Գրիգոր Փէշտիմալճեան (24 Դեկտեմբեր 1778, Կոստանդնուպոլիս, Իսթանպուլ, Օսմանեան Կայսրութիւն — Յունուար 1839, Կոստանդնուպոլիս, Իսթանպուլ, Օսմանեան Կայսրութիւն), հայ անուանի փիլիսոփայ, ուսուցիչ, թարգմանիչ։ Վերազարթնեց հայ յեղափոխական հոգին 19-րդ դարուն:
Գրիգոր Փէշտիմալճեան ծնած է Պոլիս եւ իր կեանքը նուիրած է ուսուցչութեան եւ գրականութեան: Ան եղած է տնօրէն Պէզճեան հայկական դպրոցին, ուր ան նաեւ դասաւանդեց լեզու, կրօն, եւ փիլիսոփայութիւն։ 1828-ին, հոգեւոր դպրոցը Գում Գաբու պատրիարքութեան հետ միանալէն ետք, ան այդ տեղ նշանակուեցաւ ուսուցիչ եւ ընդհանուր պատասխանատու: Ան ուսուցիչ եղաւ Հասգոյի հայկական դպրոցին մէջ եւ աշխատեցաւ իբրեւ անձնական ուսուցիչ դրամատունի մէջ աշխատող ընտանիքի մը]: Ան իբրեւ ուսուցիչ, իր ներդրումը ունեցաւ գիրք ու կրթական ծրագիր պատրաստելու, ինչպէս նաեւ դպրոցի կանոնները դնելու աշխատանքին։
Իր ասպարէզի սկզբնական շրջանին սկսաւ պատրաստել գրաբար հայերէնի բառարան, փորձելով միացնել երկու բաժանմունքները, բայց հետեւեալ գործը կիսատ մնաց:
Ան ապրեցաւ այնպիսի ժամանակամիջոցի մը մէջ, երբ հայ մտաւորականները կը հետեւէին գրաբար հայերէնին: 1829-ին ան հրատարակեց Գրականութիւն Հայկազեան Լեզուի գիրքը, գրաբարի զարգացման համար։ Անոր Տրամաբանութիւն Կամ Արուեստ Բանական փիլիսոփայական գիրքը գրուած է գրաբարով: Նաեւ ան գրած է արդի հայ աշխարհաբարով Կրթութիւն Քաղաքավարութիւն, եւ Լուսահաւիղը։ Անոր գործերը ունին մեծ կարեւորութիւն հայ գրականութեան մէջ։
Ան գրած է նաեւ փիլիսոփայական գիրքեր։ Ան թէեւ եղած է աշխարհական, բայց իր կրօնական գիտելիքները շատ աւելի են, քան կղերականներունը։ Բոլոր այդ ժամանակի կրօնական հարցերուն ան պաշտպան կեցաւ Հայկական Առաքելական եկեղիցիին, փորձելով պահպանել ազգային եւ կրօնական հասարակութիւնը: