Լիբանանի առաջնակարգ քաղաքական գործիչներ երէկ զօրակցեցան Վարչապետ Հասսան Տիապին, որ մեղադրուած էր Պէյրութի պայթումի վերաբերող թղթածրարով:
Նոյնիսկ հակադիր կողմեր անարդար նկատեցին մեղադրանքը եւ այս առումով նշանակեալ վարչապետ Սաատ Հարիրի այցել Տիապին զօրակցութիւն յայտնելու անոր:
Միւս կողմէ եւ հետեւելով Լիբանանի հարցով միջազգային դատարանի նոր միջոցառումին, որ Վարչապետ Ռաֆիք Հարիրի սպանութեամբ ամբաստանուած անձին՝ Սալիմ Այյաշին հանդէպ միջազգային հետախուզութեան ձեռնարկեց, Սաատ Հարիրի կոչ ըրաւ Լիբանանի դատական իշխանութիւններուն հետապնդել ամբաստանեալը լիբանանեան հողերուն վրայ: