Շաբաթ, 12 Դեկտեմբեր 2020-ին, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ տեղի ունեցաւ զօրակցական միջ-եկեղեցական աղօթք, կազմակերպութեամբ Հայ Եկեղեցւոյ Համալսարանական Ուսանողներու Միութեան (Հ.Ե.Հ.Ո.Մ.) եւ մասնակցութեամբ Միջին Արեւելքի մէջ գործող հայ թէ օտար ուսանողական ու երիտասարդական միութիւններու։ Յիշեալ զօրակցական աղօթքը նուիրուած էր Արցախի հերոս նահատակներու յիշատակին։
Արարողութեան բարի գալուստի խօսք արտասանեց Հ.Ե.Հ.Ո.Մ.-ական Կարէն Եօսուլքանեանը, ապա արաբերէն լեզուով խօսք արտասանեց Հ.Ե.Հ.Ո.Մ.-ի անդամ Սինթիա Արաբկիրլեան։ Հ.Ե.Հ.Ո.Մ.-ի հոգեւոր խորհրդատու Հոգշ. Տ. Պարոյր Վրդ. Շէրնէզեան կատարեց բացման աղօթքը։ Արարողութեան ընթացքին երիտասարդները իրենց զօրակցական մասնակցութիւնը բերին աղօթքներու արտասանութեամբ եւ շարականներու երգեցողութեամբ։
Արարողութեան աւարտին, յանուն Համաշխարային Քրիստոնեայ Ուսանողներու Միութեան եւ Ուղղափառ Երիտասարդական Միութիւններու Հաւաքին, հերթաբար իրենց զօրակցական խօսքերը արտասանեցին Դոկտ. Ուալիտ Էլ Տիք եւ Մարիամ Ղպտի։
Ապա, Արցախի դրօշին ետեւէն թափօր կազմած բոլոր ներկաները ուղղուեցան Անթիլիասի Մայրավանքին շրջափակին մէջ գտնուող Սրբոց Նահատակաց յուշարձան-մատուռ, ուր հոգեհանգստեան պաշտօն եւ մոմավառութիւն տեղի ունեցաւ։
Աւարտին, ՀԵՀՈՄ-ի կեդրոնատեղիէն ներս տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն, ինչպէս նաեւ ընկերային մտերմիկ զրոյցի պահ։