Ուրբաթ, 6 Դեկտեմբերի, 2024
- Գովազդ -spot_img

Գունաւոր Պետական Յեղաշրջումներու Յաջորդ Թիրախը՝ Հայաստա՞նն Է Արդեօք

- Գովազդ -spot_img
spot_img

ԽՄԲԱԳՐԻ ԸՆՏՐԱՆԻ

Մեթր ԳԱՍՊԱՐ ՏԷՐՏԷՐԵԱՆ

Յարգարժան խմբագրապետ «Զարթօնք» Օրաթերթի

Աստ

Նախ եւ առաջ, իբր «Զարթօնք»ի հին ընթերցող եւ աշխատակից՝ Ընկ. Գերսամ Ահարոնեանի օրերէն, պարտք կը զգամ շնորհաւորելու՝ ընդհանրապէս եւ մասնաւորաբար՝ Արցախեան երկրորդ պատերազմի ընթացքին ու վաղորդայնին, ընթերցողները լայնօրէն իրազեկելու համար ձեր թափած ջանքերը, եւ ապա՝ շնորհակալութիւն յայտնելու՝ իմ գրած նոյնիսկ կարգ մը վիճելի յօդուածներուս հանդէպ ձեր ցուցաբերած հիւրնկալութեան ոչ միայն ասպետական ոգիին, այլեւ՝ յօդուածներս նկարազարդելու ալ բծախնդիր ջանքին համար:

Արցախեան մեր պարտութեան ետին կանգնած ուժերէն մէկը՝ ՕԹԱՆ-ը թաքնուած մնաց, բացայայտուեցաւ միայն՝ թուրք-ազերի-սիոնական անսուրբ երրորդութեան ճակատը:

Հետեւաբար, կ’առաջարկեմ վերահրատակել իմ ներփակեալ գրութիւնը, որ լոյս տեսած է 14 տարիներ առաջ ձեր թերթին մէջ, որ կը բացայայտէ, որ Փաշինեանի «Թաւշեայ» շարժումին պատճառած այս պարտութեան նախածրագիրը՝ Լեւոն Տէր Պետրոսեանին ծրագիրն էր ՕԹԱՆ-ի հովանաւորութեամբ…:

Կանխայայտ շնորհակալութիւն:

ԳԱՍՊԱՐ ՏԷՐՏԷՐԵԱՆ

11 Դեկտեմբեր , 2020

Հիմա որ Եւրոխորհուրդի Վենետիկի յանձնաժողովը՝ ի յառաջագունէ, նախնական հաւանութիւն տուած է Հայաստանի Ընտրական Օրէնսգիրքի փոփոխութիւններու նախագիծին, եւ Ազգային Ժողովի նախագահ Տիգրան Թորոսեանի համաձայն, յառաջիկայ Սեպտեմբերին բացուելիք Ազգային Ժողովի աշնանային նստաշրջանի ընթացքին պիտի ընդունուի այն, վերաշխուժացած է՝ Հայաստանի մէջ, հետաքրքրութիւնը իշխանափոխութեան հարցին շուրջ: Իշխանափոխութիւնը տեղի կ’ունենայ խաղա՞ղ եղանակով, թէ՞՝ պետական յեղաշրջումի կամ՝ «գունաւոր յեղափոխութեան» կանխահաս ձեւով, կանուխ է՝ գուշակելու համար:

Սակայն կրնանք այժմէն թէ՝ դժբախտաբար, ցարդ հասունցած չեն առարկայական ու ենթակայական նախապայմանները՝ համակարգային, արմատական իշխանափոխութեան համար: Այսինքն՝ Հայաստանի ժողովուրդին ե’ւ քաղաքական եւ ընկերային՝ միաժամանակ ու կրկնակ ազատագրութեան համար, որ իրականացած էր Սովետական Հայաստանի համակարգին մէջ:

Ներկայի պայմաններուն մէջ, իշխանափոխութեան հաւանական երկու տարբերակներ կ’ընդնշմարուին՝ աւանդապահական ռուսականը, եւ՝ արկածախնդրական ամերիկեանը:

Ներկայի «Նոր-ազատական», վայրի դրամատիրական գոյաբանութեան (ontologie) պատկերացումով՝ իշխանափոխութեան ռուսական տարբերակը «պահպանողական» եւ «վարանոտ» դրամատիրական է, իսկ ամերիկեա՞նը՝ «յեղափոխական» է եւ «համարձակ» դրամատիրական…:

Չմոռնանք՝ անմահն Թումանեանի եւ հանճարեղ Չարենցի պայծառատես հաստատումները, իրենց ժամանակին մէջ, շուրջ դար մը առաջ, որ՝ աշխարհաքաղաքականութեան տեսանկիւնէն՝ տարբեր չէր ներկայ ժամանակէն: Առաջինը կը զգուշացնէր՝ «Եւրոպական (իմա՝ Արեւմուտքի) պետութիւններից որը եղել է Ռուսաստանի ծաւալման դէմ՝ նա դէմ է եղել եւ հայկական հարցին…»: Իսկ երկրորդը կ’ահազանգէր՝ «Նիւ-Եորքից կը գան՝ բացելու համար հազարաւոր որբանոցներ…» միայն: Եւ իմաստուն ծայրագոյն վարդապետը, հայ երաժշտութեան Մեսրոպը՝ Կոմիտաս, անդոհանքով կը խրատէր՝ «Չպէտք է բաժանուենք, չպէտք է խաբուենք Եւրոպայի (իմա՝ Արեւմուտքի) խոստումներից…»:

Վայրի («Չարորակ»…) դրամատիրութեան գոյաբանութեան երկու «պալատական-վարձկան» գրիչներ՝ Ֆրանսիս Ֆուքոյամա եւ Սամուէլ Հանթինկթոն, բանդագուշակեցին՝ թէ այսօր, Սովետ Միութեան ինքնալուծարումով եւ Սոցիալիստական երկիրներու ճակատի թուլացումով, մարդկութեան «մեծամասնութեան» գոյաբանական պատկերացումները փոխադրուած են՝ Դրամատիրութիւն-Սոցիալիզիմ հակադրութեան հարթութենէն դէպի՝ աշխարհակերտումի բարոյական նորմերու վերաճշգրտման հարթութիւն, տարբեր մշակոյթներու եւ քաղաքակրթութիւններու միջեւ բախումներու (պատերազմներու) միջոցով: Քանի որ՝ կ’ենթադրեն այդ գրիչները, Սոցիալիզմի «վերջնական» պարտութեամբ, եւ Դրամատիրութեան «վերջնական» յաղթանակով՝ աշխարհակերտումի պատմական գործընթացը հասած է իր «վախճանին»… եւն: Իսկ «Բարի» դրամատիրութեան երազատես գոյաբանները կը խօսին՝ քաղաքակրթութիւններու միջեւ երկխօսութեան միջոցին մասին, իրենք եւս հրաժարած ըլլալով Սոցիալիզմ-Դրամատիրութիւն հակադրութեան գոյաբանութենէն, որ միակ գիտական ու պատմական մաթերիալիզմին հաշտ գոյաբանութիւնն է, որ ներկայիս սկսած է վերագտնել նորանոր հիմնաւորումներ՝ բոլոր ցամաքամասերուն վրայ: Այդուհանդերձ, ամերիկեան իմփերիալիզմը՝ Պուշի «նոր-ազատական» վարչակազմին գլխաւորութեամբ, կը շարունակէ գործել Դրամատիրութեան «վերջնական» յաղթանակին ցանկատեսութեամբ, եւ կը փորձէ աշխարհին պարտադրել իր «մշակոյթն» ու «քաղաքակրթութիւնը»՝ «համաշխարհայնացումի» գրաւիչ այլ ստայօդ լոզունգին չարաշահումով:

Պուշի վարչակազմը՝ ուրեմն, աշխարհակալական իր ծրագիրը կը հետապնդէ՝ քաղաքատնտեսական բախումներու, բարբարոսային արշաւանքներու եւ  «գունաւոր յեղափոխութիւններու» արտահանումի նախայարձակ, կամապաշտական ու դաւադրական եղանակներով, աւելի քան տասնամեակէ մը ի վեր:

Ներկայ ակնարկին տուն տուող հարցումն է՝ Պուշի վարչակազմին շղթայազերծած «գունաւոր» պետական յեղաշրջումներոու յաջորդ թիրախը Հայաստա՞նն է արդեօք:

Ներկայիս, Արեւմուտքի եւ մասնաւորաբար ԱՄՆ-ի գաղտնի սպասարկութիւններու «փորձագէտ յեղափոխականներ»ը (իմա՝ մարզուած գործակալները) անդիմակ ու բոլորովին քօղազերծ մուտք կը գործեն նախկին սոցիալիստական ու սովետական հանրապետութիւններէն ներս, հոն կազմակերպելու համար «գունաւոր» պետական յեղաշրջումներ՝ «Դեմոկրատիայի» գրաւիչ այլ ստայօդ լոզունգով: Երէկ «խաւարի ասպետներ» կոչուող այս ԳՈՐԾԱԿԱԼՆԵՐԸ՝ այսօր, Նոր Աշխարհակարգին (New World Order) մէջ, «դեմոկրատ-լիպերալ յեղափոխականներ» կը կոչուին, ունին իրենց յատուկ միջազգային յայտնի պիտակը՝ «Լիպերալներու Միջազգային Շարժում», եւ՝ կը ֆինանսաւորուին ու կը ղեկավարուին ԱՄՆ-ի American Academy of War կոչուած հիմնարկին եւ ամերիկեան ութնեակ մը հետախուզական գործակալութիւններու կողմէ, մանրամասնօրէն ուսումնասիրուած «աշխարտանքի ծրագիր»ներու, եւ՝ խորապէս սերտուած փուլային գործառոյթներու եւ մարտավարական սկզբունքներու համաձայն, իւրաքանչիւր թիրախ երկրի համար օգտագործելով «յեղափոխութիւն» յորջորջուած այս պետական յեղաշրջումներուն համար, ինչպէս՝ «նարնջագոյն», վարդերու եւ «մայրիկներու» յեղաշրջումները Ուքրանիոյ, Վրաստանի եւ Լիբանանի մէջ, եւ «Բա’ւ է» լոզունգը՝ Վրաստանի մէջ (վրացերէնով՝ «Կմարայ») եւ Եգիպտոսի մէջ (արաբերէնով՝ «Քիֆէյա»): (Այս յեղաշրջումներու դաւադրական գործունէութիւնը սկսած է անցեալ դարու 80-ականներու վերջերէն: Այդ դաւադրական գործունէութեան որոշ երեսակներուն շուրջ հետաքրքրական ծանօթութիւններ տրուած են ֆրանսացի լրագրող Vincent Jover-ի կողմէ՝ Le Nouvel Observateur  շաբաթաթերթին համար իր պատրաստած «Փաստաթուղթ»ին մէջ, որ կը կրէ «Յեղափոխութիւն կերտողները» մոլորեցնող վերնագիրը, եւ որ արեւելահայերէնի թարգմանուած է «ԱԶԴԱԿ»ի շաբաթօրեայ յաւելուած «ԵՐԿԻՐ»ի 19 Օգոստոս 2005 թուակիր համարին մէջ):

Գործակալներու այս շարժման դիմակազերծեալ ներկայացուցիչներէն է՝ Ֆրետօ Արիաս-Քինկ, որ ժամանակ մը CIA-ի կողմէ տեղադրուած էր Մեքսիքոյի նախագահական պալատին մէջ՝ որպէս «խորհրդատու», զափաթիստթներու ճշմարտապէս յեղափոխական, շրջահայեաց շարժումին դէմ դաւադրելու համար…, վերջերս գործուղուած է նախկին սովետական տարածք, նաեւ՝ Հայաստան:

Ֆրետօ՝ բնական է Հայաստան կու գայ «դեմոկրատ-լիպերալ յեղափոխականներու» հանդիպելու համար, եւ՝ եթէ այդպիսիք չկան հոն… այդպիսիներ ստեղծելու եւ մկրտելու համար, որպէսզի զանոնք յառաջաբեմ մղելով՝ ինք թիկունքին մէջ նախապատրաստէ ամերիկեան գունաւոր յեղաշրջում մը,- իշխանափոխութիւն մը,- Հայաստանի մէջ: Ֆրետօ չի թաքցներ իր «սրբազան» առաքելութիւնը, որուն համար գործուղուած է: Ան չի գործեր երէկի «խաֆիէ»ներուն նման, այլ՝ անայլայլ ու անպատկառ կերպով, կը յայտարարէ՝ «Եկած եմ՝ ԱՅԼԵՒՍ ԱՆՀՐԱԺԵՇՏ ԴԱՐՁԱԾ ՅԵՂԱՓՈԽՈՒԹԻՒՆԸ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ Ռոպերթ Քոչարեանի իշխանութեան դէմ: Այս իշխանութիւնը նահանջած է դեմոկրատիայի ճամբէն: Թէեւ՝ տակաւին տիքթաթուրայի չէ վերածուած, բայց դեմոկրատիայի յառաջընթացը տակաւ կանգ կ’առնէ Հայաստանի մէջ: Երբ Քոչարեան չի վայելեր ժողովուրդին վստահութիւնը եւ կը ճնշէ դեմոկրատիան, կը նշանակէ՝ որ իշխանութիւնը չունի սահմանադրական հիմքեր, օրինական չէ… եւ ուրեմն՝ ՈՒՇ ԿԱՄ ԿԱՆՈՒԽ ՊԷՏՔ Է ՏԱՊԱԼՈՒԻ…»: Բայց ան չի բացատրեր՝ թէ ինք ինչ հանգամանքով ինքնիրեն կամ զինք գործուղողներուն կը վերապահէ՝ հայ ժողովուրդին փոխարէն եւ անոր  անունով, Հայաստանի ներկայ իշխանութիւնը հակա-օրինական կամ հակասահմանադրական հռչակելու իրաւունքը, եւ մանաւանդ՝ զայն տապալելու իրաւունքը…: Ո՞ր տեսակի դեմոկրատիան կրնայ արտօնել նման դաւադրական միջամտութիւններ… գերիշխան եւ անկախ երկրի մը մէջ:

Բայց ան շատ անհամբեր է եւ մեծ շտապողականութեամբ կ’ուզէ կատարել իրեն ի վերուստ տրուած հրահանգները: Ըստ անոր՝ «ՅԵՂԱՓՈԽՈՒԹԵԱՆ ՁԵՌՆԱՐԿԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ ՀԱՐԿ ՉԿԱՅ ՍՊԱՍԵԼՈՒ ԸՆՏՐՈՒԹԵԱՆՑ ԱՌԻԹԻՆ…», եւ ան դիտել կու տայ՝ որ «կանայք եւ երիտասարդութիւն այլընտրանքային առիթներ կրնան ստեղծել յեղափոխութեան համար…» (Յիշեցէք Լ. Տ. Պետրոսեանի ձեռնասունը եղող «Շամիրամ»ի շարժումը…):

Եւ՝ յուրախութիւն Ֆրետոյի, Հայաստանի մէջ գործող ամերիկեան աղանդաւորական գաղտնի սպասարկութեանց խաժամուժին կողքին կը գործէ նաեւ «ԱՄՆ Դեմոկրատիայի Ազգ. Ինստիտուտի Հայաստանեան Գրասենեակ»ը, որ չուշացաւ երկրորդելու Ֆ. Արիաս-Քինկի «յեղափոխական» տեսութիւնը, եւ պաշտօնապէս յայտարարելու՝ որ արդէն ինք ձեռնարկած է «քաղաքականութեան մէջ կանանց ներգրաւման ուղղուած գործողութիւններու համընդհանուր ծրագիր» գործադրութեան, որուն՝ բնականաբար, պիտի յաջորդէ նաեւ երիտասարդութեան ներգրաւումը:

Միւս կողմէ՝ Յովհաննէս Յովհաննէսեան, որ «Ազատական Յառաջդիմական» կոչուած եւ բացայայտօրէն ամերիկեան հպատակութեամբ, նորակազմ կուսակցութեան ղեկավարն է, իր կարգին, միեւնոյն շտապողականութեամբ երկրորդելով Ֆրետօ Արիաս-Քինկի տեսակէտը յայտարարեց՝ «Յաջորդ նախագահական եւ խորհրդարանական ընտրութիւններին սպասելն ու պատրաստուելը՝ գործող ընդդիմութեան համար, հաւասար է սեփական անգործութեան կամ անօգնականութեան արձանագրման, ինչը նաեւ կը նշանակէ գործընթացների ոչ ճիշդ գնահատում: Այնպէս որ, ԱՐՏԱՀԵՐԹ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՎ ԻՇԽԱՆԱՓՈԽՈՒԹԻՒՆ ԻՐԱԳՈՐԾԵԼՆ ԱՆՀՐԱԺԵՇՏՈՒԹԻՒՆ Է…»:

Այս բոլորին զուգահեռաբար, ՆԱԹՕ-ի կովկասեան տարածաշրջանի մէջ գործակատար Ռոպերթ Սիմոնզ՝ տեղեկացնելու ձեւին տակ կը թելադրէ, որ «Եթէ Հայաստան ցանկայ ԻՐ ՀՈՂԵՐԷՆ ԴՈՒՐՍ ԲԵՐԵԼ ՌՈՒՍԱԿԱՆ ԶՕՐՔԵՐԸ, ապա ՆԱԹՕ-Ն կ’աջակցի այդ բանին…»: Ասիկա ամերիկեան իմփերիալիզմի մաքսիմալ պահանջն է Հայաստանէն: Իսկ մինիմալ պահա՞նջը, Ռ. Սիմոնզ կը բանաձեւէ հետեւեալ բառերով՝ «Հայաստանի մէջ ռուսական ռազմայենակէտի առկայութիւնը պէտք չէ դիտել որպէս խոչընդոտ՝ Հայաստան-ՆԱԹՕ յարաբերութիւններու մշակման համար…»: Յստակ կը դառնայ ասպիսով՝ որ Հայաստանի մէջ, իշխանափոխութեան  ամերիկեան տարբերակին անդրագոյն նպատակն է՝ Հայաստանը զրկել ռուսական զօրքերու պաշտպանութենէն, եւ զայն մերկացնել թուրք-թաթարական զօրքերու ներխուժումին առջեւ… այնպէս՝ ինչպէս որ կատարուեցաւ 1918-ին, Անդրկովկասի անջատումովը Ռուսաստանէն՝ արեւմտաթրքական արեւելումին հետեւանքով, եւ Հայաստանի մերկացումովը Երիտ. Թուրքական Թուրքիոյ եւ Մուսավաթական Ատրպէյճանի սպառնալիքներուն առջեւ:

Արեւմտաթրքական այս հի՜ն եւ ազգակործման օրինատացիային վերադարձաւ Լ. Տ. Պետրոսեան, եւ՝ Արեւմուտքին նեցուկով, դարձաւ՝ ոչ միայն ՀՀՇ-ի ղեկավարը այլեւ Հայաստանի նախագահը: Արդեօ՞ք ան այսօր կը պատրաստուի՝ վերադառնալու նախագահութեան, երբ Հայաստան ամերիկեան «գունաւոր» յեղաշրջումներու ներկայի թիրախը դարձած ըլլալ կը թուի: Հանգամանաւոր գործակալ Ֆրետօ Արիաս-Քինկ բացէն կը լուսաբանէ այս հարցը՝ յայտարարելով՝ որ «Եթէ Հայաստանի  մէջ նարնջագոյն շարժում ըլլայ, ՀԱՍՏԱՏ ԿԱՐԵԼԻ Է ԸՍԵԼ, որ անոր կը մասնակցին արդէն յայտնի դէմքեր, գուցէ եւ ՆԱԽԱՊԷՍ ԻՇԽԱՆՈՒԹԵԱՆ ԵԿԱԾ ՄԱՐԴԻԿ»…: Հարկ կա՞յ արդեօ՞ք՝ յաւելեալ մեկնաբանութեան, երբ պարզէն ալ պարզ է՝ թէ «գունաւոր» յեղաշրջումի եղանակով կատարուելիք իշխանափոխութեան ամերիկեան տարբերակին թեկնածուն խիստ հաւանաբար Լ. Տ. Պետրոսեանն է…:

Նախագահ Պուշ ամերիկեան գաղտնի սպասարկութեանց ղեկավարութեամբ «գունաւոր» յեղաշրջումներ կազմակերպող գործակալներու խումբերը մկրտած է՝ «Միջազգային դեմոկրատական ջոկատներ» անունով, եւ աւագ գործակալներուն կու տայ «դեմոկրատիայի յեղափոխականի եւ ազատութեան յաղթական մարտիկ» ի կոչումներ: Ան, Պէյրութի, 2005 թուի Մարտ 14-ի, Նահատակաց հրապարակի, վիթխարի հաւաքն ալ մկրտեց «Մայրիներու յեղափոխութիւն» անունով, եւ թելադրեց փոխել պատմական այս հրապարակին ալ անունը՝ եւ՝ զայն կոչել «Ազատութեան հրապարակ», եւ ամերիկամէտ ուժերը՝ ՀՀՇ-ական միեւնոյն շուտիկութեամբ ու պատմութեան նենգափոխումով, Նահատակաց հրապարակին տուին պուշեան յորջորջում: Եւ Պուշ՝ վերստին շրջանառութեան մէջ կը դնէ ցուրտ պատերազմի օրերու մաշած սկաւառակը «Ազատ աշխարհ»ի, ԱՄՆ-ի տիքթաթին հլու հնազանդ ենթարկուող երկիրներով կազմելու այդ աշխարհը, եւ ԱՄՆ-ի տիքթաթը մերժող իսկապէս ազատ երկիրները նկատելով թշնամի երկիրներ:

Հայր Պուշի անձնական խմբագիրն ու Որդի Պուշի հին բարեկամը՝ Տոկ Ուիտ, New York Times-ի 20 Փետրուար 2005 թուակիր համարին մէջ գրած է՝ թէ Որդի Պուշ յաճախ կրկնած է հետեւեալ խօսքերը.- Ես կանգնած եմ ՈՂՋ ԱՇԽԱՐՀԻՆ ԴԷՄ-ՅԱՆԴԻՄԱՆ: Լաւ լուրը այն է՝ որ աշխարհ ամբողջ, կամ՝ անոր մեծակշիռ մասը կը դիրգորոշուի ԻՄ ԿՈՂՔԻՆ: …Հզօր է Ամերիկա, եւ՝ կը ցանկայ տեսնել Ի’Ր ԴՐՕՇԻՆ ԾԱԾԱՆՈՒՄԸ ԾՈՎԵՐԷՆ ԱՆԴԻՆ, ՄԱԿ-ի դրօշի տժգոյն կապոյտին ՓՈԽԱՐԷՆ…»: Զառանցանքի այսպիսի նոպային մէջ, Որդի Պուշի առած հաւանական դիրքին պատկերը որքա՜ն մօտ է՝ Չարլի Չափլինի «Տիքթաթորը»  (The Dictator) ֆիլմին մէջ, ողջ երկրագունտը գրկող Հիթլէրի պատկերին:

2003 թուի Յունիսին, Պաղեստինեան իշխանութեան տեղեկատւութեան նախարարը՝ Նապիլ Շա’աթ, B.B.C. հեռատեսիլի կայանին իր տուած զրոյցին ընթացքին, ըսաւ՝ թէ Որդի Պուշ, Ապու Մազէնի ալ ներկայութեան, իրեն բառացիօրէն ըսած է՝ «ԵՍ ԱՍՏՈՒԱԾԱՅԻՆ ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԻՒՆ մը կը կատարեմ: Աստուած ինձմէ պահանջած էր, որ՝ երթամ Աֆղանիստան, եւ պատերազմին հոն գտնուող ահաբեկիչներուն դէմ: Եւ ես կատարեցի Աստուծոյ կամքը: Ուրիշ անգամ մըն ալ՝ ինձմէ պահանջեց, որ վերջ տամ Իրաքի մէջ տիրող բռնակալական վարչակարգին: Եւ ես կատարեցի Անոր կամքը: Եւ վերջերս, Ան ինձմէ պահանջեց, որ երթամ ու պաղեստինցիներուն համար՝ իրականացնեմ իրենց յատուկ պետութիւնը, եւ իսրայէլցիներուն համար ալ՝ իրենց անվտանգութիւնը: Եւ ես պիտի կատարեմ Անոր այս կամքը եւս»…:

Պատմական փաստ է՝ որ ԱՄՆ-ը միայն 1964-ին է, որ որդեգրեց ցեղային խտրականութիւնը միայն օրէնքով (ոչ գործնականապէս) արգիլող Civil Rights Law-ն, Ռոզա Փարքսի կողմէ սկսուած եւ Մարթին Լութեր Քինկի կողմէ յաջողապէս ղեկավարուած վիթխարի շարժումին ճնշումին տակ: Բոլորին ծանօթ իրողութիւն է նաեւ՝ որ ԱՄՆ-ի այլատեաց հասարակութեան սպիտակամորթ մեծամասնութեան մօտ տիրական ախտեր են՝ կրօնամոլութիւնն («կրօնական ջերմերանդութի՞ւն»…) ու ցեղային խտրականութիւնը: Եւ՝ այս ախտերը կը փոխանցուին սերունդէ սերունդ: Ճիշդ այս պատճառով ալ՝ Որդի Պուշ անյարմար չի զգար խօսելու իր «աստուածային առաքելութեան» մասին: Այսպիսի հասարակութեան մը այսպիսի առաջնորդը միայն կրնայ՝ 21-րդ դարուն մէջ անգամ, համարձակութիւնը ունենալ խօսելու՝ աստուածային առաքելութեան մասին (իսկ Թոնի Պլէռ՝ Լոնտոնի մէջ, չի համարձակիր նոյնը ընել…): Քանզի, քաղաքակիրթ մարդկութիւնը այսպիսի երկրի մը այսպիսի առաջնորդին չարտօներ՝ որ խօսի «ազատութեան» եւ «դեմոկրատիայի» մասին, երբ ան՝ Աստուծոյ անունով կ’ուզէ ահաբեկել աշխարհի ժողովուրդները: Կարճ խօսքով, կայսերական ԱՄՆ-ի «նոր-ազատականներու» այս վարչակազմը պատմութեան ամէնէն ամբողջատիրական (Թօթալիթէր), ֆաշական ու ահաբեկչական վարչակարգը կը ներկայացնէ, որ կ’ուզէ իր կամքը պարտադրել ողջ աշխարհին՝ բարբարոսային պատերազմներով եւ դաւադրական պետական յեղաշրջումներով:

Եղերաերգիծականը այն է՝ որ Որդի Պուշի ռազմավարական զինակիցներէն ֆաշական Թուրքիոյ բարձրաստիճան զինուորականները եւս, ինչպէս՝ սպայակոյտի պետ Հիլմի Էօզքէօք, կը բարբառին «դեմոկրատիայի» անունով՝ ընդդէմ «ամբողջատիրութեան» եւ «ահաբեկչութեան», երբ կ’ուզեն թշնամանք հրահրել հայկական, քրտական եւ սուրիական պահանջատիրութեան դէմ: Եւ երբ՝ ազերիական ցեղապաշտական ու ֆաշական կազմակերպութիւններ, ինչպէս Մուսավաթը, «Ազատլիկ» (Ազատութիւն) անուան տակ ճակատներ կը կազմեն, կապտելու համար արցախահայութեան ազատութեան եւ ազատագրութեան իրաւունքը, պատերազմի սպառնալիքներով, անշուշտ ապաւինելով ԱՄՆ-ի ռազմամոլներու ներցուկին…: (Ծանօթ է՝ Հիլմի Էօզքէօքի վերջին յարձակումը Սուրիոյ դէմ, զայն զրպարտելով որպէս ամբողջատիրական եւ ահաբեկչական վարչակարգ):

Այս ենթահողին վրայ ուշագրաւ է՝ որ Հայաստանի մէջ այսօր, եռուն գործունէութիւն կը ծաւալէ պետական յեղարջումներու ղեկավար Էնտրու Պէննէթը, որ վերը յիշուած ամերիկեան National Democratic Institute-ի Հայաստանեան Կեդրոնական Գրասենեակի գործող տնօրէնն է՝ եւ՝ սերտ շփումներ կ’ունենայ շարք մը հայանուն կուսակցութիւններու ղեկավարութեանց ու քատրերուն հետ, նաեւ՝ այդ կազմակերպութիւններու համաժողովներուն մասնակցած (2006 թուի Ա. կէսին ընթացքին) պատգամաւորներուն հետ… վերահսկելու համար դէպի «ամբողջական դեմոկրատիա» (իմա՝ ամբողջական ամերիկեանացում) անոնց թափած ջանքերուն վրայ, եւ անոնց տալու համար անհրաժեշտ ցուցմունքներն ու թելադրութիւնները…:

Այս փաստերուն լոյսին տակ է՝ որ մենք հարց կուտանք, թէ ամերիկեան պետական «գունաւոր» յեղաշրջումներու ծրագրին յաջորդ թիրախը՝ Հայաստա՞նն է արդեօք: Հայաստանի մէջ, իշխանափոխութեան այս ամերիկեա՞ն տարբերակն է, որ կրնայ յաջողիլ՝ սպառնալով Հայաստանի լինելութեան:

Արմատական, փրկարար, համակարգային իշխանափոխութեան առարկայական ու ենթակայական նախադրեալներու բացակայութեան ներկայի պայմաններուն մէջ, իշխանափոխութեան ռուսական տարբերակը, որ կարելի լաւագոյնն է Հայաստանի համար, յաջողութեան շանսեր ունի՞ արդեօք: Այս է այն հարցումը, որ կը զբաղեցնէ մեր միտքը:

Պէյրութ, 20 Յունիս 2006

Secure Your Child’s Place at
DREAM BRIDGEMAN ACADEMY

Dream Bridgeman Academy is an international school in Yerevan deploying the Oxford International Curriculum under the supervision and evaluation of Oxford University Press.
It caters for children between the ages of 1.5 yrs to 6 yrs.
Book your tour and secure your place now.
Phone: +374 93 703005
www.bridgeman.am

spot_img
- Գովազդ -spot_img
- Գովազդ -spot_img
- Գովազդ -spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին

ԼՐԱՀՈՍ

Pyro Drone is the leading source of professional FPV drone racing parts, gear, and accessories. We strive our best to deliver the latest and most reliable FPV gear available on the market. Bringing the highest quality at an affordable price, our flagship Hyperlite line is amongst the most competitive FPV drone racing parts in the industry. For FPV racing frames, motors, batteries, straps, and more - Pyro Drone is truly your one stop shop for all things in drone racing!

spot_img
spot_img