Հինգշաբթի, 5 Դեկտեմբերի, 2024
- Գովազդ -spot_img

Միսակ Ներսէսեանի Անթառամ Յիշատակին

- Գովազդ -spot_img
spot_img

ԽՄԲԱԳՐԻ ԸՆՏՐԱՆԻ

ՎԱՐԴԱՆ ԹԱՇՃԵԱՆ

Միսակը, իր սրտին ցոլացում՝ առինքնող, ճառագայթող ժպիտով

Սրտի տագնապներու անողոք մանգաղը չխնայեց նաեւ քեզի ու ահա քառասուն օրէ ի վեր առած տարած է քեզ շատ աւելի հեռու այս աշխարհէն, անդարմանելի վէրք ու վիշտ փորելով մեր բոլորին սրտերուն մէջ, սկսեալ ընտանեկան պարագաներէդ մինչեւ հարազատներուդ եւ  բարեկամներուդ անհատնում շարքը:

            Կորսնցուցինք քեզ այդ օր, կորսնցնելով նոյն ատեն հոգեկան այն եզակի հարստութիւնը, որ կեանքիդ ընդմէջէն պարգեւած եղար բոլորիս:

            Այդ կեանքը հարստութիւն մը եղաւ ամէն բանէ առաջ թանկագին ու սիրեցեալ կողակիցիդ՝ Մարոյին, որուն հետ երջանիկ բոյնի մը շինութեան առաջինը շիւղերը հաւաքեցիր Մելգոնեանի շոճիներու ճիւղերէն… սէր մը, որ ուռճացաւ, ծաղկեցաւ, անուշցաւ փոխադարձ հաւատարմութեամբ, զոհաբերումով, նուիրումով, հետզհետէ հազուագիւտ՝ ներկայիս նահանջ կրած ընկերաբարոյական վիճակներու պաճուճապատանքին տակ:

Այդ կեանքը հարստութիւն մը եղաւ անգին զաւակներուդ, Ժան-Փոլին եւ Սարոյին, որոնց մէջ թրծեցիր հայութեան ոգին, պատասխանատուութեան զգացումը, նախանձախնդրութեամբ, հետեւողականութեամբ, որպէսզի ապահովուի անոնց ապագան խոստմնալից հիմերու վրայ: Երկու պատուական տղաք, որոնք մինչեւ վերջ թիկունք կեցան քեզի, որդիական իրենց պարտաւորութիւններուն լրիւ գիտակցութեամբ:

Այդ կեանքը հարստութիւն մը եղաւ հարսերուդ, խնամիներուդ, այլ մանաւանդ՝ թոռներուդ, որոնց մկրտեցիր ոչ միայն Մեսրոպեան Այբուբենով, այլեւ՝ շաղախեցիր իմաստուն յորդորներով: Հոգեհատորներ՝ որոնց վրայ աչքիդ բիբին պէս գուրգուրանք ցանեցիր, իբրեւ կեանքի սնունդ, անոնց դէմքի ժպիտն ու երջանկութիւնը դարձնելով գոյութեանդ պայման ու հոգեկանիդ վայելք:

            Այդ կեանքը հարստութիւն մը եղաւ Լիբանանահայ գաղութին, որուն ծառայեցիր հաճոյքով, անշահախնդիր եւ սիրայօժար, կաթողիկոսարանէն մինչեւ Ազգային Բուժարան, բարոյական եւ նիւթական օժանդակութիւնդ անսակարկ ընձեռելով ազգային, կրթական, բարեսիրական, միութենական եւ այլ բնագաւառներէն ներս, անհրաժեշտ այլազան կարիքներու գոհացման ճամբով:

            Եւ վերջապէս, այդ կեանքը հարստութիւն եղաւ բարեկամներուդ, ե՛ւ Մելգոնեանցի ե՛ւ այլ, վստահելի, աչքը կուշտ, աննիւթական, անշահախնդիր, աննախանձ, անպատեհապաշտ ու միշտ հաղորդական բարեկամութիւն մը, որ դարձաւ ներդրում անունիդ ու վարկիդ, փնտռել տալով ներկայութիւնդ ամենուրէք:

Այս բոլորին առընթեր, հանապազօրեայ հացի պայքարը քեզ նետեց ուղեղ քերթող, ՍԻՐՏ մաշեցնող կեանքի վերիվայրումներու յորձանքին մէջ թիավարելու վիճակուած օլիմփիականին, բայց աննահանջ կամքդ, յամառ ճիգերդ եւ յարատեւ ջանքերդ գտա՛ն իրենց արժանի արգասիքն ու յաջողութիւնը, առեւտրական ասպարէզի ճամբուն վրայ, միշտ կողքիդ ունենալով ոչ միայն Մարօն ու զաւակներդ այլեւ՝ անխոնջ Էսթիկն ու պաշտօնեաներուդ հաւատարիմ խումբը:

Կեանքի այդ դժուարին պայմաններուն, մանաւանդ Լիբանանի քաղաքացիական երկարատեւ ու անիծեալ խռովութիւններու քաոսին մէջ, օրինակելիօրէն փորձեցիր վեր պահել բարոյական կորովդ, կուրծք տալով ամէն տեսակի մարտահրաւէրներուն: Ճակատդ բարձր, պատիւով ու պատասխանատուութեամբ գործիդ նեղութիւնը սանդուխ ծառայեցուցիր աւելի եւս բարձրանալու, երբեք զեղչելու կայտառութիւնդ, գաւաթի հետ գաւաթ շխրկացնելու հաճոյքը: Որքան գործի ատեն գործ, նոյնքան ալ՝ քէֆի ատեն քէֆը եղաւ սկզբունքիդ հանգանակը:

Իրապէ՛ս, քեզմով կը շէննար մթնոլորտը, քանի որ սիրտդ ձեռքերուդ մէջ էր միշտ, անսակարկ բաշխելու բոլորին, «ճէօմէրթ»օրէն, իբրեւ դիւրահաղորդ զրուցակից, հնչիւն ու տիրական ձայնիդ արձագանգով:

Այո՛, անսովոր արտորանք մը կար շարժումներուդ մէջ, անմեղ, անվնաս, բնազդական, չըսելու համար Լիբանանցիին յատուկ աճապարանք մը, եւ ո՜վ կրնար կռահել, որ առանց «մնաք բառով»ի նոյն փութկոտութեամբ ալ, յանկարծական պիտի փակէիր աչքերդ ու բռնէիր անդենականի անվերադարձ ճամբան:

Բարեկամ գտնելը -ըսած են-  որ շատ դժուար է: Բարեկամ պահե՞լը, ա’լ աւելի՝ դժուար: Սակայն, գիտե՞ս ո՞րն է ամէնէն դժուարը Միսակ. Այդ իրաւ բարեկամը կորսնցնելն է:

Ու հիմա, հեռաւո՞ր թէ մօտակայ Կիպրոսի ափերէն, ափսո՛ս, իր կարգին «կորսուած» Մելգոնեանի երկնակամարէն, հարազատ զգացումներով այս փունջը ընդունէ որպէս ծաղկեպսակ ցուրտ շիրիմիդ վրայ: Երթա՛ս բարով, հողը թեթեւ գայ վրադ ընդմիշտ: Երախտապարտ ենք Սիլվան ու ես անկեղծ բարեկամութեանդ համար: Պիտի չմոռնանք քեզ եւ իբրեւ վերջին փափաք՝

Ահ, որքան լաւ պիտի ըլլար, որ անձնական կեանքիդ օրինակը տեղ գտնէր մարդոց սրտին մէջ, այս աշխարհի տարօրինակ երեւոյթներուն դիմաց…:

Նիկոսիա

Secure Your Child’s Place at
DREAM BRIDGEMAN ACADEMY

Dream Bridgeman Academy is an international school in Yerevan deploying the Oxford International Curriculum under the supervision and evaluation of Oxford University Press.
It caters for children between the ages of 1.5 yrs to 6 yrs.
Book your tour and secure your place now.
Phone: +374 93 703005
www.bridgeman.am

spot_img
- Գովազդ -spot_img
- Գովազդ -spot_img
- Գովազդ -spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին

ԼՐԱՀՈՍ

Pyro Drone is the leading source of professional FPV drone racing parts, gear, and accessories. We strive our best to deliver the latest and most reliable FPV gear available on the market. Bringing the highest quality at an affordable price, our flagship Hyperlite line is amongst the most competitive FPV drone racing parts in the industry. For FPV racing frames, motors, batteries, straps, and more - Pyro Drone is truly your one stop shop for all things in drone racing!

spot_img
spot_img