտ հիացող մը եղած է անկլօսաքսոն կրթութեան վրայ:
1895-ին կը վերադառնայ Պոլիս: Բերայի հայ շրջանակի մէջ առաջին մէկ օրէն ուշադրութիւն կը գրաւէ իր հանրանուէր պատրաստակամութիւնը. յաջողաբար կ’անդամակցի Բերայի Աղքատախնամին իբրեւեւ բժիշկ-ատենապետ, Բերայի Ազգային վարժարաններու հոգաբարձութեան եւ թաղական խորհուրդին:
1908-ին Օսմանական Սահմանադրութիւնը խանդավառած էր թրքահայ կեանքը, հանրային գործերը նոր թափ առած էին:
Տքթ. Դաւիթեան, որ խղճամիտ եւ խելացի գործունէութեամբ ու իր անշահախնդիր ուղիղ նկարագրով համակրանքի մթնոլորտ մը ստեղծած էր իր շուրջը, 1 Մարտ 1908-ին կը հրաւիրուի Ազգային Հիւանդանոցի բժշկապետութեան պաշտօնին ու միանգամայն Ազգ. Կեդրոնական վարժարանին խնամակալ ժողովի անդամակցութեան:
Անիկա Ազգային Հիւանդանոցի բժշկապետութիւնը կը վարէ 13 տարի, մինչեւ 1921: Այդ երկրորդ շրջանին, թէեւ ծանրաբեռնուած յաճախ շատ աւելի պատասխանատու պարտականութիւններով, ան իր պաշտօնը կը վարէ բժշկական կոչումի լայն ու մարդկային հասկացողութեամբ մը: Այս երկար շրջանին ան Ազգին տունը կը ջանայ օժտել կարելիին չափով, բժշկական տիպար սպասարկութեամբ. հիւանդանոցը փորձարկութեան դաշտ մը կ’ըլլայ հայ բժշկական ուսանողներու, որոնք կը հետեւէին տեւական ապէս Տոքթ. Դաւթեանի դարմանումներուն: Այդ ուսանողներէն մէկ քանին իրմէ վերջ. մինչեւ այսօր նոյնքան ձեռնհասութեամբ կը վարեն Ազգ. հիւանդանոցի բժշկական հոգատարութիւնը:
1911-1912 թուականներուն, Պոլսոյ Հայ բժշկական Միութեան կազմութիւնն ալ կը պատկանի որքան Տոքթ. Թորգոմեանի եւ Տոքթ. Մատթէոսի նոյնքան ալ Տոքթ. Դաւթեանի նախաձեռնութեան:
Ազգ. Կեդրոնական վարժարանի խնամակալութեան մէջ ան վարած է, 1908-էն մինչեւ 1914, ատենապետի պաշտօնը. Վեցամեայ այդ շրջանին վարժարանը խմորումներու ենթարկուած էր, խնամակալութեան մէջ կային հակոտնեայ տարեր. Տոքթ. Դաւթեան յաջողեցաւ սակայն անկողմնակալ հաւասարակշռութիւն մը ստեղծել անոնց միջեւ ու վարժարանը բարձրացնել նոր պահանջներու համապատասխան մակարդակի:
1913-ին Պոլսոյ մէջ պահանջը զգացուեցաւ գործօն եւ բանիմաց նոր Քաղաքական Ժողովի մը: Տոքթ. Դաւթեան նկատուեցաւ յարմարագոյն անձերէն մէկը: Ինքը ստանձնեց վարչութեան ամենապետութիւնը:
1915-ի աքսորէն հրաշքով զերծ մնաց:
1918 Հոկտեմբերեան զինադադարին Տոքթ. Դաւթեան համախորհուրդ Օմանեան արքեպիսկոպոսի –որ ատենապետն էր լուծեալ կրօնական ժողովին, եւ Հայկ Սանասարեանի, որ ատենապետն էր լուծեալ Ազգ. Ժողովին – Տոքթ. Դաւթեան թելադրեց պարտ. փոխանորդ Գաբրիէլ ե. Ճերմակավահանի որ թաքրիրով պահանջէ կառավարութենէն Ազգ. Սահմանադրութեան վերահաստատումը:
19 Փետրուար 1919-ին երբ աքսորական պատրիարք Զաւէն Սրբազան Պոլիս կը հասնի չկրցաւ յարմարագոյն թեկնածու մը գտնել Քաղաքական Ժողովին՝ քան Տոքթ. Դաւթեանը…:
Նոր վարչութիւնն էր որ կազմակերպեց խնամատարութիւնը, որ աստիճանաբար պիտի վերածուէր ինքնուրոյն եւ չափազանց կարեւոր օրկանի մը: Որոշ թիւրիմացութիւններ ստիպեցին սակայն այդ Քաղաքական Ժողովը, որ 1919-ի յունիսին իր հրաժարականը ներկայացնէր:
Նորընտիր վարչութեան մէջ սակայն նմանապէս Տքթ. Դաւիթեանը եղաւ գլխաւոր դերակատարը, ըլլալով Բ. ատենապետ եւ արտաքին յարաբերութիւններու պատասխանատու…:
Տքթ. Դաւիթեանի նախաձեռնութեան կը պատկանի այդ օրերու «Տեղեկատու Դիւան»ի կազմակերպութիւնը, որ վարչութեան լուծումէն վերջն անգամ երկար ժամանակ իր հսկողութեան տակ պահեց այդ Դիւանը: Իր հանրային գործունէութեան վերջին փուլը եղած է իր մասնակցութիւնը Ազգ. Խնամատարութեան:
Տքթ. Դաւիթեան իր կեանքի վերջին տարիներուն, յոգնած՝ Ազգային մթնոլորտը թունաւորող թիւրիմացութիւններէն, սփոսանք փնտռեց այլապէս իր սրտին մօտիկ գործի մը մէջ։ Պոլսոյ մէջ Տիարք Արամ եւ Սարգիս Գարակէօզեաններու հիմնած որբանոցի (Հաուըրտ Գարակէօզեան ՀՕՄի) տնօրէնութիւնը կը ստանձնէ, որ 5 Նոյեմբեր 1921-ին կը բացուի Գուզկունչուգ, ուր կը փոխադրուի Տքթ. Դաւիթեան ընտանեօք:
1922-ի աշնան Քէմալական արշաւանքին Պոլսոյ վրայ՝ Տիար Միհրան Գարակէօզեանի հաւանութեամբ, Տքթ. Դաւիթեան ՀՕՄը յարմարագոյն տեղ մը փոխադրելու համար Ռումանիա կ’անցնի յարմարագոյն շէնք մը գտնելու նպատակով իր որոնումները ապարդիւն կ’անցնին սակայն:
1923-ին երիկամունքի անողոք հիւանդութիւն մը կը ստիպէ Տոքթ-ը անցնիլ Վիեննա, ապա Փարիզ եւ վերջապէս 1924-ի գարնան Գլամառ կ’անցնի, ուր այդ տարին Ապրիլի վերջերը կը փակէ իր աչքերը եւ 30-ին իր մարմինը կ’ամփոփուի Փէռ Լաշէզ:
Իր մահէն քիչ ետք, 1924 Յուլիսին Տիար Միհրան Գարակէօզեան կը գնէ Ֆրանսա, Կոտինիէռի շաթօն ուր կը վերաբացուի 1924 Հոկտեմբերին Գարակէօզեան ՀՕՄը: