Լիբանանի տարածքին երէկ արձանագրուեցաւ 1534 նոր վարակակիր եւ 11 մահուան պարագայ քորոնաժահրի հետեւանքով: Հակառակ ամէն միջոցառումի թիւերը կը մնան բարձր մինչ Մեծն Բրիտանիայէն ահազանգող լուրեր կու գան վարակի նոր տարբերակով յառաջացած նոր ալիքի մը մասին:
Առողջապահութեան նախարարը յայտնեց, որ մինչ աշխարհը կը սպասէ այս նոր ալիքին գիտական վերլուծման, պէտք է աւելի եւս ուշադիր ըլլալ եւ գործադրել կանխարգելիչ ձեւերը:
Իր կողմէն Ներքին գործոց նախարարը երկարաձգեց արգելափակումներու թուականը, որ պէտք էր աւարտեր այսօր: Նոր թուական ճշդուեցաւ յառաջիկայ Չորեքշաբթին: