Տոլորես Զօհրապ-Լիպման (13 Յունուար 1896, Իսթանպուլ, Օսմանեան Կայսրութիւն- 15 Սեպտեմբեր 1991, Նիւ Եորք, Նիւ Եորք, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ), Օսմանեան կայսրութեան խորհրդարանի պատգամաւոր, կանանց իրաւունքներու պաշտպան, գրող, մարդասէրեւ հայ գրող Գրիգոր Զօհրապի դուստրը։ Հիմնած է «Տոլորես Զօհրապ-Լիպման Հիմնադրամը»՝ համալսարանաւարտ ուսանողներու հետագայ գիտական գործունէութեանց համար։
Տոլորես Զօհրապ ծնած է Օսմանեան կայսրութեան Կոստանդնուպոլիս մայրաքաղաքին մէջ, յայտնի գրող, խորհրդարանի պատգամաւոր Գրիգոր Զօհրապի եւ Քլարայի ընտանիքէն ներս։ 19 տարեկանին՝ Տոլորես Զօհրապ, Հայոց Ցեղասպանութեան ատեն, ականատես դարձած է հօր ձերբակալման եւ Կոստանդնուպոլիսէն արտաքսման։ Այս իրադարձութիւնը խոր հետք ձգած է անոր կեանքին վրայ։ Տոլորես, մայրն ու քոյրը՝ Հերմինէն, աւելի ուշ՝ տեղափոխուած են Եւրոպա․ Աւստրիայէն եւ Ռումանիայէն՝ հասած են Փարիզ, ուր Տոլորես վերստին միացած է 2 եղբայրներուն՝ Արամին եւ Լեւոնին հետ։ Մօր մահէն ետք, Զօհրապ տեղափոխուած է Ռումանիա, ուր 1932-ին ամուսնացած է ամերիկացի գործարար Հենրի Լիպմանի հետ։ Անոնք տեղափոխուած են ԱՄՆ եւ 1934-ին Տոլորես Զօհրապ-Լիպման ստացած է ամերիկեան քաղաքացիութիւն։
1950-ին Հենրի Լիպմանի մահէն ետք, Տոլորես իր կեանքը նուիրագործած է բարեգործական գործունէութեան, մասնաւորապէս կրթական եւ հետազօտական բնագաւառներու մէջ։ Նիւթապէս աջակցած է հայագիտութեան նուիրուած ակադեմական ծրագիրներու, ինչպէս նաեւ Քոլոմպիա համալսարանէն ներս հիմնած՝ «Գրիգոր եւ Քլարա Զօհրապ ընկերութիւն» հիմնադրամը։ Աջակցած է նաեւ Ռոքֆելլըր համալսարանի (The Rockefeller university) եւ Նիւ Եորքի հանրային գրադարանի ուսումնասիրութիւններուն։ 8 Նոյեմբեր 1987-ին Նիւ Եորքի մէջ ստեղծուած է «Գրիգոր եւ Քլարա Զօհրապ տեղեկատուական կեդրոնը»։ Հարուստ գրադարանին եւ կրթական ծրագիրներուն շնորհիւ տեղեկատուական կեդրոնը աջակցած է հայագիտութեան բոլոր ոլորտներու ուսումնասիրութիւններուն։ Կեդրոնի բացման ներկայ գտնուած են Ամենայն Հայոց կաթողիկոս Վազգէն Ա․-ն ու Երուսաղէմի Հայոց պատրիարք Թորգոմ Մանուկեանը։
Տոլորես Զօհրապ-Լիպման մահացած է 1991-ին։ Յետ մահու հիմնուած է «Տոլորես Զօհրապ-Լիպման Հիմնադրամը» ։
Ամենայն Հայոց կաթողիկոս Վազգէն Ա․ զինք պարգեւատրած է Ս. Ներսէս Շնորհալիի շքանշանով։
Տոլորես Լիպմանի մարդասիրական ժառանգութիւնը մինչեւ օրս կը շարունակէ աջակցիլ բազմաթիւ կրթական ծրագիրներու եւ մարդասիրական գործունէութիւններու: