Փաշինեանի հրաժարականը պահանջող ընդդիմութիւնը այսօր երթ պիտի կայացնէ դէպի Եռաբլուր։
Այսօրուայ երթը ընթացք պիտի առնէ յետմիջօրէին «Գարեգին Նժդեհ» կայարանի մօտէն հասնելով մինչեւ նահատակներու պանթէոն՝ Եռաբլուր։
Նշենք, որ ըստ «Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդման ընդդիմութիւնը կը մերժէ գործող իշխանութիւններու հրաժարական տալէն առաջ արտահերթ ընտրութեանց երթալու ընտրանքին։