Հանրապետութեան Նախագահ ՝ Միշէլ Աունի հետ «դրական» խօսակցութիւններէ ետք, նշանակեալ վարչապետ Սաատ Հարիրի յայտնեց, որ ինք լաւատես է, որ կարելիութիւնը կայ կառավարութիւն կազմելու տօնական օրերէն առաջ:
«Նախագահին հետ հանդիպումը դրական էր, որ յատկանշուեցաւ սրտբաց խօսակցութեամբ: Մենք համաձայնած ենք վաղն ալ հանդիպիլ (այսօր Չորեքշաբթի)» ըսաւ Հարիրի: «Մենք յաջորդական հանդիպումներ պիտի ունենանք կառավարութիւն մը ունենալու համար «ինշալլահ» Ծննդեան տօնէն առաջ» յաւելեց նշանակեալ վարչապետը: