Կիրակի, 27 Ապրիլի, 2025
- Գովազդ -spot_img

«ԶԱՐԹՕՆՔ»եան Հանդիպում. Արցախի Հիմնահարցը. Յետպատերազմեան Միջնարարի Անելիքներ

- Գովազդ -spot_img
spot_img

ԽՄԲԱԳՐԻ ԸՆՏՐԱՆԻ

Այժմէական Հարցերու Բազմաձայն Քննարկումներ

Քորոնաժահրի աւերներէն մէկն էր նաեւ  ընդմիջումը Այժմէական Հարցերու Բազմաձայն Քննարկումներ ընդհանուր խորագրի տակ «Զարթօնք»եան Հանդիպումներ»-ուն, որոնք ֆիզիքական հեռաւորութեան կարգին պատճառով փոխարինեցինք առցանց հանդիպումներով, գործակցաբար մեր քոյր թերթերուն՝ «Սարդարապատ»-ին եւ «Արեւ»-ին: Առցանց հանդիպումները հակառակ պարտադրանքի արդիւնքը ըլլալուն՝ իրենց օրին կարեւոր անդրադարձը ունեցան եւ կարեւոր դեր խաղցան տուեալ նիւթով մը հետաքրքրուած մեր թերթերուն շատ մը բարեկամներուն կողմէ:  Այլ եւ ժամանակակից հարթակի մը վրայ սոյն հանդիպումները մեծ յաջողութիւն արձանագրեցին ու պիտի շարունակեն արձանագրել նմանատիպ պարբերական հանդիպումներով:

Մինչ այդ սակայն ԶԱՐԹՕՆՔ-ի Պէյրութի բարեկամները կարօտ էին մէկտեղուելու, անշուշտ նկատի ունենալով քորոնաժահրի վերաբերող ապահովական բոլոր միջոցառումները:

Այս ծիրէն ներս Ուրբաթ 18 Դեկտեմբեր 2020-ի երեկոյեան ժամը 7:30-ին, Պէյրութի Թէքէեան Կեդրոնը ժամադրավայրն էր «Զարթօնք»-եան 5-րդ հանդիպումին: Հանդիպման թեման ինքզինք պարտադրած՝ Արցախն էր, որուն համար որպէս խորագիր ընտրած էինք՝ «Արցախի Հիմնահարցը. Յետպատերազմեան Միջնարարի Անելիքներ» նիւթը:

Օրուայ զեկուցաբերները հանդիսացան՝ հանրածանօթ հրապարակագիր եւ հրապարակախօս ու իր կեանքն ու  ժամանակը Հայ ժողովուրդին իրաւունքներուն պաշտպանութեան նուիրած, անզիջող գաղափարականի տէր,  մեծ երախտաւոր՝  Մեթր Գասպար Տէրտէրեանն ու մեր թերթին կարեւոր յենարան՝ Հայկազեան Համալսարանի Սփիւռքի Ուսումնասիրութեան Կեդրոնի տնօրէն՝ Դոկտ. Անդրանիկ Տագէսեանը:

ԶԱՐԹՕՆՔ-ի գլխաւոր խմբագիր՝ ընկ. Սեւակ Յակոբեանի բարի գալուստի հակիրճ խօսքէն ետք Դոկտ. Անդրանիկ Տագէսեան իր նիւթի ներկայացումը կատարեց հետաքրքիր սահիկներու միջոցաւ:

Դոկտ. Տագէսեան, Հարաւային Օսեթիոյ, Աբխազիոյ, Հիւսիսային Կիպրոսի, Արեւմտեանմ Սահարայի, Եթովպիոյ Թիկրէ նահանգի, Քոսովոյի, Պոսնիա-Հերցեկովինայի եւ այլ օրինակներու հիմամբ, փաստեց թէ միջազգային ընտանիքը մէկ ուղի եւ մէկ տարբերակ չունի ինքնորոշման իրաւունքի թնճուկին հանդէպ:

Ան շեշտեց, որ Մ. Նահանգներն ու Ռուսաստանը իրենց պետական շահերուն համապատասխան շարժած են ինքնորոշման  իրաւունքի տարբեր պարագաներու իրենց ընդառաջումին կամ հակադարձութեան մէջ:

Բերելով մանրամասնութիւններ տարբեր պարագաներէ, Դոկտ. Տագէսեան շեշտեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապը չէ գտած տակաւին իր լուծումը եւ թէ արդար լուծումի մը ի խնդիր հայութիւնը լուրջ անելիքներ ունի, իսկ այս խնդրով այդ հայութեան յառաջամարտիկները իրաւականօրէն կրնայ ըլլալ միայն Արցախահայութիւնը, որուն ամէն միջոցներով եւ առաւել զգօնութեամբ ու քննականօրէն թիկունք պարտի ըլլալ հայ ազգը:

Մեթր Գասպար Տէրտէրեան նախ ողջունեց ներկաները. «ոչ եսապաշտ անտարբեր, այլ՝ հաւաքապաշտ մտահոգ, համահայկական ոգիով՝ մեր պարտութեան անդոհանքը ապրող սիրելիներ» որակելով անոնց:

Իր ներածականին մէջ ան ըսաւ. «Նախ՝ կը շնորհաւորեմ «ԶԱՐԹՕՆՔ» օրաթերթի արթուն խմբագրութիւնը, ոչ թէ միայն այս լսարանը նախաձեռնելուն, այլեւ՝ լսարանի նիւթին լաւատեսական, ոչ ապաւինողական, այլ՝ յանձնառու բանաձեւում մը տալուն համար, որ կ’ըսէ՝ «Յետպատերազմեան միջնարարի անելիքներ»… Ինչ որ կը նշանակէ՝ թէ պատերազմը կասեցնող այս զինադադարը՝ անոր վերջին արարը չէ, այլ՝ միայն հնգամեայ միջնարար մը, որ մեզմէ կը պահանջէ յանձնառութիւնը շարք մը հրամայական անելիքներու: Եւ՝ ոչ թէ՝ ուրիշներու ապաւինելու: Ապա նաեւ՝ կը շնորհաւորեմ «ԶԱՐԹՕՆՔ»ի խմբագրապետին այն «Բաց Նամակ»ը որ լոյս տեսաւ թերթի 12 Դեկտեմբեր, 2020 թուակիր համարին մէջ, որ կոչ մըն է՝ զգաստութեան եւ համահայկական ոգիին՝ փոխարէն, մենատիրականին»:

Մեթր Տէրտէրեան իր ելոյթին հորիզոններ բանալով, նշեց որ. «Օրուան նիւթին, սահմանումով քննարկումը անոր, որպէս մեկնակէտ՝ ունի երկու հարցադրումներ՝ Ա- Այս պատերազմին մէջ, ներկայ փուլին, ցարդ՝ ո՞վքեր յաղթական դուրս եկան, եւ ո՞վքեր պարտուած: Բ- Հայութեան բնօրրանը՝ ո՞ւր կը գտնուի»:

Որպէս վերջաբան, Մեթր Գասպար Տէրտէրեան շեշտեց, որ. «զինադադարի հնգամեայ միջնարարի տարիներուն, մեզմէ պահանջուած հրամայական անելիքները գիտնալու համար՝ պէտք է հետեւինք Գ. Նժդեհի հետեւեալ 3 յիշեցում-զգուշացումներուն… 1) Սեփական ուժերով ինքնապաշտպանուելու անընդունակ ժողովուրդները՝ պատժւում են, մահուամբ… 2) Վաղուայ Հայաստանի սահմանները պիտի գծեն՝ հայ զինուորի արիութիւնն ու հայրենասիրութիւնը: 3) Փոքր ազգերը պարտադրօրէն աւելի հայրենասէր պէտք է լինեն, քան՝ մեծերը, իսկ մենք՝ աւելի քան՝ բոլորը…: (Մեթր Տէրտէրեանին ամբողջական ելոյթը կարդալ մեր այսօրուայ թիւին էջ 3-ի եւ էջ 6-ի վրայ):

Աւարտին ներկաները իրենց հարցերը ուղղեցին յարգելի զեկուցաբերներուն: Հանդիպման աւարտին, ընկ. Յակոբեան օրուայ զեկուցաբերներուն յանձնեց յատուկ յուշամետալներ:          

Նշենք, որ հանդիպումը կենդանի սփռումով տարածուեցաւ ԶԱՐԹՕՆՔ-ի ֆէյսպուքի էջին միջոցաւ:

Secure Your Child’s Place at
DREAM BRIDGEMAN ACADEMY

Dream Bridgeman Academy is an international school in Yerevan deploying the Oxford International Curriculum under the supervision and evaluation of Oxford University Press.
It caters for children between the ages of 1.5 yrs to 6 yrs.
Book your tour and secure your place now.
Phone: +374 93 703005
www.bridgeman.am

spot_img
- Գովազդ -spot_img
- Գովազդ -spot_img
- Գովազդ -spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին

ԼՐԱՀՈՍ

Pyro Drone is the leading source of professional FPV drone racing parts, gear, and accessories. We strive our best to deliver the latest and most reliable FPV gear available on the market. Bringing the highest quality at an affordable price, our flagship Hyperlite line is amongst the most competitive FPV drone racing parts in the industry. For FPV racing frames, motors, batteries, straps, and more - Pyro Drone is truly your one stop shop for all things in drone racing!

spot_img
spot_img