Ստեփան Ասլանեան Փաշա (22 Դեկտեմբեր 1822, Իսթանպուլ, Օսմանեան Կայսրութիւն — 17 Նոյեմբեր 1901, Իսթանպուլ, Օսմանեան Կայսրութիւն), հայ բանասէր, հասարակական-կրթական տաճկահայ գործիչ։
Ծնած է Կ. Պոլիս 22 Դեկտեմբեր 1822–ին։ Նախնական կրթութիւնը կը ստանայ Սկիւտարի ճեմարանին մէջ եւ ապա կ’երթայ Կալաթա՝ Սէրայի ուսանող։ 1848–ին բժշկական վկայական ստանալով կ’անցնի Վիեննա եւ այնտեղի համալսարանէն նոյնպիսի վկայական ստանալով Կ. Պոլիս կը վերադառնայ։
1870–ին զինուորական բժշկական ճիւղի սպարապետութեան անդամ կ’ընտրուի եւ միեւնոյն տարին փաշայութեան տիտղոսին կ’արժանանայ։
1877–ին թրքական կառավարութիւնը զինք Եւրոպա կ’ուղարկէ՝ Պոլիս բժիշկներ հրաւիրելու համար։ Բացի բժշկական ասպարէզի իր ունեցած պաշտօններուն, ան Տաճկաստանի մէջ կը վարէ այլ պաշտօններ ալ. ինչպէս օրինակ՝ 1863–ին թրքական հանրային կրթութեան վարիչ։
Իբր ազգային գործիչ ան ասպարէզ կու գայ 1846–ին երբ Բերայի Նարեկեան վարժարանի հոգաբարձու կ’ընտրուի։
1859–ին կ’ընտրուի Գերագոյն ժողովի ատենապետ, իսկ 1863–ին անդամ Քաղաքական ժողովի, պաշտօն մը, որ կը վարէ բաւական երկար ժամանակ։
1875-1880 թուականներուն կ’ըլլայ պատրիարքական ժողովի ատենապետ, 1879–ին Երուսաղէմի, իսկ 1883–ին Եգիպտոսի պատուիրակ։
Կը մահանայ Կ. Պոլսոյ մէջ 17 Նոյեմբեր 1901–ին։