ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան Հայ Իրաւանց Խորհուրդի կազմակերպութեամբ 10 Դեկտեմբեր 2020-ի առաւօտեան կայացաւ «Արցախի Տառապանքը. Մարդկային Արժանապատուութիւնը Բարբարոսութեան Կառափնարանին Տակ» թեմայով սեմինար մը, Ալ-Լիքաա համագումարներու կեդրոնին մէջ, Ռապուէ: Սեմինարը կայացաւ Մարդու Իրաւունքներու Միջազգային Օրուան Առիթով, որուն ներկայ եղան Լիբանանի «Ուժեղ Հանրապետութիւն» երեսփոխանական պլոքի անդամ՝ Իմատ Ուաքիմ, Լիբանանի Ընկերային Հարցերու նախկին նախարար՝ Ռիշար Գույումճեան, Սիրիանիներու Միջազգային Կուսակցութեան նախագահ՝ Իպրահիմ Մրատ, Լիբանանի Հայոց Առաջնորդ` Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեանի ներկայացուցիչը, ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան ատենապետ՝ ընկ. Սեւակ Յակոբեան եւ վարչութեան անդամ ղեկավար ընկերներ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Տեղեկատուական Բաժնի պատասխանատու միաբան վարդապետներ, Զօր. Նարեկ Աբրահամեան, քաղաքական, լրատուական եւ իրաւական գործիչներ եւ մարդու իրաւունքի պաշտպանութեան ջատագով անձեր:
Սեմինարը վարեց՝ ծանօթ լրագրող Ժորժ Ալ-Աքուրի: Օրուայ զեկուցաբերները հանդիսացան՝ Մարդու Իրաւունքներու եւ Մարդկային Իրաւունքի Միութեան նախագահ եւ դասախօս՝ Դոկտ. Ուաէլ Խէյր, Հայկազեան Համալսարանի Հայկական Սփիւռքի Ուսումնասիրութեան Կեդրոնի տնօրէն՝ Դոկտ. Անդրանիկ Տագէսեան,
Արցախի Հանրապետութեան Նախագահի խորհրդական եւ Արցախի Պահպանողական Կուսակցութեան նախագահ՝ Դոկտ. Դաւիթ Բաբայեան, «Արմէնփրես» պետական լրատուական գործակալութեան տնօրէն՝ Դոկտ. Արամ Անանեան, ու ծանօթ գրող եւ լրագրող Փիէռ Աթալլահ:
Ալ-Աքուրի
Բացման խօսքով, Ժորժ Ալ-Աքուրին ըսաւ. «Նուազագոյն համոզմունքը այն է, որ Ռուսիոյ հովանիին տակ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ համաձայնագիրը կ՛երաշխաւորէ Արցախի բնակչութեան ապահովութիւնը: Սակայն գետնի վրայ իրականութիւնը այլ է, երբ մենք ականատեսը կ՛ըլլանք սրբութիւններու եւ մարդկային արժանապատւութեան ոտնահարումի, առեւանգումի եւ խոշտանգումի, հասնելով մինչեւ սպանութեան»:
«Պատերազմի ընթացքին ի գործ դրուած բարբարոսութիւնները երբեմն «կ՛արդարացուին» մարտերու ընթացքին տեղի ունեցած չհիմնաւորուած փաստարկներով ինչպէս նաեւ իբր զայրոյթի վիճակներու արդիւնք կամ անկարգապահ տարրերու արարք», ըսաւ Ալ-Աքուրի, սակայն ան հարցադրեց. «Սակայն ինչպէ՞ս կարելի է բացատրել Ռուսիոյ հովանաւորութեամբ, կողմերու միջեւ պատերազմական գործողութիւնները աւարտելու համաձայնութենէն ետք՝ օր ցերեկով ազերիական կողմին կատարած մարդկային իրաւունքներու խախտումները…»:
«Հայերու եւ թուրք-ազերիներու միջեւ պայքարը առաջնահերթութիւններու պայքար է: Մինչ մէկ կողմը կը կռուի պատմաաշխարհագրական արժէքները, պապենական հողն ու հայրենիքը պաշտպանելու, ինչպէս նաեւ մարդու իրաւունքներու բացարձակ առաջնահերթութեան եւ ժողովուրդներու ազատութեան եւ ինքնութեան եւ ինքնորոշման իրաւունքին ի խնդիր, միւս կողմը կը կռուի պատմական թիւրիմացութեան մը իբրեւ արդիւնք իրեն շնորհուած աշխարհագրական տարածքի մը վերազաւթումին եւ հինէն ժառանգուած ատելութեան առաջնահերթութեամբ, որուն ընթացքին չի վարանիր կիրառելու արիւնոտ բարբարոսութիւն» աւելցուց Ալ-Աքուրի:
Աթալլահ
Աթալլահ իր խօսքին մէջ համոզմունք յայտնեց, որ «հայերը ժողովուրդ մըն են, որուն մարդկային պատմութիւնը չէ ողորմած եւ անոնց հանգիստ շունչ առնելու առիթ չէ տուած»: Ան ներկայացուց իր անձնական փորձը հայկական հարցին հետ կապուած. «Պատիւը ունեցայ, որպէս լրագրող վաւերագրերու Արցախի ազատագրման մարտերը 1992-1994ին» ըսաւ ան: «Արցախեան ներկայ ոճրային պատերազմի պատասխանատուն, ճիշդ է, որ Ազրպէյճանն է թրքական հովանաւորութեամբ եւ իսրայէլեան գործակցութեամբ եւ ճիշդ է, որ աւարտը հարցական է դաւադրական դրուագներով, սակայն պէտք չէ զանց առնել հայ ժողովուրդի պատասխանատուութիւնը անոր անփառունակ ելքին մէջ: Հայ ժողովուրդը երեսուն տարուայ կարեւոր միջոց մը լաւագոյնս չօգտագործեց «Արցախ» կոչուող գեղեցիկ ծրագիրը յաջողութեամբ պսակելու, որ ի վերջոյ ցաւոտ եւ ձախող ելք մը ունեցաւ»:
Փիէռ Աթալլահ տեսակէտ յայտնեց, ըսելով, թէ. «Արցախի եւ ընդհանրապէս Հայ ժողովուրդին դատը մերձաւոր արեւելեան քրիստոնեայ ժողովուրդի դատ է, հակառակ այս պարագան ժխտողներուն կարծիքին: Ան շեշտեց, որ «Հայաստան ձախողեցաւ Արցախը պահել, ինչպէս, որ ան ձախողեցաւ Արցախի պետութեան հետ միասնաբար կազմակերպելու բնակչութիւնը եւ պատերազմող եւ դիմադրողական հաւաքականութիւն կերտելու եւ զայն կատարելագործելու առաքելութեան մէջ՝ պատրաստ ըլլալու համար ամէն տեսակի զաւթողական ծրագիրներու դէմ դնելու, մինչ նոյն պահուն եւ անթաքոյց՝ Ազրպէյճան պատերազմի մշտական պատրաստութեան մէջ էր:
Տագէսեան
Հայկազեան Համալսարանի Հայկական Սփիւռքի ուսումնասիրութեան կեդրոնի տնօրէն, դոկտ. Անդրանիկ Տագէսեան իր կարգին ներկայացուց աշխարհի մէջ Արցախեան իրավիճակին նման երկիրներու եւ ժողովուրդներու պարագան կապուած ժողովուրդներու ինքնորոշման իրաւունքին հետ:
Ան կանգ առաւ «Քոսովոյի, Պոսնիա եւ Հերցեգովինայի, Հիւսիսային Կիպրոսի, Աբխազիոյ, Խրուաթիոյ, Հարաւային Օսիտայի, Սլովենիայի եւ Քաթալոնիայի փորձերուն վրայ»:
Ան ընդգծեց, որ «Արցախի Հանրապետութեան ստեղծման հիմքերը առկայ են, հակառակ այն ամեն, ինչին, որ տեղի ունեցաւ վերջերս, եւ յոյսը միշտ կայ դառնալու անկախ եւ միջազգայնօրէն ճանչցուած լիարժէք պետութիւն: Այնուամենայնիւ, անհրաժեշտ է ռազմավարութիւն մշակել եւ աշխատիլ այդ միջազգային բաղադրիչներու ամրապնդման համար միջազգային հանրութեան եւ միջազգային կազմակերպութիւններու հետ»:
Անանեան
Իր հերթին, Արամ Անանեան «Zoom» — ի միջոցով մասնակցելով սեմինարին՝ մանրամասն ներկայացուց պատերազմի ընթացքին տեղի ունեցած մարդկային իրաւանց խախտումները եւ անոնց հետեւանքները, որոնք, իր խօսքով. «ո՛չ մարդ խնայեցին, ոչ ալ քար, առանց տակաւին հաշուելու բնութեան դէմ ազերիական կողմին գործադրած բարբարոսութիւնները»: Անանեան դրուատիքով խօսեցաւ եւ բարձր գնահատեց՝ Արցախեան պատերազմին ընթացքին, ՌԱԿ-ի կողմէ կազմակերպուած լրագրական այցը դէպի Արցախ, որուն ընթացքին լիբանանցի լրագրողները իրենց կեանքը վտանգի տակ դրին արաբական աշխարհին ներկայացնելու այնտեղ կատարուած պատերազմական ոճիրներն ու մարդկային իրաւունքներու խախտումները:
Խէյր
Դոկտ. Ուաէլ Խէյր Արցախի հիմնահարցը ներկայացուց մարդու իրաւունքներու միջազգային օրէնսդրութեան լոյսին ներքոյ: «Մեր խօսքը կը վերաբերի միջազգային իրաւունքին, որ մարդկութեանը յայտնի օրէնքներու շարքին ամենաթարմ օրէնքն է, որ նաեւ հիմնուած է մարդկային հաւաքականութիւններու ական քրէական օրէնսգիրքին, որուն հիման վրայ մարդիկ պատասխանատուութիւն կը կրեն քաղաքացիական օրէնսդրութիւն խախտելու համար». ըսաւ ան:
Խէյր նշեց, որ. «միջազգային մարդկային իրաւունքներու օրէնքներու տարիքը 300 տարեկանէն նուազ է եւ կը տարբերի այլ օրենքներէն` իր ոչ պարտադիր ըլլալու հանգամանքով»: Խէյր շարունակեց նշելով այս օրէնքներու կտրած զանազան հանգրուաններուն մասին հասնելով Մարդու Իրաւունքներու Համընդհանուր հռչակագրին վրայ, որ. « մենք այսօր կը նշենք անոր հռչակման 72-րդ տարեդարձը»:
«Սոյն 30 յօդուածներէ կազմուած հռչակագիրը չափազանց կարեւոր է այն առումով, ան կը վերաբերի մարդկային ընտանիքի բոլոր անդամներու հաւասար եւ անքակտելի իրաւունքներու ճանաչման: Բան մը, որ աշխարհի երեսին ազատութեան, արդարութեան եւ խաղաղութեան հիմքն է» աւելցուց զեկուցաբերը:
Դոկտ. Խէյր կարեւորութեամբ նշեց, որ մարդկային իրաւունքները պետութեան մը կողմէ շնորհուած բան չէ իր իրաւունքին: Այդ իրաւունքը բացարձակ է եւ ոչ նուէր:
Դոկտ Խէյր նաեւ նշեց, որ «ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովը, հաստատած է ցեղասպանութեան մասին համաձայնագիր մը, Մարդու իրաւունքներու համընդհանուր հռչակագրի հրապարակման նախորդ օրը, այսինքն` 1948 թ. Դեկտեմբերի 9-ին: Այնտեղ յստակ նշուած է, որ ցեղասպանութիւնները չեն թոյլատրուիր ինչպէս պատերազմի, նաեւ խաղաղութեան ժամանակ»:
Խէյրը շեշտեց «մարդկային այս կարեւոր զէնքին օգտագործման կարեւորութիւնը»: Ան ըսաւ, որ «Արցախ պէտք է դուրս գայ այս ողբերգական եւ ճակատագրական փորձութենէն»: «Եթէ մենք մէկ կամ երկու սերունդի կեանքերու ընթացքին արագօրէն չկատարենք վճռական գործողութիւններ, ապա յառաջիկայ տարիներուն մեր ապրած տարածաշրջանին մէջ փոքրամասնութիւններ կը դադրին գոյութիւն ունենալէ». ահազանգեց մարդկային իրաւանց մասնագէտը:
Բաբայեան
Դաւիթ Բաբայեանը Zoom-ի միջոցով սեմինարին իր ներդրումը բերելով ամփոփ կերպով ներկայացուց Արցախի ներկայ իրավիճակը` մարդկութեան եւ քաղաքականութեան տեսանկիւնէն, ինչպէս նաեւ տեղահանուածներուն վերադարձնելու եւ մշակութային ժառանգութեան՛, թէ քաղաքացիական շինութիւններու եւ հաստատութիւններու մնացորդները վերականգնելու ուղղութեամբ տարուող ջանքերը:
Սեմինարի աւարտին ընկ. Սեւակ Յակոբեան շնորհակալութիւն յայտնեց, բոլոր զեկուցաբերներուն եւ ներկաներուն, շեշտելով, որ Արցախի մէջ մեր կորսնցուցածը ճակատամարտ մըն էր, մինչ հայրենիքի վերատիրացման ռազմական եւ ինքնորոշման իրաւունքի մէջ Հայ ժողովուրդի պատերազմը պիտի շարուանկուի մինչեւ հասնինք արդարութեան յաղթանակին: