Նոր կառավարութիւն կրնայ կազմուիլ Նոր Տարուընէ ետք յայտարարեց նշանակեալ վարչապետ Սաատ Հարիրի: Հարիրի մրցակից կողմերուն կոչ ուղղեց ամէն զոհողութիւն յանձն առնել յաջողեցնելու կառավարութեան կազմութիւնը:
Հարիրի իր յայտարարութիւնը ըրաւ երէկ նախագահ Միշէլ Աունին հետ դարձեալ հանդիպելէն ետք, որ ըստ երեւոյթին յաջողութեամբ չպսակուեցաւ:
Հարիրի պատճառներուն մասին մանրամասնութիւններ չտուաւ: