Լիբանան շատ լուրջ մարտահրաւէրի մը առջեւ պիտի գտնուի շատ շուտով երբ ան յայտնուի քորոնաժահրի տարածման մեծ ալիքի մը կիզակէտին վրայ: Այս բանին պատճառը տօնական օրերու սանձարձակ շփումները պիտի ըլլան երբ լիբանանցիք չեն յարգեր պարտադրուած կանխարգելիչ միջոցները: Այս մասին յայտնեց Լիբանանի Առողջապահութեան Նախարար ՝ Համատ Հասան:
Ան ըսաւ, որ Յունուարի 10-էն ետք իրավիճակը անհակակշռելի պիտի դառնայ եւ պէտք է մշակուի արգելափակումի նոր ուղիներ զսպելու վարակը: