Երեքշաբթի, 16 Ապրիլի, 2024
- Գովազդ -spot_img

Հոգեւոր Շունչով Առլեցուն Տօնական Օրեր՝ Մեսրոպեանի Մէջ

- Գովազդ -spot_img
spot_img

ԽՄԲԱԳՐԻ ԸՆՏՐԱՆԻ

Սուրբ տօներուն նախորդած շաբթուան ընթացքին, եւ քորոնաժահրէն պաշտպանութեան պայմաններուն մէջ, Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի մեծ ընտանիքը` աշակերտներով, ուսուցիչներով եւ ծնողներով, մասնակիցը եղաւ շարք մը ձեռնարկներու, որոնք յագեցած էին Սուրբ Ծնունդին առթած ուրախութեան, յոյսի եւ սիրոյ ապրումներով:

Մանկամսուրի եւ մանկապարտէզի մեր փոքրիկներուն համար այդ շաբաթը եղաւ ժամանակը Սուրբ Ծննդեան թեմաներով աշխատանքներ կատարելու, երգեր սորվելու եւ գիտելիքներ ձեռք բերելու: Անոնց այցելեց աւանդական Կաղանդ պապան եւ նուէրներով ուրախացուց զանոնք:

Նախակրթարանի աշակերտները ձեռային աշխատանքով պատրաստեցին բացիկներ, որոնցմով շնորհաւորեցին ուսուցիչներն ու ծնողները՝ Սուրբ Ծննդեան եւ Ամանորի առիթներով: Մեսրոպեանի Ուսուցչական Յանձնախումբը իր հերթին հաճելի անակնկալով մը ուսուցիչներուն նուիրեց վարժարանի խորհրդանիշը կրող քորոնաժահրէն պաշտպանուելու դիմակներ:

Յաջորդաբար չորրորդ տարին ըլլալով, Մեսրոպեանի մէջ կատարուեցաւ Յիսուս Մանուկի Մսուր փոխադրութեան արարողութիւնը: Արժ. Տէր Ռաֆֆի քահանայ Յովհաննէսեանի առաջնորդութեամբ եւ ընկերակցութեամբ Սուրբ Փրկիչ եկեղեցւոյ ժողովրդապետ Հայր Խաչիկ վրդ. Գույումճեանի, ինչպէս նաեւ օգնական վարդապետներ Հայր Տիգրանի եւ Հայր Վարդանի, աշակերտներու թափօրը ուղղուեցաւ դէպի Մեսրոպեանի շրջափակի կեդրոնը գտնուող տօնածառը, անոր տակ պատրաստուած Մսուրին մէջ զետեղելու համար խորհրդանիշը Մարդացած Աստծոյն: Արարողութեան առիթով ուղերձներ արտասանեցին ուսուցիչներ եւ աշակերտներր, խօսք առին Տէր Ռաֆֆի քահանան եւ Մեսրոպեանի տնօրէն պարոն Կրէկուար Գալուստ, հնչեցին հոգեւոր երգեր` կատարողութեամբ վարժարանի Ծիծեռնակ երգչախումբին, խմբավարութեամբ պարոն Մանուէլ Քէշիշեանի:

Տօնական շաբաթը եզրափակուեցաւ Սուրբ Պատարագով, որուն ներկայ Մեսրոպեանի ուսուցչական եւ վարչական կազմի անդամներ դիտաւորութիւններ կատարեցին օրուան խորհուրդէն մեկնելով: Պատարագող Տէր Ռաֆֆի քահանայ Յովհաննէսեան իր քարոզին մէջ շեշտեց սիրոյ, փոխադարձ յարգանքի, ներողամտութեան եւ իրարհասկացողութեան կարեւորութիւնը, առանց որոնց մարդիկ յատկապէս ի վիճակի չեն իրականացնել ընկերութեան համար կարեւոր գործունէութիւն, ինչպիսին ուսուցչական գործն է: Ան յորդորեց կեանքին եւ գործին մէջ ըլլալ վաւերական, եւ ոչ՝ ձեւական, որպէսզի մարդկային գործունէութիւնը չվերածուի դերասանութեան, այլ հիմնուած մնայ արժէքներու եւ հաւատքի վրայ:

Տեղեկատուական գրասենեակ
Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն Վարժարանի

Secure Your Child’s Place at
DREAM BRIDGEMAN ACADEMY

Dream Bridgeman Academy is an international school in Yerevan deploying the Oxford International Curriculum under the supervision and evaluation of Oxford University Press.
It caters for children between the ages of 1.5 yrs to 6 yrs.
Book your tour and secure your place now.
Phone: +374 93 703005
www.bridgeman.am

spot_img
- Գովազդ -spot_img
- Գովազդ -spot_img
- Գովազդ -spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին

ԼՐԱՀՈՍ

Pyro Drone is the leading source of professional FPV drone racing parts, gear, and accessories. We strive our best to deliver the latest and most reliable FPV gear available on the market. Bringing the highest quality at an affordable price, our flagship Hyperlite line is amongst the most competitive FPV drone racing parts in the industry. For FPV racing frames, motors, batteries, straps, and more - Pyro Drone is truly your one stop shop for all things in drone racing!

spot_img
spot_img