Երեքշաբթի, 22 Դեկտեմբեր 2020-ի երեկոյեան, ՀԲԸՄ-ի Տեմիրճեան կեդրոնի, ՀԵԸ-ի «Անդրանիկ» մարզադաշտին մէջ ունեցաւ Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի ընդհանուր անդամական ժողովը եւ նոր վարչութեան ընտրութիւնը:
ՀԵԸ Անդրանիկի ընտանիքը սոյն միջոցառումին մասնակցեցաւ չորս ներկայացուցիչներով՝ ՀԵԸ Անդրանիկ Պէյրութ, Սին էլ Ֆիլ, Անթիլիաս, եւ Զահլէ:
Մասնակիցները լսեցին ընթացաւարտ վարչութեան գործունէութեան նիւթաբարոյական տեղեկագիրը, որմէ ետք տեղի ունեցաւ նոր վարչութեան ընտրութիւնը:
Ընտրութիւնները շահեցաւ ընթացաւարտ ֆետերասիոնի նախագահ Աքրամ Հալապիի գլխաւորած 15 թեկնածուներէ բաղկացած ցանկը, որուն մաս կը կազմէր ՀԵԸ-ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Վիգէն Չերչեանը:
Վիգէն Չերչեան ընտրուեցաւ ֆետերասիոնի անդամ, ապահովելով առաւելագոյն՝ 252 ձայն եւ ստանձնեց նորընտիր ֆետերասիոնին գանձապահութիւնը:
Համայն ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ականներու անունով մեր ջերմ շնորհաւորութիւնները ՀԵԸ-ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Վիգէն Չերչեանին այս փայլուն յաղթանակին առիթով: