Երբ դէպք մը անգամի մը համար կը պատահի, այդ կարելի է կոչել՝ պատահար, զուգադիպութիւն, դիպուած կամ արկած, որ չարժեր շատ խորը նայիլ կամ վերլուծել: Սակայն եթէ նոյնանման դէպքեր սկսին կրկնուիլ եւ ունենալ իրարանման օրինաձեւ (pattern), այդ պէտք է կոչել երեւոյթ, որ անպայմանօրէն ուսումնասիրութեան կարօտ է հասկնալու անոր խորքը:
Վերջերս երեւոյթ մը կայ ֆէյսպուքի վրայ, որ աչքի ինկող յաճախականութեամբ կը կրկնուի: Զարմանալի ուղղագրութեամբ եւ կասկածելի օգտատէրի պատկանող գրառումներ, ինչպէս վերի նկարի նմուշը, որ կը փորձէ գրել արեւելահայերէն. «ես պահանջումէմ 18 կուսակցության անթամներ սաղին գնդակահարէլ» (քերականականօրէն եւ օրուայ լուրերու տուեալին համեմատ ճիշդը պէտք է ըլլայ «Պահանջում եմ 17 կամ այսօր 16 (եւ ոչ 18) կուսակցույունների անդամներին բոլորը (սաղին հայերէն չէ, հակառակ, որ իրականին մէջ կը գործածուի Հայաստանի մէջ) գնդակահարել»:
Նոյն ոճի եւ նոյն անճոռնի ուղղագրութեամբ գրառումները, անդադար կը կրկնուին՝ թիրախաւորելով քաղաքական որոշ կողմ մը:
Այս երեւոյթը հետեւեալը մտածել կու տայ. Գրողները կամ ֆէյսպուքի տուեալ օգտատէրերը՝ իրապէս տարբեր անձե՞ր են: Ֆէյսպուքի այդ հաշիւները իրա՞ւ են, թէ կեղծ (fake): Գրողները հայե՞ր են. նկատի ունենալով, որ սխալները այնքան անճոռնի են, որ կարելի չէ կարծել, որ նոյնիսկ թերաւարտ հայաստանցի հայը նման ուղղագրութեամբ կը գրէ: Իսկ եթէ հայեր չեն, հապա ո՞վ են: Օգտատէրին անունը այս պարագային ռուսերէնով գրելը արդեօ՞ք շփոթ ստեղծելու եւ ուշադրութիւն շեղեցնելու համար չէ: Իսկ ո՛չ հայեր պայմա՞ն է Հայաստանի մէջ գտնուին այս «գործը» ընելու համար: Իսկ եթէ Հայաստան չեն գտնուիր հապա՝ ո՞ր երկրին մէջ «կ՛արտադրեն» այս բանը: Իսկ եթէ կեղծ են, ո՞ր երկիրն է այս «կեղծերու» ֆապրիքը հիւրընկալողը կամ ֆինանսաւորողը, եւ ինչո՞ւ համար…:
Կէտ մը եւս եւ վերջ: Քրէական գիտութեան (criminology) մէջ տարրական տեսութիւն է, թէ երբ ոճիր մը պատահի, առաջին կասկածելին միշտ այդ ոճիրէն հաւանական օգտուողն է…:
Այստեղ կանգ կ՛առնեմ հետեւութիւնները ձգելով ընթերցողին…:
ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ