Վեն Նայսի Ս․ Պետրոս եկեղեցւոյ Երիտասարդականին նախաձեռնութեամբ կարելի եղած է 6500 տոլար հաւաքել՝ աջակցելու համար թրքական եւ ատրպէյճանական յարձակումներուն հետեւանաքով Արցախէն տեղահանուած հայորդիներուն։
Երիտասարդականին անդամներէն Նարեկ Ղուկասեան անցեալ շաբաթ արաջնորդարան այցելելով, գումարը յանձնեց Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանին, որ դրուատեց հայրենիքի իրենց քոյրերուն եւ եղբայրներուն զօրակցելու Երիտասարդականին օրինակելի այս քայլը։