Նախաձեռնութեամբ խմբագիրներու համաժողովները կազմակերպող համակարգող խորհուրդին տեղի ունեցաւ խմբագիրներու տարածաշրջանային 4-րդ առցանց ժողովը, որուն մասնակցեցան Ռուսիոյ,Ուքրանիոյ եւ Վրաստանի մէջ գործող հայկական լրատուամիջոցներու ղեկավարները։
Համակարգող խորհուրդի ներկայացուցած զեկուցումէն ետք առցանց ժողովը շեշտեց յատկապէս ռուսական քաղաքական միջավայրին մէջ տեղեկատուական աշխատանքներուն նոր թափ հաղորդելու անհրաժեշտութիւնը յատկապէս արցախեան պատերազմի օրերուն եւ անկէ ետք Պաքուի մէջ ռուսախօս լրատուամիջոցներու համախմբում նախաձեռնելու իրականութեան դիմաց։
Յատուկ բաժինով զեկուցուեցաւ նաեւ Ռուսիոյ մէջ թալիշական գործօնի եւ այդ մասին հայկական Հիւսիսափայլի կատարած լուսաբանումները արգելակելու իրողութեան մասին։
Խորհրդային Միութեան նախկին հանրապետութիւններու մէջ գործող խմբագիրները համակարգող խորհուրդին պիտի յղեն նաեւ ներկայիս գործող հայկական լրատուամիջոցներու անուանացանկը՝ խմբագիրներու շտեմարանի վերաթարմացման համար։
Առաջարկներ հնչեցին քննարկման միացեալ հարթակի ինչպէս նաեւ «Հայերն այսօր» լրատուական կայքի վերականգնման ուղղութեամբ։
Հայաստանեան եւ արցախեան լրատուամիջոցներու խմբագիրներու առցանց 5-րդ ժողովը տեղի պիտի ունենայ Ամանորէն ետք։
Համահայկական Լրատուամիջոցներու Խմբագիրներու
Համաժողովները Համակարգող Խորհուրդ