Նախագահ Միշէլ Աուն եւ նշանակեալ վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ իրար դէմ «բառերու կռիւ»ի մը ձեռնարկեցին ամբաստանելով զիրար կառավարութեան կազմութիւնը դժուարացնելու պատասխանատուութեամբ ինչպէս նաեւ դատական հետապնդումներու հարցով: Այս փաստը արտացոլածումն է երկու կողմերու անհամաձայնութեան կառավարութեան կազմութեան շուրջ հասարակ յայտարար մը գտնելու: Այս իրավիճակը՝ կողմերուն միջեւ արդէն իսկ գոյութիւն ունեցող վիհը աւելի եւս խորացուց:
Կողմերու միջեւ անհամաձայնութիւնը նաեւ կ՛արտացոլաձնէ վերջերս վարչապետ Տիապի դէմ Պէյրութի պայթումին հետ կապուած դատական մեղադրանքով:
Այս հին-նոր իրավիճակը ցոյց կու տայ, թէ կառավարութեան կազմութիւնը տակաւին պիտի ուշանայ, մինչ անոր կազմութեան հետ կապուած ֆրանսական ժամկէտը սպառելու վրայ է: Բան մը, որ աւելի եւս մտահոգիչ վիճակի մէջ կը ձգէ լիբանանի տնտեսական ապագան: