Ֆելիքս Էտուար Վալոթոն ֆրանսացի արուեստագէտ, նկարիչ, փորանկարիչ, քանդակագործ, արուեստի քննադատ եւ վիպագիր:
Ֆելիքս Վալոթոնը ծնած է 28 Դեկտեմբեր, 1865 թուականին, Լոզան, Զուիցերիա, միջին դասակարգէն բողոքական ընտանիքի մը մէջ։ 1882-ին մտաւ Փարիզի Ժուլիան Աքատեմիան, փոստ-իմփրեսիոնիստ արթիստներէ յաճախած արուեստարանները։ Տասը տարուայ մէջ, երիտասարդ զուիցերիացին կը յաջողի յայտնի դառնալ Փարիզի յառաջապահ արուեստագէտներու միջավայրին մէջ։ Իր հռչակը միջազգային կը դառնայ իր փորանկարներուն ու գծագրութիւններուն շնորհիւ։ Բազմաթիւ ցուցահանդէսներու կը մասնակցի։
1891-էն սկսեալ, բոլորովին կը նորոգէ փորանկարչութեան աւանդութիւնը։ Իր գործը կը սկսի շատ աւելի ցցուիլ։ Իր գծագրութիւնները շատ արժէքաւոր կը դառնան, ու կը սկսին օրաթերթերու ու պարբերաթերթերու մէջ տպուիլ։ 1899-ին կ’ամուսնանայ Կապրիէլ Պերնհայմին հետ։
1900-էն վերջ հետզհետէ կը ձգէ փորանկարչութիւնը, ինքզինքը աւելի նկարչութեան նուիրելու։ Կը նկարէ ընտանեկան պատկերներ, ու կը հետաքրքրուի դասական նիւթերով, տեսանկարներ, մերկ մարմիններ, կենդանագիրներ եւ նաթիւր-մորդներ, որ կը նկարագրէ անձնական ձեւով, իր ժամանակակից արուեստական հոսանքներէն դուրս։
1902-ին, Մարտին, կը ստեղծէ «Լասիէթ ո պըղ» (ֆր.՝ L’Assiette au Beurre) պարբերաթերթին ամենաինքնատիպ հրատարակութիւններէն մեկը, որ կը պարունակէ 23 քակուող փորանկարներ։
Իր առաջին անձնական ցուցադրութիւնը տեղի կ’ունենայ 1909-ին, Զիւրիխ։ Իր գործը յաճախ կը ցցուի Փարիզ, մանաւանդ 1910, Յունուարին, Տրիւէ ցուցասրահը։ Նաեւ կը մասնակցի միջազգային ցուցադրումներու, Եւրոպա կամ ալ Ամերիկա։ Իր եղբայրը, Փոլ Վալոթոնը, կ’օգնէ իր աշխատանքը Զուիցերիա տարածելու։
Ֆելիքս Վալոթոնը աշխատասէր մէկն էր, որ միշտ նոր ներշնչող նիւթեր կը փնտռէր, ու արտայայտուելու նոր ձեւեր։ Կը ներշնչուի Համաշխարհային Առաջին Պատերազմին վայրագութիւնով, ու պատերազմին վերջաւորութեան նոր յաջողութեան ժամանակաշրջան մը կ’ապրի։ Կը մահանայ 1925-ին, ու կը թաղուի Փարիզի Մոնփարնաս գերեզմանատունը։