ՇՆՈՐՀՔ ՎՐԴ. ԱՇԸԳԵԱՆ
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւն
«Յաղթող եւ սուրբ հայրապետ, մեծ Մովսէսի նման,
ընդդիմամարտ հանդիսութեամբ պարծանքի խաչը
կրող, երկինքի մէջ, Հօր մօտ քեզ բարեխօս ունինք»։
(Շարակնոց)
Սուրբերու կեանքը ճշմարիտ Աստուածճանաչողութեան եւ անով իմաստաւորուած կեանք ապրելու հրաւէր է համայն մարդկութեան։ Անոնք իրենց ամուր հաւատքով օրինակ դարձած են սիրոյ, նուիրութեան ու զոհողութեան։ Այդպիսին էր Ընդհանրական եկեղեցւոյ սիրուած սուրբերէն՝ Սուրբ Յակոբ Մծբնայ հայրապետ։ Ան չորրորդ դարու ժողովրդականացած սուրբերէն մէկն է իր սրբակենցաղ կեանքով ու հրաշագործ ընթացքով։
Սուրբ Յակոբ Մծբնացի հայրապետ ծնած, գործած ու վախճանած է Մծբին քաղաքին մէջ, որ այսօր ծանօթ է Նուսէյպին անունով, Թուրքիոյ հարաւ արեւելեան սահմանին վրայ։ Անոր ծննդեան թուականը կը մնայ անյայտ. որոշ է սակայն, որ վախճանած է 338 թուականին`խաղաղ մահով։ Անոր ազգութեան գծով ենթադրութիւններ եղած են, թէ ունեցած է ասորական ծագում։ Վարքագրական աղբիւրներու համաձայն, Սուրբ Յակոբ մեր առաջին հայրապետին՝ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչի հօրաքրոջ որդին է։ Խոսրովադաւ Անակ Պարթեւի ազգատոհմի բնաջնջումէն ետք, մանուկ Գրիգորի հետ Յակոբն ալ կը տարուի Կեսարիա եւ կը ստանայ քրիստոնէական դաստիարակութիւն։ Կարճ ժամանակ ետք, Յակոբ իր քրոջը հետ կը տեղափոխուի Պարսկաստան՝ պարսկական արքունիք։ Սակայն հնազանդելով Տիրոջ խօսքին, Յակոբ կը հրաժարի արքունական ճոխ կեանքէն եւ կը նուիրուի ճգնողական ու աղօթական կեանքին։
Երբ իր ժամանակի Մծբինի եպիսկոպոսը վախճանեցաւ, ժողովուրդի երկու հակահոսանքներու կողմէ ներկայացուեցան երկու թեկնածուներ։ Սակայն, Սուրբ Յակոբին ժողովրդականութիւնը այնքան կը տարածուի շնորհիւ իր հրաշագործութիւններուն ու հռետորութեան, Սուրբ Մարուգէ ճգնաւորին թելադրանքով Սուրբ Յակոբը անապատէն բերել կու տան եւ զինք եպիսկոպոս կը ձեռնադրեն 320 թուականին՝ Ամիդայի մէջ։ Այսպիսով, ան Մծբինի աթոռին եպիսկոպոս կը նշանակուի եւ անկէ կու գայ Մծբնացի կամ Մծբնայ հայրապետ կոչումը։
Սուրբ Յակոբ օժտուած ըլլալով վարչական կարողութիւններով, ժողովուրդին մեծ ծառայութիւններ կը մատուցէ նաեւ քաղաքական գետնի վրայ։ Կը պատմուի թէ պարսիկ Շապուհ Բ. արքան աշխարհածաւալ իր արշաւանքներով երբ կը հասնի Մծբին, 70 օր կը պաշարէ քաղաքը, սակայն չի յաջողիր գրաւել զայն շնորհիւ Սուրբ Յակոբի կողմէ քաղաքի ներսէն ձեռք առած իմաստուն միջոցառումներուն։ Հաւանաբար պատմական այս իրողութիւնը նիւթ ունենալով, յետագային Սուրբ Գրիգոր Նարեկացի գեղեցիկ շարական մը կը ձօնէ Սուրբ Յակոբին՝ «Յաղթող եւ Սուրբ Հայրապետ» սկզբնատաղով։
Սուրբ Յակոբ կրօնագէտ ու դիւանագէտ ըլլալով, ներկայ եղաւ 325 թուականին գումարուող Նիկիոյ տիեզերական ժողովին, ուր ըստ աւանդութեան մեծ յարգանք վայելեց Կոստանդիանոս կայսրին ու ժողովականներուն կողմէ։ Արդարեւ, Սուրբ Յակոբ Քրիստոնէական եկեղեցւոյ ուղղափառութեան ախոյեաններէն մէկը դարձաւ՝ ընդդէմ Արիոսի ու Արիոսականութեան, որոնք դատապարտուեցան Նիկիոյ ժողովին կողմէ։
Սուրբ Յակոբ հայրապետ ցոյց տալու համար Աստուածաշնչական պատմութիւններու ճշգրտութիւնը, փորձած է բարձրանալ Արարատի գագաթը եւ բացայայտել Նոյեան Տապանը։ Սակայն, սարսափելի վերելքին ամբողջական նուաճումը անկարելի ըլլալով, բաւարարուած է Տապանէն կտոր մը ապահովելով վերադառնալ։ Ըստ աւանդութեան, յիշեալ առիթով Աստուածառաք հրեշտակ մը գնահատելով ցուցաբերուած զօրաւոր հաւատքը եւ յամառութիւնը սրբազան նպատակին մէջ, հայրապետին կը յանձնէ վերեւ յիշեալ մասունքը, որ մինչեւ այսօր իբրեւ սրբութիւն կը պահուի Սուրբ Էջմիածնի գանձատան մէջ։
Սուրբ Յակոբի հետ անխզելի կերպով լծորդուած են Մարուգէ ճգնաւորին ու Մելիտոս եպիսկոպոսին անունները։ Մարուգէ՝ Սուրբ Յակոբին առաջնորդն ու ուսուցիչը եղած է միանձնական կեանքին մէջ, իսկ Մելիտոս՝ Պարսից եպիսկոոսը, մտերիմ բարեկամը եղած է Սուրբին։
*********
Նիւթականացած այս դարուն, յաճախ դժուար կը թուի հաշտեցնել մարդը սրբութեան գաղափարին հետ։ Անհնար կը նկատուի նիւթական ակնկալութիւններ հետապնդող մարդը ներդաշնակել ամբողջական նուիրումի եւ ծառայութեան հետ։ Սակայն եւ այնպէս Սուրբ Յակոբ Մծբնացի մեծ հայրապետը, Քրիստոսի սէրը ունենալով իբրեւ աղբիւր, յաջողած է սրբութեան կեանքը ապրիլ իր առօրեայ կեանքին մէջ։ Աղօթքով բիւրեղացուցած էր ան իր հոգին՝ հաղորդ դառնալով ճշմարիտին ու գերագոյն կեանքին՝ Աստուծոյ հետ։ Իր կեանքը վկայութիւն դարձուցած էր Քրիստոսի Աւետարանի Լոյսին։ Ան դարձաւ առաջին այն քարոզիչներէն, որոնք Սուրբ Թադէոս ու Սուրբ Բարթողիմէոս առաքեալներէն ետք եկան Հայաստան աշխարհ եւ քրիստոնէութինը տարածեցին հայ սրտերուն ու հոգիներուն մէջ։
Բարեպաշտ ու աւանդասէր հայ ժողովուրդը դարերով սիրած ու յարգած է Մծբինի հայրապետը։ Անոր անունով հայը կառուցած է եկեղեցիներ ու վանքեր։ Հայ ժողովուրդը զայն իր կեանքին եւ աւանդութեան մէջ խառնելով՝ ուզած է բան մը փոխանցել յետագայ սերունդներուն։
Մարգարէաշունչ քարոզութեամբ խաւար հոգիներ Քրիստոսի Լոյսին հրաւիրեց։ Ժողովուրդը մեղքի կապանքներէն ազատելով ճշմարիտ Աստուծոյ ծառայութեան հրաւիրեց։ Տակաւին, ան կը ներկայանայ որպէս հրաշագործ բժիշկ ամէն տեսակի ախտի ու հիւանդութեան։
Սուրբ Յակոբի տօնին առիթով, եկէ՛ք միասնաբար, աղօթքով, երկիւղածութեամբ, բաց սրտով ու անկեղծ հաւատքով մօտենանք անոր յիշատակին եւ մեր կեանքով ու գործով հետեւինք անոր օրինակին։ Ի վերջոյ, Սուրբին բարեխօսութիւնը խնդրենք՝ անոր յիշատակին նուիրուած շարականի բառերով.- «Կ’աղաչենք քեզի ով գթած բարի հովիւ, աղաչանքով հայցէ Տիրոջմէ մեր Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ անշարժութիւն, քրիստոնեայ լոյս հաւատքին յաւերժ ամրապնդում եւ մեր աշխարհին խաղաղութիւն. Ամէն»։
Յիշատակն արդարոյն օրհնութեամբ եղիցի։