Հինգշաբթի, 12 Սեպտեմբերի, 2024
- Գովազդ -spot_img

ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ. Արփիար Արփիարեան

- Գովազդ -spot_img
spot_img

ԽՄԲԱԳՐԻ ԸՆՏՐԱՆԻ

Արփիար Արփիարեան (21 Դեկտեմբեր 1851, Սամսոն — 12 Փետրուար 1908, Գահիրէ), գրող, գրական քննադատ, հրապարակախօս եւ խմբագիր։

Ծնած է Սամսոնի նաւահանգիստը, երբ ծնողքը Ակնէն Պոլիս կը փոխադրուէր։

Աւարտած Է Վենետիկի Մուրատ Ռաֆայէլեան վարժարանը։ Պոլիս վերադարձին նուիրուած է լրագրութեան։ Հիմնադրած է «Արեւելք» եւ «Հայրենիք» օրաթերթերը, որոնք մեր իրապաշտ գրականութիւնը սկզբնաւորեցին ու տարածեցին։ Եղած է նաեւ ազգային երեսփոխան։ Որոշ շրջան մը որպէս յեղափոխական բանտարկուելէ ետք, անցած է Եւրոպա, ապա Գահիրէ, ուր սպաննուած է իր հակառակորդներուն կողմէ։

Արեւմտահայ ղեկավարութիւնը 1877-78-ին մեծ պետութիւններուն ներկայացած էր բարենորոգումներու պահանջով։ Բայց դիւանագիտական խաղերու բերումով՝ այդ քայլը եղած էր ապարդիւն. աւելին՝ դարձած էր պատրուակ նոր ու անպատիժ հալածանքներու։ Իսկ 1880-ական տարիներէն՝ հայութեան մէկ մասը կը մղուէր դէպի զինեալ պայքար, դէպի Խրիմեանի «երկաթէ շերեփը»։ Նպատակ՝ զանգուածները դուրս բերել զոհի վիճակէն, զայն լծել տարրական իրաւունքներու զինեալ պաշտպանութեան։ Վանի Արմենականներուն յաջորդեցին Հնչակեան կուսակցութիւնը եւ Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը, որոնք գրեթէ միաժամանակ, խումբեր եւ կառոյցներ ստեղծեցին նաեւ Պոլիս մայրաքաղաքին մէջ։

Հնչակեանները, ցոյցերու ոճ մը որդեգրելով, 1890-ին հոն կազմակերպեցին Գում Գաբուի ցոյցը։ Հայութիւնը ամէն տեղ չունէր նոյն դիրքորոշումը։ Այդ բնական էր. զինեալ պայքարը բացառիկ յատկութիւններ ու զոհողութիւն կը պահանջէր։ Ապա՝ քաղաքներու ունեւոր եւ «ղեկավար» խաւը, մեծ մասամբ այդ գիծը հակառակ կը նկատէր իր անմիջական շահերուն։ Այս երկուութիւնը կը տիրէր 1890-ի շուրջ, երբ յեղափականները Պոլսոյ մէջ գործի կանցնէին։ Արփիարեան, իբրեւ մաս հնչակեան ղեկավարութեան, մօտէն կը տեսնէր, Գում-Գաբուի ցոյցի շարժման հետ՝ նաեւ հետեւող ճնշումն ու հալածանքը, ինչպէս եւ զանազան խաւերուն կեցուածքը։ Եւ տասնամեակ մը ետք, ալ Պոլսէն հեռացած ու Եւրոպա տարագրուած, այդ փորձառութիւնը կը վերածէր «Կարմիր Ժամուց»ին։

Արփիարեան իրապաշտ շարժումի առաջին եւ լաւագոյն ներկայացուցիչներէն եղած է։ Որպէս հրապարակագիր թարմ շունչ բերաւ մեր լրագրութեան իր սուր միտքով, ազատամիտ ու համարձակ գաղափարներով եւ ժողովուրդը լուսաւորելու ձգտող իր յօդուածներով։

Secure Your Child’s Place at
DREAM BRIDGEMAN ACADEMY

Dream Bridgeman Academy is an international school in Yerevan deploying the Oxford International Curriculum under the supervision and evaluation of Oxford University Press.
It caters for children between the ages of 1.5 yrs to 6 yrs.
Book your tour and secure your place now.
Phone: +374 93 703005
www.bridgeman.am

spot_img
- Գովազդ -spot_img
- Գովազդ -spot_img
- Գովազդ -spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին

ԼՐԱՀՈՍ

Pyro Drone is the leading source of professional FPV drone racing parts, gear, and accessories. We strive our best to deliver the latest and most reliable FPV gear available on the market. Bringing the highest quality at an affordable price, our flagship Hyperlite line is amongst the most competitive FPV drone racing parts in the industry. For FPV racing frames, motors, batteries, straps, and more - Pyro Drone is truly your one stop shop for all things in drone racing!

spot_img
spot_img