Արտայայտուելով լրատուամիջոցներու թղթակիցներուն առջեւ, Լիբանանի Ներքին Գործոց նախարար Մոհամմատ Ֆահմի յայտնեց, որ հակառակ իր կամքին Լիբանան դարձեալ արգելափակումներու ենթարկուիլ եթէ վարակուողներու թիւը շարունակէ անհամեմատ աճիլ:
Նշենք, որ մեծագոյն մտահոգութիւնը տօնական օրերն են, որոնց ընթացքին քաղաքացիները աւելի եւս ենթակայ են վարակումներու երբ իրար քով կու գան տօնելու: Այս բանը աւելի եւս շեշտուած է տօնական օրերուն տնտեսական որոշ շարժում ստեղծելու միտումով արգելափակումներու համեմատական նուազումով, բան մը, որ յառաջիկայ շաբաթներուն վարակուողներուն թիւը կրնայ շատ բարձրացնել: