17 Դեկտեմբեր 2020-ին, Մեսրոպեան Արուեստից վարժարանի թեքնիքըլ պաքալորէայի (BT) դասարանի 42 աշակերտներ՝ Հիւրանոցային Կառավարման, Հաշուապահութեան եւ Համակարգչային Գիտութիւններու բաժիններէն, ստացան “Public Relation Practices” վարժողական դասընթացքի վկայագրեր, աւարտելէ ետք 3 մասերէ բաղկացած նշեալ դասընթացքը: Դասընթացքը վարեց ԻՆՖՈՐՄԱ կազմակերպութեան վկայագրեալ դասախօս Ռեպեքա Պու Շըպըլ-ՄըքՄիլան, հովանաւորութեամբ ՈՒԱԶՆԱԹ խորհրդատուական եւ գործի արեւելումի կազմակերպութեան:
Վարժողական այս ծրագրի նպատակն էր թեքնիքըլ պաքալորէայի աշակերտները պատրաստել ապագայի գործի մարտահրաւէրներուն եւ զանոնք օժտել համապատասխան գիտելիքներով եւ կարողութիւններով՝ յատկապէս բանաւոր եւ ոչ-բանաւոր հաղորդակցութեան մարզին մէջ: Դասընթացքը ընդգրկեց կարեւորագոյն խորագիրներ, ինչպէս հաղորդակցութեան ուժը՝ ներկայիս, հաղորդակցութեան սկզբունքները, հաղորդակցութեան ազդեցութիւնը՝ գործարարութեան մէջ, միջ-անձնային հաղորդակցութեան խնդիրները, հանրային խօսքարուեստ, հակամարտութիւններու եւ տագնապներու լուծման սկզբունքներ:
Վկայագրերու յանձման արարողութեան Մեսրոպեան Արուեստից Վարժարանի տնօրէն պարոն Կրէկուար Գալուստ շնորհաւորեց աշակերտները՝ հակառակ ներկայի լարուած պայմաններուն դասընթացքի պարտաճանաչ հետեւողութեան համար: Ան նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց դասախօս տիկնոջ եւ հովանաւոր կազմակերպութեան՝ աշակերտներու զարգացման եւ նոր կարողութիւններու ձեռքբերման նպաստող այս դասընթացքը արդիւնաւէտ կերպով կատարելուն համար:
Տիկին Ռեպեքա Պու Շըպըլ-ՄըքՄիլան իր հերթին մեծագոյն գոհունակութեամբ արտայայտուեցաւ մասնակից աշակերտներու կարգապահութեան եւ խանդավառութեան մասին եւ շնորհակալութիւն յայտնեց Արուեստիցի տնօրէնութեան, աշակերտներուն ընձեռուած առիթին համար՝ ընդլայնելու համար իրենց գիտելիքները բանաւոր եւ ոչ-բանաւոր հաղորդակցութեան մարզին մէջ:
Տնօրէնութիւն
Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան Արուեստից վարժարանի