Մարդկային իրաւանց պաշտպան Human Rights Watch միջազգային կազմակերպութիւնը 16 Դեկտեմբերին յայտարարեց, թէ Ազրպէյճանի զինուած ուժերը 8 Հոկտեմբերին Շուշիի Ղազանչեցոց եկեղեցին երկու անգամ ռմբակոծեցին՝ ծրագրուած կերպով` խախտելով պատերազմի միջազգային կանոնները:
«Մշակութային կարեւոր նշանակութիւն ունեցող այս եկեղեցին ծրագրուած կերպով թիրախ ընտրուած էր, հակառակ այն հանգամանքին, որ որեւէ ապացոյց չկայ, որ կառոյցը ռազմական նպատակներով օգտագործուած է», կ՛ըսուի կազմակերպութեան հրապարակած զեկոյցին մէջ:
«Եկեղեցւոյ հասցուած երկու հարուածները, որոնցմէ երկրորդը կատարուած է այն պահուն, երբ քաղաքացիներ եւ լրագրողներ հաւաքուած էին հոն, դիտաւորեալ բնոյթ ունին», նշեց Human Rights Watch-ի Եւրոպայի եւ Կեդրոնական Ասիոյ գծով տնօրէն Հիւ Վիլամսոն՝ աւելցնելով․ «Այս յարձակումները պէտք է անաչառ քննութեան առարկայ դառնան, իսկ հեղինակները ենթարկուին պատասխանատւութեան»:
Նշենք, որ երկրորդ հարուածի պահուն այնտեղ կը գտնուէր Լիբանանէն Շուշի մեկնած լրագրողներու խումբը, որոնք բարեբախտաբար փրկուեցան:
Յիշեցնենք, որ Արցախեան պատերազմը լուսաբանելու նպատակով Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութեան եւ ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան համատեղ գործակցութեամբ կազմակերպուած էր լիբանանեան արաբական թիւով 10 զանգուածային լրատւութեան միջոցներու այցը Հայաստան եւ Արցախ: Արաբական եւ լիբանանեան՝ Ալ Ժատիտ, Ալ Մայատին, Ալ Նահար, Ալ Ժումհուրիա, Տէյլի Սթար, Նիտաա Ալ Ուաթան, Լիբանանի պետական լրատուական ազգային գործակալութիւնը, Լուպնան Ալ Հոր, Ալ Ահուալ, Ինտիփէնտընդ Արապիա լսատեսողական, տպագիր եւ առցանց լրատուամիջոցները, ուղեկցութեամբը ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան ատենապետ եւ «Զարթօնք»ի գլխաւոր խմբագիր՝ ընկ. Սեւակ Յակոբեանին եւ համակարգումովը՝ ընկ. Կարեն Կակոյեանին՝ կը գտնուէին Արցախ տեղւոյն վրայ ծանօթանալու ու աշխարհին իրականութիւնը ցոյց տալու իրենց ականատեսի վկայութիւնները Արցախի պատերազմին մասին։ Նախաձեռնութիւնը ֆինանսապէս հովանաւորած էր նախկին լիբանանահայ՝ ամերիկաբնակ հաւատաւոր կուսակցական գործիչ եւ բարերար՝ Ընկ. Վարդան Նազիրեանը, որ իր խօսքով. զէնք վերցնելու կենսաբանական տարիքը այլեւս չունենալով՝ ուրոյն ձեւով իր մասնակցութիւնը փափաքած ր բերել Արցախեան պատերազմին: