Յիշեալ նիւթին շուրջ Հինգշաբթի, 17 Դեկտեմբեր 2020-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին ներկայութեամբ միաբանական հաւաք մը տեղի ունեցաւ Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ։ Օրուան զեկուցաբերն էր մատենադարանի, ձեռագրերու ու հնատիպերու բաժանմունքի տնօրէն Գերշ. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեան։
Սրբազան հայրը ընդհանուր ներածականով մը ներկայացուց ձեռագրերու, հնատիպերու ու հրատարակչութեան զարգացման հոլովոյթը, ապա ան իր խօսքը մասնաւորեց Անթիլիասի Մայրավանքին յիշեալ երեք բաժամունքներու հաստատման ու կազմակերպման պատմութիւնը։ Սրբազանը առանձնաբար անդրադարձաւ, թէ ինչ դժուար պայմաններու մէջ ներկայ ձեռագրերու մէկ մասը Սիսէն փոխադրուած է Անթիլիաս եւ յետոյ նոր ձեռագրերով ճոխացած, նոյնպէս հնատիպերը։ Բնականաբար մատենադարանի հիմնադրութիւնն ու կազմակերպումը տարբեր ընթացք ստացած է. ան ճոխացած է առաւելաբար վեհափառ հայրապետերու, միաբան հայրերու եւ մտաւորականներու հաւաքածոներով։
Իր փակման խօսքին մէջ Վեհափառ Հայրապետը շեշտեց, թէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան հոգեմտաւոր ժառանգութեան կարեւոր բնագաւառը կը կազմէ ձեռագիրը, հնատիպը, այլ խօսքով՝ գիրքը, ոչ թէ միայն իր հնութեամբ, այլ էապէս իր բովանդակութեամբ ու պատգամով։ Շարունակելով իր խօսքը՝ Նորին Սրբութիւնը ըսաւ, թէ մենք ոչ թէ միայն պահապաններն ենք մեր ժողովուրդի հոգեմտաւոր հարստութեան, այլ նաեւ կոչուած ենք զայն առաւել հարստացնելու, միաժամանակ մեր անհատական թէ հաւաքական կեանքը անոնցմով արժեւորելու։
Միաբանական յաջորդող հաւաքին նոյն ձեւով պիտի ներկայուացուին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիոկսութեան հոգեմտաւոր ժառանգութեան այլ մարզերը։