2021 տարին Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան համար յոբելենական տարի է:
Արդարեւ, 2021-ը հարիւրամեակն է մեր կուսակցութեան:
Նոր տարուան սեմին՝ ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան հրատարակած սոյն օրացոյցը նախակարապետն է յոբելենական այն շարք մը ձեռնարկներուն, որոնք տեղի պիտի ունենան տարուան ընթացքին:
Մեր յոբելենական օրացոյցը նաեւ նուիրուած է Արցախին: Այս պատճառով մենք՝ մեր օրացոյցին համար, որպէս կարգախօս որդեգրած ենք Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս՝ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին՝ «2021-ը Արցախի Տարի» Պատգամը:
Մեր օրացոյցը նուիրելով Արցախին, անոր վաճառքէն գոյացած համեստ հասոյթը պիտի նուիրուի Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի «Աջակցենք Արցախին» ծրագրին:
ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան օրացոյցէն ստանալու համար դիմել վարչութեան դիւանին՝ +961 3 855 312 կամ ԶԱՐԹՕՆՔ-ի խմբագրատուն՝ +961 1 444 225 / +961 81 306 447
Վերջապէս, Ամանորի եւ Սուրբ Ծննդեան զոյգ տօներուն առիթներով պիտի խնդրենք ընդունիք մեր լաւագոյն բարեմաղթութիւնները:
Խաղաղութիւն, առողջութիւն եւ ամենայն բարիք Ձեզի, մեր սիրելի Հայրենիքին ու ժողովուրդին:
ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ
ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ