Ուրբաթ, 11 Հոկտեմբերի, 2024
- Գովազդ -spot_img

Տեսակէտ. Հեռանկարային Մտորումներ

- Գովազդ -spot_img
spot_img

ԽՄԲԱԳՐԻ ԸՆՏՐԱՆԻ

ԱՐԵԳ ԵԱՓՈՒՃԵԱՆ

Վերջին մի քանի ամիսներուն ծնունդ առած անկայուն եւ լարուած վիճակը, ըլլայ Հայաստանի կամ Արցախի մէջ անշուշտ կը յուզէ մեզ բոլորս: Այս տողերով ես յաւակնութիւնը չունիմ Աւստրալիոյ հեռաւոր ափերէն այս կամ այն կողմին արարքները արդարացնելու կամ մեղադրելու:

Սակայն ինչպէս կ’ըսեն, հարց մը լաւ ուսումնասիրելու համար պէտք է մէկ քայլ ետ երթալ եւ ըստ այնմ «մեծ պատկեր»ը դիտելով, կացութիւնը արժեւորել: Ուրեմն ես 13,647 քմ. հեռաւորութենէ պիտի փորձեմ մի քանի տողերով իմ համեստ ներդրումը բերել ներկայ կացութեան մասին, որ դժբախտաբար բազմաթիւ հայկական լրատուական կազմակերպութիւններ եւ մեկնաբաններ, հարցը կը քննարկեն ենթակայական եւ ոչ թէ առարկայական տեսանկիւնէ:

Պիտի ընեմ նաեւ մէջբերումներ իմ անցեալ տարիներու մտորումներու շարքերէն, քանի որ այս լարուած կացութիւնը յանկարծ չծագեցաւ, այլ ան կուտակումն էր անցնող 30 տարիներու իրադարձութիւններուն:

27 Սեպտեմբեր 2020 թ.:

Ատրպէյճան անցաւ անողոք յարձակումի Լեռնային Ղարաբաղի ինքնակոչ անկախ հանրապետութեան դէմ: Ան կը վայելէր Թուրքիոյ անսակարկ օգնութիւնը, որ իր կարգին սուրիացի վարձկաններ տեղաւորեց ճակատամարտի դաշտը: Առ ի հետեւանք, անհաւասար մարտեր տեղի ունեցան 44 օրեր անընդհատ, մինչեւ որ Ռուսաստան վերջապէս որոշեց մուտք գործել իր «խաղաղապահ» ուժերով:

Ուրեմն ի՞նչ էր արդիւնքը: Ո՞վ շահեցաւ եւ ո՞վ կորսնցուց:

Ամենէն շահաւորը եղաւ Թուրքիան, որը կռիւները սկսելու նախաձեռնողը հանդիսացաւ: Ասիկա Թուրքիոյ կողմէ մարտահրաւէր մըն էր ուղղուած ոչ թէ Հայաստանի կամ Արցախի, այլ հետաքրքրականօրէն Ռուսաստանի դէմ, Կովկասի տարածքը իր հսկողութեան տակ առնելու : Ան եւ ի միջի այլոց ՆԱԹՕ-ն, հասան Ռուսաստանի սահմանները եւ Վրաստանի վրայով մտնելով Ատրպէյճան, իր ներկայութիւնը հաստատեց Կովկասի մէջ: Թուրքիա նոյնպէս իր անօդաչու թռչող սարքերը կատարելագործելու լաւագոյն առիթը ստեղծեց, մեր հայ արի կտրիճները իբրեւ թիրախ գործածելով:

Թուրքիա, շնորհիւ Էրտողանի խորամանկ հմտութեան, ոչինչ կորսնցուց այս պատերազմին ընթացքին:

Ռուսաստան մեծ նահանջ կատարեց, Թուրքիոյ բանակին եւ սուրիացի վարձկաններուն ակամայ թոյլատրելով որ Ատրպէյճան մուտք գործեն եւ իր սահմաններուն մօտ հաստատուին: Այսպիսով, ՆԱԹՕ-ի ոյժերը Թուրքիոյ միջոցով վերջապէս հասան Ռուսաստանի սահմանները: Փոխարէնը, Ռուսաստան դարձեալ մուտք գործեց Ատրպէյճան իր «խաղաղապահ» ուժերով, որոնք ըստ երեւոյթին միշտ պատրաստ կը սպասէին Փութինի հրահանգներուն, ճիշտ ատենին մտնելու Արցախ ՝ կասեցնելով Ատրպէյճանի ամբողջական յաղթանակը եւ իր ներկայութիւնը արդարացնելու համար պահպանելով Արցախի անորոշ իրավիճակը:

Ատրպէյճան անշուշտ վերատիրացաւ անցեալ 25 տարուայ ընթացքին Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան հսկողութեան տակ հողատարածքներուն 75 առ հարիւրին: Սակայն առ այժմ պէտք է իր սահմաններէն ներս հանդուրժէ Ռուսաստանի բանակին ներկայութիւնը, որ պատճառ դարձաւ որ Թուրքիոյ կողմէ յանձնարարուած իր սկսած գործը կիսատ մնայ:

Արցախ, որ չորս կողմէն կը հարուածուէր օրինաւոր եւ ապօրինի զէնքերով, հազարաւոր զոհեր տալով, իր կարգին ներկայիս կը բաւարարուի Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութենէն մնացած 25 տոկոսով: Ան հինգ տարուան պայմանաժամով պիտի վայելէ  Ռուսաստանի «խաղաղապահ» ուժերուն ներկայութիւնը, որոնք պիտի հսկեն նաեւ Հայաստանի հետ ճանապարհային կապը:

Ուրեմն մնաց Հայաստանը:

Հայաստան, այս վերջին պատերազմին առ ի հետեւանք, ռազմական եւ քաղաքական գետնի վրայ բաւական ծանր վնասներ կրեց: Ասիկա մեծ հարուած մըն էր Թուրքիոյ կողմէ, զոր բաւական ազդեց Հայաստանի իշխանութեան եւ բնակիչներուն հոգեբանութեան վրայ: Յանկարծ ի յայտ եկաւ որ միջազգային հանրային կարծիքը, ինչպէս որ անտարբեր էր հարիւր տարիներ առաջ, երբ Օսմանեան Կայսրութիւնը կը փորձէր ոչնչացնել Արեւմտահայաստանի հայ բնակչութիւնը, նոյն անտարբերութեամբ կը հետեւէր թուրք-ատրպէյճանական արիւնարբու ռմբակոծումներուն Լեռնային Ղարաբաղի տարածքին հայ բնակչութեանը:

Հայաստան որեւէ կերպով շահաւոր չելաւ այս պատերազմէն: Աւելին, ան այժմ պայմանաւորուած է որ Ատրպէյճանի ապահովէ Նախիջեւանի հետ կապը իր հողային տարածքներուն վրայով:

Ինչպէ՞ս եղաւ որ Հայաստան ինքզինք գտաւ այսպիսի յուսահատ եւ անկարող կացութեան մը մէջ:

2008 թ. գրի առած մտորումներուս մէջ ըսած էի հետեւեալը.

«Այս հակամարտութիւնը իրականութեան մէջ Ատրպէյճանի եւ արցախահայութեան միջեւ է՝ իբրեւ վերջինիս ազգային ինքնորոշման հարց: Հայաստան որեւէ իրաւասութիւն չունի եւ ի վիճակի չէ արցախահայութեան անունով նստելու եւ բանակցելու ազերիներուն հետ: Արցախահայութիւնը որոշում տուաւ եւ անկախութիւն հռչակեց Ատրպէյճանէն, սակայն այս անկախութիւնը չճանչցաւ ոչ Ատրպէյճանը եւ… ոչ ալ Հայաստանը: Հայաստան իրաւացիօրէն կ’առարկէ, թէ ասիկա արցախահայութեան ազգային ինքնորոշման հարց է, սակայն թոյլ չի տար որ արցախահայութիւնը ի’նք որոշէ իր ապագան: Ասիկա անշուշտ թէ Ատրպէյճանի եւ թէ Թուրքիոյ գործին կու գայ, որոնք հարցը հմտօրէն դարձուցած են Հայաստանի ուժերուն կողմէ «Ատրպէյճանի գրաւեալ հողատարածքներու ազատագրման հարց»: Այսպիսով ղարաբաղեան հակամարտութիւնը կը մնայ անլոյծ, նոյն ատեն վտանգելով Հայաստանի դիրքը եւ զայն ենթարկելով անտեղի ճնշումներու եւ ինչու չէ ապագային պատժամիջոցներու՝ եթէ պէտք եղած զիջումներ չկիրարկէ:»

Ահա ուրկէ սկսաւ Հայաստանի Գ. Հանրապետութեան վարած արտաքին քաղաքականութեան առաջին սխալը: Հայաստանի իշխանութիւնները, մանաւանդ այն քսան տարիներուն երբ կը վայելէին երկու արցախաբնիկ նախագահներու ղեկավարութիւնը, փոխանակ առաջ քշելու այն մօտեցումը որ Արցախի ժողովուրդի ներկայացուցիչները բանակցութիւններու սեղանի շուրջ նստին եւ իրենց ազգային ինքնորոշման պահանջները ներկայացնեն Ատրպէյճանի իշխանութիւններու, իրենք բազմեցան բանակցութիւններու սեղանին, մինչեւ իսկ սենեակէն դուրս պահելով  Արցախի հանրապետութեան ներկայացուցիչները:

Եւ այսպէս միջազգային հանրային կարծիքը այս հակամարտութիւնը որակեց «Հայաստանի կողմէ Ատրպէյճանի գրաւեալ հողատարածքներու ազատագրման հարց»: Եւ ատենին Ռուսաստանի Արտաքին Գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովը մեկնաբանելով կացութիւնը յայտարարեց, թէ «Հայաստանն, ըստ էութեան, շրջափակուած է ղարաբաղեան հակամարտութեան պատճառով»:

Ի՞նչ էր Հայաստանի Գ. Հանրապետութեան երկրորդ սխալը: Դժբախտաբար ռազմավարական մտածելակերպի պակասը:

Ռազմավարական գետնի վրայ, Ռուսաստան յաճախ կը կառչի հողային տարածքներ ապահովել հասնելու համար ջերմ ջուրերուն: Թուրքիա՝ միջանցքներ ապահովել, կապ հաստատելու Միջին Ասիոյ արենակից թուրք-թաթար երկրներուն հետ, Ատրպէյճան՝ միջանցք ապահովել միանալու Նախիջեւանի եւ հոնկէ ալ Թուրքիոյ: Մինչեւ իսկ Արցախ պէտք ունի Լաչինի միջանցքին, զայն կապելու Հայաստանի:

Իսկ Հայաստա՞նը…

Իմ նոյն տարուան մտորումներս դարձեալ մէջբերելով՝ «Հայաստան առ այժմ որոշ չափով կը վայելէ Ռուսաստանի ռազմական աջակցութիւնը, որուն շնորհիւ ան կարողացաւ գոյատեւել ի դիմաց կարգ մը զիջումներու: Սակայն Հայաստան միայն Ռուսաստանի վրայ վստահելով չի կրնար գոյատեւել, մանաւանդ որ ուղղակի սահմաններ գոյութիւն չունին երկու երկրներուն միջեւ: Անոնք պէտք է անցնին անկայուն Վրաստանի վրայով (որ ի միջի այլոց անցեալ ամիս մասնաւոր արտօնութիւն պէտք էր տար ռուսական խաղաղապահ ուժերուն, որ իր օդային տարածքները օգտագործեն  Երեւան հասնելու): Առաւել, կարելի չէ սպասել որ Ռուսաստանի շահերը յաճախ համընկնին Հայաստանի շահերուն հետ, երբ առաջինը պիտի փորձէ սիրաշահիլ նաեւ Հայաստանի հարեւանները՝ իր ներկայութիւնը պահպանելու Կովկասէն ներս:»

Շարունակելով այդ նախորդ տարիներու մտորումներս՝ «Հայաստանի թիւ 1 առաջնահերթ հարցը Թուրքիոյ հետ բիւրաւոր հարցերուն լուծումն է: Առաջին հերթին կու գայ հայկական գրաւեալ հողերուն վերադարձը, որը ազգային իրաւունքի կամ վնասուց հատուցումի հարց չէ միայն, այլ հայ ժողովուրդի ազգային գոյատեւման նախապայման: Հայաստան կարիքը ունի մեր գրաւեալ պապենական հողերուն (գոնէ մասի մը)՝ հասնելու համար Սեւ Ծովի ջուրերուն, ապա թէ ոչ իր գոյատեւումը պիտի ըլլայ յարատեւ վտանգի տակ:»

Ուրեմն, երբ Հայաստան նստի կլոր սեղանին շուրջ իր բոլոր հարեւաններուն հետ, որոնցմէ ամէն մէկը իր առանձնայատուկ աջ կամ ձախ տանող միջանցքը կ’ուզէ, ի՞նչ պիտի ըլլայ Հայաստանի կեցուածքը:

Անցեալ երեսուն տարիներուն ընթացքին, Հայաստանի Գ. Հանրապետութեան Թուրքիոյ հետ քաղաքականութեան նկատմամբ դիրքորոշումը եղած է, սահմաններու բացում եւ յարաբերութիւններու բնականոնացում՝ առանց որեւէ նախապայմանի: Նոյնպէս, Հայաստանի յաջորդական իշխանութիւնները ամենայն անտարբերութեամբ կը յայտարարէին, թէ Հայաստան համամիտ է Թուրքիոյ Եւրոմիութեան անդամակցութեանը, քանի ան մեծ օգուտներ պիտի բերէր նաեւ Հայաստանիn…

Ըստ էութեան, հիմա տեսանք թէ ի՞նչ եղաւ այդ պարտուողական քաղաքականութեան արդիւնքը: Այս վերջին պատերազմէն ետք, Հայաստանի Գ. Հանրապետութեան իշխանութիւնները ի վերջոյ նախապայմաններ մէջտեղ բերին՝ իբրեւ օրինակ, Թուրքիա Արցախէն պէտք է իր բանակը եւ Սուրիայէն բերուած վարձկան զինուորները դուրս քաշէ: Սակայն ասոնք շատ կարճատես եւ հակազդական նախապայմաններ են:

Վերջերս թեւակոխեցինք Հայաստանի Բ. Հանրապետութեան հիմնադրման 100-ամեակը, որը հասկնալիօրէն անցաւ առանց որ որեւէ յիշատակումի արժանանայ: Սակայն ինչո՞ւ յիշատակումի պէտք էր արժանանար: Ոչ թէ որովհետեւ խորհրդային կարգեր հաստատուեցան Հայաստանէն ներս, այլ որովհետեւ, ինչպէս որ յիշած էի Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ Տարելիցին առթիւ մտորումներուս մէջ, «այսօր իրողութիւն մըն է որ անցեալ 95 (եւ այժմ 100) տարիներուն արդի Հայաստանի սահմանները մնացած են անառիկ: Թուրքիա կամ իր ազգակից Ատրպէյճանը, որքան որ ալ կը փափաքին ներխուժել Հայաստան եւ իրենց նախնիներուն կիսատ թողուած գործը իր աւարտին հասցնել, կը մնան անկարող: Սակայն շնորհիւ հայկական իշխանութիւններու ճիշտ կողմնորոշման, վերածնած Հայաստանը տակաւին տեղ կը գրաւէ աշխարհի քարտէզին վրայ, ուր տեղւոյն հայութեան հնարաւորութիւն կուտայ որ ստեղծագործէ եւ բարգաւաճի:»

Արցախի մէջ տարած յաղթանակին առթիւ, վերջերս Ատրպէյճան Պաքուի մէջ բաւական շքեղ ռազմական շքերթ մը կազմակերպեց, որուն հրաւիրուած էր նաեւ Էրտողան, առ ի գնահատանք իր ցուցաբերած գործնական աջակցութեան: Այդ հանդիսութեան ընթացքին, Ալիեւ Երեւանը, Սեւանը եւ Զանգեզուրը «ատրպէյճանական տարածքներ» յայտարարեց, իսկ Էրտողանն իր կարգին ամենայն յանդգնութեամբ յայտարարեց, թէ այդ օրը «Էնվեր փաշայի, Նուրի փաշայի եւ Կովկասի իսլամական բանակի զինուորներու հոգիներուն լուսաւորման օրն է»:

Մինչեւ իսկ վերջերս, Էրտողան խորհուրդ տուաւ Մաքրոնին որ ֆրանսացիները եթէ այդքան շատ կը սիրեն հայերը, թող Մարսէյլը յանձնեն հայերուն: Եւ աւելին, հազիւ ամիս մը չանցած Արցախի վերաբերեալ փաստաթղթին ստորագրութեան, Ատրպէյճան յարձակողական գործողութիւններ վերսկսաւ Արցախի Հանրապետութեան Հատրութի երկու գիւղերու ուղղութեամբ, ուր ռուսական խաղաղապահ ուժերու դիրքեր չկան:

Յոյսով ենք որ Հայաստանի Գ. Հանրապետութեան անցեալի, ներկայի եւ ապագայի իշխանութիւնները վերջապէս կ’անդրադառնան իրենց յաւերժական դրացի երկիրներուն իսկական բանթուրանական նպատակները եւ ըստ այնմ կը մշակեն համապատասխան ռազմավարական քաղաքականութիւն:

Դժբախտաբար սակայն, այսօր Հայաստանի մէջ տիրող տագնապալի վիճակը ճիշտ հակառակ ուղղութեամբ կ’առաջնորդէ մեր մօտ հարիւրամեակ մը շարունակ գոյատեւող հայրենիքը:

17 ընդդիմադիր կուսակցութիւններ փողոց իջած են երկրի վարչապետին դէմ, պահանջելով իր հրաժարականը: 17 ընդդիմադիր կուսակցութիւններ ի՞նչ գործունէութիւն կրնան ունենալ Հայաստանի նման փոքր երկրի մը մէջ: Անշուշտ մեր բոլորին երազն է որ Հայաստան ունենայ ռամկավարական սկզբունքներու վրայ հիմնուած հայրենիք մը, քան թէ Ատրպէյճանի նման մենատիրական վարչակարգ, որուն նախագահը իր աթոռը ժառանգած է իր հօրմէն 2003 թ.էն սկսեալ: Սակայն ամէն բան իր չափն ու սահմանը ունի: Եւ հարկ է նշել որ այս 17 ընդդիմադիր կուսակցութիւններէն միայն մէկը ներկայացուցիչներ ունի խորհրդարանէն ներս: Իսկ մնացեալներէն երկուքը այս վերջինին հետ «կոալիցիոն» կազմած էին քսան երկար տարիներ, նախարարական աթոռները հաշիւով բաժնելով իրենց միջեւ:

Նման պահանջներ առաջ կը բերեն նաեւ Հայաստանի նշանակուած Դ. նախագահը, որուն պաշտօնը այլեւս որեւէ լիազօրութիւններ չունի ըստ երկրին ներկայ սահմանադրութեան, երբ փոփոխութեան ենթարկուեցաւ նախորդ նախագահին օրօք ինչ ինչ պատճառներով: Այսքանը կարելի է ըմբռնել քաղաքական գետնի վրայ, սակայն յանկարծ կ’իմանանք թէ Ամենայն Հայոց կաթողիկոս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ Գարեգին Բ-ն եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա-ն նոյնպէս պահանջէր են ներկայ վարչապետի հրաժարականը…

Եւ թերեւս ալ երկու տարի առաջ լայն ժողովրդականութիւն վայելող վարչապետը, ի վերջոյ հրաժարի այս բոլոր ճնշումներուն տեղի տալով: Յետոյ ի՞նչ:

Ամէն քայլափոխի կը կարդանք թէ Հայաստան կորսնցուց Արցախի եւ շրջակայ այն հողերը որոնց տիրացած էինք Արցախի Ա. Պատերազմին ընթացքին, երբ Թուրքիա այդ տարիներուն որեւէ ախորժակ չ’ուներ Կովկասէն ներս ակտիւօրէն մուտք գործելու:

Սակայն այսօր, մենք հայերս, պէտք է նկատի առնենք երկու իրողութիւն: Առաջին իրողութիւնը այն է թէ Հայաստանի Գ. Հանրապետութիւնը, նոյնիսկ արցախաբնիկ երկու նախագահներու օրերուն, չյանդգնեցաւ կամ կարելիութիւնը չունեցաւ պաշտօնապէս իւրացնելու այդ հողերը, եւ երկրորդ այլեւս Կովկասի մէջ ոյժերու հաւասարակշռութիւնը արդէն խախտած է շնորհիւ Էրտողանի անզուսպ ախորժակներուն:

Հայաստանի մէջ բոլոր դպրոցականները իրենց մանուկ հասակէն ճատրակ խաղալ կը սորվին: Եւ զարմանալի չէ որ Հայաստան միշտ արտադրած է համաշխարհային կարգի ճատրակի վարպետներ: Ճատրակին խաղի ընթացքին յաղթական կը հանդիսանայ այն որ շախմատ կ’իրակացնէ իր հակառակորդին թագաւորին հանդէպ: Այս յաղթանակը ընդհանրապէս կը կարօտի մարտավարական հնարքներ ստեղծելու վարպետութիւնը, ուր ատեններ հարկ կ’ըլլայ նոյնիսկ  թագուհին կամ բերդը զոհել:

Այս մարտավարական մտայնութիւնը դժբախտաբար Հայաստանի Գ. Հանրապետութեան յաջորդական իշխանութիւնները չեն կիրարկած քաղաքական կամ դիւանագիտական գետնի վրայ, հակառակ որ նոյնիսկ Հայաստանի Գ. նախագահը Հայաստանի Շախմատի Միութեան նախագահն էր: Կարծէք նման մարտավարական մօտեցում, ուր ճատրակի խաղին ընթացքին զինուոր մը զոհելու գաղափարն իսկ կրնայ դիտուիլ որպէս դաւաճանութիւն հայկական քաղաքական գետնի վրայ:

Այս վերջին 44 օրեայ  պատերազմին ընթացքին, միայն Ռուսաստանը եւ Ֆրանսան այս կամ այն ձեւով թիկունք կանգնեցան Հայաստանի եւ Արցախի: Երկուքն ալ ԵԱՀԿ Մինսկի խմբին անդամներ: Երրորդ անդամը՝ ԱՄՆը իր նախագահական ընտրութիւններով զբաղած, գլուխ քերելու անգամ ժամանակ չուներ:

Ուզենք կամ չուզենք, պէտք է ընդունինք որ միայն Ռուսաստանն է որ իր բանակը ղրկեց դէպի Արցախ իբրեւ խաղաղապահ ուժեր վերջ դնելու թուրք-ատրպէյճանական յառաջխաղացքին՝ գոնէ հինգ տարուայ համար: Ռուսաստանն է որ իր Krasukha-4 էլէկտրոնային համակարգերը գործածեց, Հայաստանի սահմաններուն մօտեցող թրքական անօդաչու թռչող սարքերուն չէզոքացնելու: Ռուսաստանն է որ Լեռնային Ղարաբաղի տարածքի ականազերծման աշխատանքները կատարեց: Ռուսաստանն է որ կը ծրագրէ Ստեփանակերտի օդակայանի վերաբացումը: Ռուսաստանն է որ կը ծրագրէ նաեւ երկաթուղային կապ մը Հայաստանի եւ Արցախի միջեւ:

Միւս կողմէ Ֆրանսան է որ առաջինը եղաւ, սուրիացի վարձկաններուն Արցախ տեղափոխման թրքական ստորին ծրագիրները յայտնաբերելու: Ֆրանսան է որ Արցախի անկախութեան իրականացման ուղղութեամբ հաստատ քայլեր առաւ: Ֆրանսան է որ Հայաստանի ու Արցախի իրերայաջորդ մարդասիրական օգնութիւններ ուղարկեց մասնաւոր վարձակալուած օդանաւերով:

Սակայն, առ ի հետեւանք Ֆրանսայի այս կեցուածքին, Էրտողան ամենայն յանդգնութեամբ եկաւ յայտարարելու թէ Ֆրանսա այլեւս իր չէզոք դիրքը կորսնցուցած է եւ հետեւաբար ԵԱՀԿ Մինսկի խմբին անդամ ըլլալէ պէտք է դադրի: Անոր փոխարէն, Թուրքիա պէտք է մասնակցի խաղաղապահ ուժերուն ռուսերու կողքին: Եւ ինչու չէ, Թուրքիա պէտք է նստի նաեւ բանակցութիւններու սեղանին, իբրեւ ԵԱՀԿ Մինսկի խմբին լիազօր անդամ, հակառակ որ ձեռքով ոտքով կը մասնակցէր Արցախի դէմ վերջին պատերազմին, ուր մինչեւ իսկ իր «պաշտպանութեան» նախարարը անձամբ կը գտնուէր Պաքու, մօտէն հետեւելու եւ հրահանգներ տալու, Արցախահայութիւնը միանգամընդմիշտ վերացնելու իրենց պապենական հողերէն:

Մինչեւ Սեպտեմբեր ամսի 27-ը Արցախ իբրեւ անկախ հանրապետութիւն կը գործէր: Հոն միայն Հայաստանի տարածքէն կարելի էր մուտք գործել: Բացի Հայաստանէն, աշխարհի որեւէ երկրի քաղաքացի հարկ էր որ անցագրի թղթիկ մը ունենար որ կարենար սահմանէն անցնիլ: Մէյ մը որ անցնէիր սահմանը, տարբեր բջջային հեռաձայնի համացանց կը գործէր: Որեւէ երկրի նման, Արցախ ինքնիշխան պետութիւն հիմնած էր, իր բոլոր ենթակայ կառոյցներով: Հոն տեղի կ’ունենային ընտրութիւններ, մշակութային ձեռնարկներ, շինարարական աշխատանքներ:

Սակայն հակառակ այս բոլորին, Արցախի գոյավիճակը կը մնար անորոշ: Եւ այս անորոշութիւնը ձգձգուելով մօտ երեսուն տարիներ, ի վերջոյ աղէտալի արդիւնքներ ունեցաւ հայ ժողովուրդին համար:

Նոյն անորոշութիւնը կը տիրէ նաեւ Հայաստան-Թուրքիա սահմանին կապակցութեամբ: Ինչպէս նախապէս յիշած էի թէ Հայաստանի Գ. Հանրապետութիւնը իրաւացիօրէն չէ վաւերացուցած Կարսի դաշնագիրը, որուն յօդուածներուն համաձայն հաստատուած են Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ ներկայ սահմանները, ինչպէս նաեւ Նախիջեւանի կարգավիճակը: Միւս կողմէ, Թուրքիա շրջափակումի ենթարկելով Հայաստանը, արդէն ոտնահար ըրած է այս խնդրայարոյց դաշնագիրը: Սակայն փոխարէնը, Հայաստանի Գ. Հանրապետութիւնը երկու երկրներու միջեւ սահմանները կանոնաւորելու ուղղութեամբ որեւէ առաջարկներ չէ նախաձեռնած:

Ահաւասիկ միջազգային քաղաքական գետնի վրայ իրաւական ուրիշ հրատապ հարց մը, որ նոյնպէս ձգձգուած է Հայաստանի Գ. Հանրապետութեան կողմէ, անցնող երեսուն տարիներուն ընթացքին:

Այսօր, ամէն ոք Հայաստանի կամ սփիւռքի մէջ իրարու դէմ մեղադրանքներ արձակելով եւ դաւաճաններու մակդիրներ շնորհելով զբաղած է: Յառաջիկայ տարի,  Կարսի դաշնագրի 100-ամեակին առթիւ, Արցախի կարգավիճակի կապակցութեամբ հակամարտութեան վերջին դէպքերը կրնան կրկնուիլ, այս անգամ Հայաստան-Թուրքիա սահմանագիծը խնդրոյ առարկայ դարձնելով:

Եւ այն ատեն, դարձեալ Էրտողանի նախաձեռնութեամբ, ամբողջ 102 տարուայ Հայաստանի պետականութեան գոյատեւումը կրնայ Արցախի հանրապետութեան ճակատագրին յանգիլ:

Սիտնի, Աւստրալիա

Secure Your Child’s Place at
DREAM BRIDGEMAN ACADEMY

Dream Bridgeman Academy is an international school in Yerevan deploying the Oxford International Curriculum under the supervision and evaluation of Oxford University Press.
It caters for children between the ages of 1.5 yrs to 6 yrs.
Book your tour and secure your place now.
Phone: +374 93 703005
www.bridgeman.am

spot_img
- Գովազդ -spot_img
- Գովազդ -spot_img
- Գովազդ -spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին

ԼՐԱՀՈՍ

Pyro Drone is the leading source of professional FPV drone racing parts, gear, and accessories. We strive our best to deliver the latest and most reliable FPV gear available on the market. Bringing the highest quality at an affordable price, our flagship Hyperlite line is amongst the most competitive FPV drone racing parts in the industry. For FPV racing frames, motors, batteries, straps, and more - Pyro Drone is truly your one stop shop for all things in drone racing!

spot_img
spot_img