Երբ այլեւս յստակ է, թէ կառավարութիւն կազմելու գործընթացը հասած է փակ դուռերու:
Ոչ մէկ անակնկալ կը սպասուի Լիբանանի մէջ այս հարցին շուրջ: Բոլորը կը սպասեն Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնին, որ ըստ նախապէս ծրագրուածին Պէյրութ պիտի այցելէ յառաջիկայ 22-23:
Լիբանանի քաղաքացիները իրենց յոյսը կապած են այս այցելութեան հետ: Լաւատես են, որ Մաքրոնի այցելութիւնը կրնայ հանգուցալուծել առկայ քաղաքական իրավիճակը եւ դուռը բանալ կառավարութեան կազմութեան: