Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան-Իվ Լէ Տրիան Լիբանանի քաղաքական եւ տնտեսական անկումը նմանցուց Թիթանիք նաւու ընկղմելուն, որ սակայն առանց երաժշտութեան է ըսաւ ան:
«Ֆիկարօ» թերթին Կիրակի օր իր տուած հարցազրոյցին մէջ Լէ Տրիան շեշտեց, որ լիբանանցիք կատարելապէս անտեղեակ են մինչ անոնք կամաց կամաց կ՛ընկղմին:
Այս յոռետեսական արտայայտութիւնը կու գայ նախագահ Մաքրոնի Լիբանան այցելութեան համար ճշդուած թուականէն շաբաթ մը առաջ: Մինչ կը նշուի, որ Մաքրոնի համբերութիւնը հատած է հանդէպ լիբանանցի քաղաքական գործիչներու պահուածքին: