Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի նախագահութեամբ, Կիրակի, 27 Դեկտեմբեր 2020-ին, Անթիլիասի Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ հանդիսաւորապէս նշուեցաւ Ս. Ստեփանոս Նախասարկաւագին ու նախավկային տօնը։ Ս. եւ Անմահ Պատարագը մատուցեց եւ յաւուր պատշաճի քարոզեց Մայր Տաճարի լուսարարապետ Գերշ. Տ. Մակար Եպս. Աշգարեան, իսկ Ս. Սեղանի սպասարկութիւնը կատարեց Դպրեվանքի սարկաւագաց դասը։
Ս. Պատարագի աւարտին, իր Հայրապետական պատգամին մէջ Վեհափառ Հայրապետը նշեց, որ քրիստոնէական եկեղեցւոյ կեանքին մէջ Ս. Ստեփանոս Նախասարկաւագ հոմանիշ է ծառայութեան եւ հետաւաբար սարկաւագութիւնը ծառայութիւն է, իսկ ծառայութիւնը եկեղեցւոյ էութիւնն է։ Հայրապետը յիշեցուց, որ Քրիստոս աշխարհ եկաւ ոչ թէ ծառայութիւն ստանալու, այլ՝ ծառայելու, ուստի Քրիստոսի խոհրդական մարմինը՝ եկեղեցին, ծառայութիւն է։ Նորին Սրբութիւնը յայտնեց, որ եկեղեցւոյ հոգեւոր մշակին առաքելութիւնը եկեղեցին ժողովուրդին տանիլ է որպէս ծառայութիւն. այնպէս ինչպէս Քրիստոս՝ աշխարհի առաջին մեծագոյն ու գերագոյն ծառան, իր իշխանութիւնը կերտեց եւ իր հեղինակութիւնը արտայայտեց ծառայելով։ Հայրապետը նշեց, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը իր Դպրեվանքին մէջ ա՛յս գիտակցութեամբ հոգեւոր մշակներ կը պատրաստէ եւ իր սպասումը յայտնեց, որ հայ եկեղեցւոյ բոլոր սպասաւորները նոյն գիտակցութեամբ մօտենան այս առաքելութեան։ Պատգամի աւարտին, ան Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Կիլիկիա» թանգարանին մէջ ի պահ դրուած Ս. Ստեփանոս Նախասարկաւագին մասունքը պարունակող խաչով օրհնեց հայ եկեղեցւոյ բոլոր սարկաւագները, ինչպէս նաեւ հոգեւոր մշակներն ու հաւատացեալ ժողովուրդը։
Յայտնենք, որ պատարագիչ սրբազան հայրը իր քարոզին բնաբան ընտրած էր Յովհաննու Աւետարանի 12-րդ գլխուն 24-րդ համարը։ Բացատրելով, թէ ինչպէս սերմը հողին տակ թաղուելով է միայն, որ կը պտղաբերէ, նոյնպէս ալ մեր եսն ու կամքը անտեսելով միայն մենք կրնանք անձնուէր կեանք մը վարել։ Սրբազանը ըսաւ, որ Ս. Ստեփանոսն ալ ընտրութեան հրամայականին առջեւ գտնուած էր եւ իբրեւ կեանքի նշանաբան ընտրած էր Քրիստոսի պարգեւած ծառայութեան ուղին։ Սրբազանը իր քարոզը եզրափակեց տօնին առիթով իր որդիական շնորհաւորանքը ուղղելով Վեհափառ Հայրապետին, որ ամբողջ կեանք մը նուիրած է Աստուծոյ, եկեղեցւոյ, ազգին եւ ժողովուրդին ծառայութեան, ինչպէս նաեւ շնորհաւորեց եկեղեցւոյ բոլոր սարկաւագներն ու սպասաւորները եւ աստուածահաճ ծառայութիւն մաղթեց անոնց՝ Ս. Ստեփանոսի բարեխօսութեամբ ու օրհնութեամբ։