ՄԵԹՐ ԳԱՍՊԱՐ ՏԷՐՏԷՐԵԱՆ
Մեր պատմագիրները խօսած են՝ Թրքահայաստանի, Ռուսահայաստանի, Պարսկահայաստանի եւ Կիլիկեան Հարստութեան մասին։ Իսկ Արեւմուտքի պատմագիրները՝ այս վերջինը կոչած են նաեւ «Լատին Հայաստան»՝ անոր Լեւոն անուն թագաւորներով… Արեւմտեան երանգ մը դնելով Կիլիկիոյ վրայ, որուն Ֆրանսականը միայն ակնթարթ մը շողաց, իսկոյն մարելու համար՝ խոստմնադրժումի խաւարին մէջ…։
Եւ՝ Ակադ. Վ. Չալոյեան, Կիլիկիոյ իշխանապետերու պետական մտածելակերպը բարձր գնահատած է, եւ Կիլիկիոյ Թագաւորութեան բազմադարեան գոյատեւումը բացատրած է անոր իշխանապետերու պետական մտածելակերպին շնորհիւ՝ անոնց որդեգրած աշխարհաքաղաքականօրէն ճիշդ արեւելումով։
Լատին Լեւոն Տէր Պետրոսեան «լուսամարիչ»ն՝ հմուտ ասորագէտը սակայն, համբակ հայ քաղաքագէտ մը դուրս եկաւ՝ իր օխլոկրատական (ամբոխավարական, այսինքն՝ ոչ ժողովուրդի, այլ՝ ամբոխի իշխանութեան յատուկ մտածելակերպ – Օխլօ՝ յունարէն ամբոխ կը նշանակէ) մտածելակերպով եւ արեւմտաթրքամէտ արեւելումով։
Ան՝ այս հի՜ն ազգաքանդ օրիենտացիային վերադարձած, եւ՝ Արեւմուտքի նեցուկով, դարձաւ ոչ միայն ՀՀՇ-ի ղեկավարը, այլեւ՝ Արեւելահայաստանի Գ. Հանրապետութեան օլիգարխիական աւազակապետական համակարգին նախագահը։
Այս արեւմտաթրքամէտ նախագահը՝ անառակ որդին Կիլիկահայութեան, ոչ միայն ուրացաւ Արեւմտահայաստանի Հողային Դատը, անայլայլ հռչակելով. «Պատմական իրաւունքների հիմամբ պահանջատիրութիւնը իռացիոնալ ռոմանտիկա է»… այլեւ՝ փիլիսոփայեց թէ՝ «Պատմութիւնը ֆիկցիա է, գիտական կատեգորիա չէ». հետեւաբար, հարկ է «Մոռնալ Պատմութիւնը», քանի որ ամերիկեան իմփերիալիզմը՝ Սովետ Միութեան ինքնալուծարումի այդ օրերուն, կը պահանջէր «Մոռնալ Պատմութիւնը»։ Եւ անոր վարձկան գրչակը՝ Ֆրանսիս Ֆուքոյամա կը հրատարակէր իր հակապատմագիտական հատորը՝ «Պատմութեան Վախճանը» խորագրով, որուն մէջ, Պատմութեան Վախճանումին իբր փաստ, կը պնդէ թէ՝ ԱՄՆ-ի Վայրի Դրամատիրութիւնը վերջնականօրէն յաղթած է Սոցիալիզմին եւ հաստատած կատարելագոյն հասարակարգը, ուր կանգ կ՚առնէ Պատմութեան անկէ անդին զարգանալու ընթացքը։ Սակայն, իրականութեան մէջ, մոռացութեան տալու համար Պատմութեան բոլոր բռնագրաւումներու արիւնալի էջերը, ներառեալ՝ ԱՄՆ-ի եւ անոր ՕԹԱՆ-եան զինակից Թուրքիոյ բռնագրաւումներուն արիւնալի էջերը…, այդ էջերէն դասեր չքաղելու, զանոնք կատարուած անվերաքննելի փաստեր նկատելու համար…։ Մինչդեռ՝ մեր պատմագիրներէն Անեցին ըսած է. «Պատմութիւնը ներկան կը լուսաբանէ, եւ՝ կը լուսաւորէ ապագայի ճանապարհը»…։
Այս արեւմտաթրքամէտ լատին նախագահը նաեւ ուրացաւ Արցախի ազատ ինքնորոշման բոլոր բոլորին պարտադիր erga omnes իրաւունքը, երբ ընդունեց թէ՝ Արցախի ինքնորոշման իրաւունքին համազօր էր, եւ անոր հակադրելի՝ Ատրպէյճանի հողային ամբողջականութեան սկզբունքը… բովանդակազրկելով erga omnes իրաւունքը, զոր Միջազգային Հանրային Իրաւունքը կը ճանչնայ իբր Մարդու Հաւաքական Իրաւունքներուն հիմնաքարը։ Եւ երբ ան հրապարակեց իր «Պատերա՞զմ, Թէ՞՝ Խաղաղութիւն» խորագրով անձնատուական կոչը, տապալեցաւ եւ իրեն յաջորդեց Գ. Հանրապետութեան Բ. Օլիգարխ նախագահը՝ Ռոպերթ Քոչարեան։
Եւ երբ այս Բ. Բռնատէր ու միլիառատէր նախագահը կը զբօսնէր Ափրիկէի մէջ «սահարի»ներով, ամերիկեան իմփերիալիզմի American Academy of War գաղտնի սպասարկութիւնը Երեւան կը գործուղէր իր գործակալը՝ Ֆրետօ Արիաս-Քինկը (Քուպացի հակայեղափոխական հայրենադաւ մը), որպէսզի Արեւելահայաստանի մէջ սարքէ ամերիկեան «գունաւոր» յաջորդ յեղաշրջումը…։
Իսկ մենք, «Զարթօնք» օրաթերթի 26 Յունիս 2006 թուակիր համարին մէջ ստորագրեցինք գրութիւն մը՝ «Գունաւոր Պետական Յեղաշրջումներու Յաջորդ Թիրախը Հայաստա՞նն Է Արդեօք» վերնագրով (տես նաեւ՝ Մեթր Գ. Տէրտէրեան, «Հայեացք Եւ Կեցուածք», Պէյրութ, 2008, էջ 89-95)։
Քանի որ հանգամանաւոր ու փորձառու գործակալ Ֆրետօ Արիաս-Քինկ, Երեւանի մէջ, ինքնավստահօրէն եւ բացէ ի բաց, մամուլին կը յայտարարէր. «Եթէ Հայաստանի մէջ նարնջագոյն շարժում ըլլայ, ՀԱՍՏԱՏ ԿԱՐԵԼԻ Է ԸՍԵԼ, որ անոր կը մասնակցին արդէն յայտնի դէմքեր, գուցէ եւ, ՆԱԽԱՊԷՍ ԻՇԽԱՆՈՒԹԵԱՆ ԵԿԱԾ ՄԱՐԴԻԿ»։ Աւելին. Ֆրետօ Արիաս-Քինկ շատ անհամբեր, կամ՝ շատ ինքնավստահ ըլլալով իր մինչ այդ թափած ջանքերու դրական արդիւնքին, յայտարարած է նաեւ մամուլին. «Յեղափոխութեան ձեռնարկելու համար՝ ՀԱՐԿ ՉԿԱՅ ՍՊԱՍԵԼՈՒ յաջորդ ընտրութեանց առիթին։ Քանզի ԿԱՆԱՅՔ եւ երիտասարդութիւն, Ռոպերթ Քոչարեանի գրեթէ բռնատիրական իշխանութիւնը տապալելու համար, այլընտրանքային առիթներ կրնան ստեղծել Յեղափոխութեան»։ Գործակալին այս յայտարարութիւնները մենք այստեղ կը մէջբերենք հայաստանեան այդ օրերու մամուլէն… երբ օրուայ օլիգարխիական, ապազգային, ազգաքանդ եւ արեւմտաթրքամէտ համակարգը, բուրժուական «կարծիքի ազատութեան» կեղծ սկզբունքով, բացարձակ ազատութիւն տուած էր օտար գաղտնի սպասարկութեանց եւ աղանդաւորական ծածկագիտական կազմակերպութիւններուն…։
Արդ, երբ գործակալը յստակ կերպով կը դիմորոշէ Յեղափոխութեան մասնակցելու պատրաստ «մի գուցէ նախապէս իշխանութեան եկած մարդիկը», Քոչարեանին նախորդած է միայն ու միայուն ՄԷԿ նախագահ… եւ կը յիշէ նաեւ «կանայք», որոնց միակ կազմակերպութիւնը Լեւոն Տէր Պետրոսեանի «ՇԱՄԻՐԱՄ»ն է… ալ հարկ կ՚ըլլա՞յ գուշակ փոտռել՝ հասկնալու համար թէ ակնարկուած «նախապէս իշխանութեան եկած» միակ մարդը Լեւոն Տէր Պետրոսեանն է։
Այս լոյսին տակ, մեր վերը նշուած գրութեան մէջ ըսինք. «Արդեօ՞ք ան այսօր կը պատրաստուի վերադառնալու իշխանութեան, երբ Հայաստան ամերիկեան «գունաւոր» յեղափոխութեան ներկայի թիրախը դարձած է»։
Այսօր, տեղին հարցում մըն է. բացառուա՞ծ է արդեօք այն տեսակէտը, թէ Փաշինեան աշկերտն էր Լեւոն Տէր Պետրոսեանի, եւ իր «թաւշեայ յեղափոխութիւն»ը շարունակութիւնն է՝ Քոչարեանի դէմ Լեւոն Տէր Պետրոսեանի նժոյգով ամերիկեան American Academy of War-ի փորձած յեղաշրջումին…։ Քանի որ Փաշինեան նաեւ՝ հալածեց միայն Քոչարեանը, եւ ոչ թէ երեք օլիգարխ նախագահները միասին, թէեւ իր արշաւի առաջին օրերուն արտայայտուած էր օլիգարխներու ապականութեան դէմ… եւ մենք գրեցինք, թէ ան համակարգին դէմ չէր, այլ՝ ատոր թեւերէն մէկուն դէմ էր եւ միւսին հետ…։
Մենք՝ Գ. Հանրապետութեան նոր-ազատական (այսինքն՝ «վայրի») դրամատիրական համակարգին դէմ գրած ենք հարիւրէ աւելի մերկացնող յօդուածներ, եւ՝ վերջին տասը տարիներուն գրած ենք յեղափոխութեան կոչեր, երբ Քոչարեանի եւ Սարգսեանի տարիներուն, յեղափոխութեան բոլոր ենթակայական պայմանները հասունցած էին՝ այս երկուքին ապազգային, արեւմտաթրքամէտ ու բռնատիրական վարքագիծին պատճառով (Քոչարեանի յայտարարութեան թէ՝ Հայաստան հողային պահանջ չունի Թուրքիայէն, նախճիրին եւ Մարտ 1-ի Սերժ Սարգսեանի ֆութպոլային դիւանագիտութեան ու ցիւրիխեան փրոթոքոլներու ստորագրութեան)։ Մարտակոչերուն չորս մեծագոյնները կը գտնուին մեր «Դարադարձի Անդոհանք Եւ Մարտակոչեր» խորագրեալ հատորին մէջ, լոյս տեսած 2015 թուին, Տար էլ-Ֆարապի հրատարակչատունէն։
Այս հասունցած պայմանները վերստին օտագործելու համար, Լեւոն Տէր Պետրոսեան կրնայ քաջալերած ըլլալ նախկին ՀՀՇ-ական քատրերէն ոմանք՝ կազմակերպելու համար «գունաւոր» յեղաշրջումը՝ «թաւշեայ» անունով։
Երբ 2018-ին, Նիկոլ Փաշինեան գրաւեց Արեւելահայաստանի քաղաքական թատերաբեմը, առանց յստակ ու շօշափելի Ծրագիր մը յայտարարելու, սակայն իր շարժումը անուանեց «թաւշեայ յեղափոխութիւն», արդէն յստակ եղաւ, որ այս շարժումը ոչ-յեղափոխական է (յեղափոխութիւն մը մը ոչ թաւշեայ կ՚ըլլայ եւ ոչ ալ մի քանի ամիսներու պատրաստութիւն), եւ ոչ ալ՝ վստահութիւն կը ներշնչէ (քանի որ «թաւշեայ» որակական ածականը նոյնական է «գունաւոր» ածականին)։
Մեղ պատկանած կուսակցութենէն տարբեր կուսակցութեան մը պատկանող, բայց համահայկականութեան գծով մեր գաղափարակից ղեկավար բարեկամը, մեզի հանդիպեցաւ եւ հարց տուաւ թէ մենք ի՞նչպէս կրցած ենք մարգարէանալ, մեր 2008 թուին լոյս տեսած գիրքին մէջ, որ ամերիկեան «գունաւոր» յեղաշրջումներուն յաջորդ թիրախը Հայաստանն է եւ Լեւոն Տէր Պետրոսեանը պիտի ըլլայ յեղաշրջումի իշխանափոխութենէն օգտուողը։ Մենք ըսինք, թէ՝ Փաշինեանը Լեւոն Տէր Պետրոսեան չէ։ Ան պնդեց, որ Փաշինեանը Լեւոն Տէր Պետրոսեանի աշկերտն է, որուն ետին թաքնուած է… Լեւոն։
Համահայկականութեան գաղափարախօսութեան այդ մեր գաղափարակիցը, տաս օր առաջ, մեզի փոխանցեց «Ազդակ» օրաթերթի 18 Նոյեմբեր 2020 թուակիր համարը եւ թելադրեց կարդալ 3-րդ էջին վրայ Ա.Ա. ստորագրուած յօդուածը՝ «Մեղրիի Յաղթաթուղթը Եւ Նոյեմբեր 10-ի Անձնատուութիւնը» խորագրով։
Այս յօդուածին սկիզբը մէջբերում մը կայ, Նիկոլ Փաշինեանի 23 Մայիս 2001-ին “Arm-Times”ի մէջ ստորագրած յօդուածէն, որուն վերնագիրն է՝ «Մենք Եւ Մեր Շահերը»։ Այդ մէջբերումը հետեւեալն է.
«Այն, որ Մեղրին պէտքական է թուրքերին եւ Միացեալ Նահանգներին, ուղղակի հոյակապ է, որովհետեւ այդ դէպքում՝ Մեղրին սովորական տարածքից կը վերածուի, եւ դա մեր յաղթաթուղթն է։ Ինձ համար անհասկնալի են տեսակէտերը այն մասին որ մեծ այս յաղթաթուղթը մեր կրծքին սեղմած պէտք է պահենք։Սա մանկամիտ մօտեցում է։ Հայաստանի դիրքորոշումը այս հարցում՝ պէտք է ՄԷԿԸ լինի։ Եթէ Թուրքիա կամ Ազրպէյճան ուզում են հաղորդակցել Մեղրիով, թող հաղորդակցեն։ Թող օգտագործեն մեր տարածքը, թող օգտագործեն մեր երկաթուղին ու… ՎՃԱՐԵՆ ԴՐԱ ՀԱՄԱՐ, ինչպէս ընդունուած է աշխարհում»։ (Գ. Հանրապետութեան օլիգարխ աւազակները արդէն գիտէին միայն քանդել Սովետ Հայաստանի ստեղծած կառոյցները եւ վաճառել՝ երկրի վերգետնեայ ու ստորգետնեայ բնական հարստութիւնները, եւ կը մնար որ վաճառէին նաեւ երկիրը, հայրենիքը…։ Անոնք կառուցեցին միայն ՄԷԿ բան՝ ԴՐԱՄ բառին խոշոր արձանը Երեւանի մէջ…)։
Ասիկա՝ ասորագիտութեան հմուտ փրոֆեսոր, եւ սակայն քաղաքագիտութեան համբակ վարժապետ, պետական մտածելակերպէ զուրկ եւ բնազանցական մտածելակերպի ստրուկ եւ Փանթուրքիզմի Ծրագրէն ամբողջովին անտեղեակ ու արեւմտաթրքամէտ արեւելումով հաւկուրացած Լեւոն Տէր Պետրոսեանի դասաւանդած վա՜յ աղուիսագիտութիւնը չէ՞՝ մեր «մանկամտութեան» դէմ…։
Այս վա՜յ աղուիսագիտութեան միեւնոյն քարոզին վրայ չէ՞ր պնդեր Լեւոն Տէր Պետրոսեան, երբ «Պատերա՞զմ, ԹԷ՞՝ Խաղաղութիւն» երկընտրանքին մէջ, կ՚ընտրէր «խաղաղութիւն» կոչուած անձնատւութիւնը Ատրպէյճանի կամքին, եւ երբ ան կ՚ենթարկուէր Թուրքիոյ կամքին, հրաժարելով Արեւմտահայաստանի Հողային Դատէն, կը հռչակէր. «Պատմական իրաւունքների հիմամբ պահանջատիրութիւնը իռացիոնալ ռոմանտիկա է»…։
Տակաւին. Լեւոն Տէր Պետրոսեանի աշկերտը՝ Փաշինեան, շարունակելով իր գրութիւնը, բացէ ի բաց կը խոստովանի, որ մեր «մանկամտութեան» փոխարէն իրեն դասաւանդուած վա՜յ աղուիսագիտութիւնը կը ծառայէ՝ ոչ թէ Հայութեան շահերուն, այլ՝ ԱՄՆ-Թուրքիա-ՕԹԱՆեան շահերուն, ընդդէմ Հայաստան-Ռուսաստան զինակցութեան գոյութենական շահերուն, երբ կ՚եզրակացնէ հետեւեալ սահմռկեցուցիչ պարբերութեամբ.
«Քանի դեռ տեղի չի ունեցել (Մեղրիի կցումը Ատրպէյճանին՝ պատերազմի հետեւանքով) մեզ պատմական շանս է տրուած դառնալ այս տարածաշրջանի սիրտը, Արեւմուտքի եւ Արեւելքի հատման կէտը՝ սրանից բխող բոլոր հետեւանքներով։ (Այս խաբուսիկ «շանս»ին մէկ ուրիշ տարբերակն ալ քմշանկարն էր այն սիոնահար հայ մտաւորականներուն, որոնք ամբողջականօրէն անգիտանալով Փանթուրքիզմի սպառնալիքը Հայաստանի գոյութեան, կը կարծէին, որ Հայաստան կրնայ դառնալ Անդրկովկասի «Իսրաէլ»ը…)։ Այս շանսը օգտագործելու համար, պէտք են հետեւեալ պայմանները.
ա – Կտրել ցանկացած ձեռք, որ կը փորձի Մեղրին կամ Մեղրիի վերահսկողութիւնը յանձնել ուրիշին (այսինքն՝ Ռուսաստանին)։
բ _ Գիտակցել որ Հայաստան կարող է ունենալ ռուսական շահերից տարբեր շահեր (գոյութենական շահերէն ալ տարբեր)։
գ _ Գիտակցել որ Թուրքիա եւ Ազրպէյճան մեր հարեւաններն են եւ նրանց հետ յարաբերութիւնների բարելաւումը կենսական հարց է (ինչո՞ւ՝ մե՞նք կը սպառնանք անոնց, թէ՞՝ իրենք մեզի)։ (Այս (գ) պայմանը կը նմանի լիբանանցի այն սիոնահարներու կարծիքին, որ եթէ Լիբանան չզօրակցի Պաղեստինի բնիկ արաբներուն, Իսրայէլ չի ներխուժեր Լիբանան…)։
դ _ Հայաստան Թուրքիոյ համար՝ ճանապարհ է դէպի Կեդրոնական Ասիա (Փանթուրքիզմի Ծրագրով)։ Թուրքիա, Հայաստանի համար, ելք է դէպի Կեդրոնական Ասիա (մենք դէպի Կեդրոնական Ասիա ծաւալելու ծրագիր չունինք)։ Հայաստան, Ազրպէյճանի համար, ելք է դէպի Թուրքիա (Փանթուրքիզմի Ծրագրով՝ Հայաստանի գրաւումով), այսպիսով նաեւ՝ դէպի Եւրոպա (յաւելեալ շարժառիթ մը Հայաստանի գրաւումին համար…)։ Ահա հաղորդակցութիւնների այն կծիկը, որուն փոխ-կապակցուած գործնական կիրառումը կը նպաստի տարածաշրջանի կայունացման եւ զարգացմանը (եթէ՝ Թուրքիա եւ Ատրպէյճան ՀՐԱԺԱՐԻՆ Փանթուրքիզմի Ծրագրէն, որուն որոշումը մեր ձեռքին մէջ չէ…)»։
Պոլթըն անուն սպիտակահեր բայց սեւ-գիշատիչ ագռաւը, Երեւան գալով, կը փորձէր խաբել Փաշինեանը, թէ՝ եթէ Հայաստան կ՚ուզէ ազատիլ թուրք-ազերիական շրջափակումէն, լուծումը այն է, որ Հայաստան Ատրպէյճանին զիջի միայն կարգ մը տարածքներ Արցախէն… այսպիսով՝ Հայաստան Իրանի տուած մէկ փոքր ելքին փոխարէն կ՚ունենայ բազմաթիւ ելքեր՝ դէպի Եւրոպա եւ Կեդրոնական Ասիա, եթէ հետեւէր արեւմտաթրքամէտ արեւելումին։ Բայց այս շատ հի՜ն հրահանգ-դասը անգիր սորված էր Փաշինեան, զոր կ՚արտասանէր 2001-ին, իր վերեւ յիշուած (ա), (բ), (գ) եւ (դ) պայմանները յիշելով, որոնք՝ չորսն ալ, զառանցքներ են ու ժամանակավրէպ են այսօր։ Որովհետեւ.
Ա.– Ոչ ոք կրցաւ կտրել Ռուսաստանի ձեռքը, որ կրցաւ պարտադրել իր վերահսկողութիւնը՝ ոչ միայն Մեղրիի, այլեւ՝ Արցախի, Հայաստանի եւ ամբողջ Անդրկովկասի վրայ։ Վրաստանի նախընթացը վկայ է այս հաստատումին։
Բ.– Փաստուեցաւ, որ Հայաստանի եւ Ռուսաստանի գոյութենական շահերը տարբեր չեն։
Գ.– Փաստուեցաւ, որ Թուրքիա եւ Ատրպէյճան թշնամի հարեւաններ են եւ չեն հրաժարած Փանթուրքիզմի Արեւելահայաստանն ալ գրաւելու Ծրագրէն։ Ասոր մասին ալ փաստ է, Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի զինակից Իսրայէլի “Jerusalem Post”ի բացայայտումը, թէ՝ 2020 թուի Յունիս 16-ին, թուրք բանակի ընդհանուր հրամանատարութիւնը գաղտնի որոշում տուած է յարձակելու Յունաստանի եւ Հայաստանի վրայ…։
Դ.– Փաստուեցաւ, որ հաղորդակցութիւնները Հայաստանի եւ թուրք-ազերիական ճակատին միջեւ չեն կրնար բնականոն դառնալ, եւ տարածաշրջանը չի կրնար կայունանալ ու զարգանալ՝ առանց Արեւմտահայաստանի եւ Արցախի դատերու արդար լուծումին, որոնց արգելք է Փանթուրքիզմի Ծրագիրը։
Վերջապէս, կան պատմական եւ աշխարհաքաղաքական հաստատուններ (constants), որոնց մոռացումը աղիտաբեր է Հայութեան համար։
ԱՄՆ, իր իմփերիալիստական ու ծաւալապաշտական շահերուն համար, զինակիցն ու դաշնակիցն է թուրք-ազերիական Փանթուրքական Ծրագրին, եւ հետեւաբար՝ թշնամին է Հայաստանի եւ Ռուսաստանի։
Ռուսաստան, իր գոյութենական շահերուն համար, զինակիցն ու նեցուկն է Հայաստանի, եւ հետեւաբար՝ թշնամին է Փանթուրքիզմի Ծրագրին։
ԱՄՆ հզօր է Արեւմուտքի մէջ, իսկ Ռուսաստան՝ Արեւելքի մէջ։ Հայաստանի ԲՆՕՐՐԱՆԸ Արեւելքն է, յատկապէս՝ Անդրկովկասը, զոր Ռուսաստանի Ռազմական Հայեցակարգը կը նկատէ իր ազգային անվտանգութեան գօտին, եւ՝ Հայաստանի ու Ռուսաստանի գոյութենական շահերը կը համընկնին Փանթուրքիզմի վտանգին դէմ…։
Ուրեմն. Հայաստանի անվտանգութեան պահպանումը կը պահանջէ, որ ան բարեկամը ըլլայ Ռուսաստանի եւ ոչ թէ ԱՄՆ-ի, որ նաեւ՝ տկար է Արեւելքի մէջ…։
Եզրակացութիւն. Անօգուտ, անիմաստ եւ ոչ շինիչ պարսաւ է՝ Փաշինեանը հռչակել հայրենիքի դաւաճան։ Անոր հայրենավնաս մեծագոյն յանցագործութիւնը՝ ԱՐԵՒՄՏԱԹՐՔԱՄԷՏ արեւելումին հետեւանքն է…։