ՀԵԸ-ական՝ Ռաֆֆի Ճիկերեանի անունը սերտօրէն առնչուած է Լիբանանի եւ Լիբանանահայ ճատրակի առօրեային հետ:
Լիբանանի ճատրակի ֆետերասիոնին հովանաւորութեամբ եւ ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիասի ճատրակի վարչութեան կազմակերպութեամբ, 16,17,18 Դեկտեմբեր 2020-ին, եռօրեայ առցանց մրցաշարք մը տեղի ունեցաւ, վերջերս մեզմէ յաւէտ բաժնուած Ռաֆֆի Ճիկերեանի յիշատակին:
Մրցաշարքին մասնակցեցան 86 մարզիկներ: Առաջնութիւնը շահեցաւ՝ Մահմուտ Պատիյ, Ճօ Ասատ՝ երկրորդ,էտիպ Արքատան՝ երրորդ հանդիսացան:
Երկուշաբթի, 21 Դեկտեմբեր 2020-ի երեկոյեան, ՀԲԸՄ-ի Տեմիրճեան կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ մրցաշարքին գլխաւոր դիրքերը գրաւողներուն պարգեւատրութիւնը: Միջոցառումին ներկայ գտնուեցաւ Լիբանանի ճատրակի ֆետերասիոնի վարչութիւնը՝ լրիւ կազմով, ՀԵԸ-ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետը եւ անդամներ, Ռաֆֆի Ճիկերեանի ընտանեկան պարագաներ, բարեկամներ, ՀԵԸ-ի տարբեր վարչութիւններէն անդամներ:
Լիբանանի ճատրակի ֆետերասիոնի փոխնախագահ, ՀԵԸ-ի ճատրակի վարչութեան ատենապետ եւ ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիասի Գործադիրի անդամ Տիգրան Զէյթճեան յարգանքի խօսք մը արտասանեց Ռաֆֆի Ճիկերանի յիշատակին: Տեսաերիզի վրայ ցուցադրուեցաւ ՀԵԸ-ի ճատրակի դպրոցին մէջ Ռաֆֆի Ճիկերեանի կեանքի հանգրուաններէն դրուագներ: Սրտի խօսք ըսաւ Լիբանանի ճատրակի ֆետերասիոնի նախագահ Խալէտ Պատիյը, որմէ ետք տեղ ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւնը:
Երեկոյին եզրափակիչ խօսքը կատարեց ՀԵԸ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Վիգէն Չերչեանը, որմէ ետք տեղի ունեցաւ կոկիկ հիւրասիրութիւն մը:
ՀԵԸ-Ի ՄԱՄԼՈՅ ԵՒ ՏԵՂԵԿԱՏՈՒԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ