Քանի որ հայաստանեան հիւանդանոցները եւ խնամքի հաստատութիւնները անդուլ կ՛աշխատին՝սպասարկելով Արցախեան պատերազմին ընթացքին վիրաւորուածներուն, համաձայն Հիւանդութիւններու վերահսկման եւ կանխարգիլման կեդրոններու, Քորոնավիրուսով վարակման աստիճանով երկիրը հատած է չորրորդ մակարդակի սէմը: Սովի եւ մարդասիրական ճգնաժամերու վերացման ուղղութեամբ աշխատող ամենահին գործակալութիւնը աշխարհի մէջ՝ Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան Պարէնի համաշխարհային ծրագիրը (WFP), Հ.Բ.Ը.Մ.-ին առաջարկեց համակարգել Պելճիքայիի Լիէժ քաղաքէն մաքսային բեռի քանի մը խմբաքանակի առաքման համեմատական աշխատանքները, ըստ որուն, բեռներու հսկողութիւնը պետք է իրականացուէր Հ.Բ.Ը.Մ. Եւրոպայի Մասնաճիւղի, իսկ ստացումը՝ Հ.Բ.Ը.Մ. Հայաստանի Ներկայացուցչութեան կողմէ. քորոնավիրուսով հիւանդացածներու թիւը այդ պահի դրութեամբ կը գերազանցէր 150,000-ը: Առաքման հետ կապուած բոլոր ծախսերը ստանձնեց Լիէժի մէջ WFP-ի գրասենեակը, իսկ Քովիտ-ի հետ կապուած անձնական պաշտպանիչ սարքաւորումը ու օժանդակ պարագաները սիրայօժար նուիրաբերեցին Պելճիգայի հայ համայնքի անդամները:
«WFP-ն հպարտ է Հ.Բ.Ը.Մ.-ի պէս պատմական եւ ամէնահաս կազմակերպութեան հետ գործընկերութեան համար: Հ.Բ.Ը.Մ.-ի էութիւնը, ինքնին, որպէս համայն հայութեան համար այնքան կարեւոր միջազգային ժողովրդական կազմակերպութիւն, կը նշանաւորուի WFP-ի հետ ծանրակշիռ համագործակցութեամբ», — ըսաւ WFP-ի Լիէժի գրասենեակի գործառնական ղեկավար Հիէն Աճէմեանը: «Մենք հպարտ ենք, որ կը մատուցենք ծառայութիւններ, որոնք կ՛օգնեն Հ.Բ.Ը.Մ.-ին հասնելու աւելի մեծ թիւով մարդոց եւ փոփոխութիւն մտցնելու անոնց կեանքին մէջ: ՄԱԿ-ի հետ համագործակցութիւնը դէպի այդ փոփոխութեան ճանապարհին առնուած քայլ մըն է, եւ WFP-ի Լիէժի գրասենեակը յուսով է, որ այս փորձը գործնական նշանակութիւն կ՛ունենայ հետագայ համագործակցութեան համար», — ընդգծեց Աճէմեանը:
Համավարակի պայմաններուն մէջ մատակարարումներու նախաձեռնութիւնը սկսած է 2020թ. Հոկտեմբերի սկիզբին եւ կը շարունակուի մինչեւ Յունուարի կէսերը: Պրիւքսէլի «Հայ տուն» Հայկական Մշակութային Կեդրոն Նախագահ Կարէն Թադեւոսեանի համակարգումով, հաւաքած, կազմակերպած եւ փաթեթաւորած է տարբեր իրեր եւ նիւթեր: Ի թիւս այլ մարդոց, Պելճիգայի հայ համայնքը ներկայացնող բարերար Նանի Կաչերիսեանը անձամբ յատկացուցած է 614 քիլո անձնական պաշտպանութեան միջոցներ՝ յաջակցութիւն Հայաստանի առողջապահական աշխատողներուն: Շուրջ 42,827 քիլո (43 թօն) պարագաներ կ՛առաքուին Հ.Բ.Ը.Մ. Հայաստանի գրասենեակ, որոնք կը ծառայեն հայ ժողովուրդի կարիքներուն: «WFP-ի շնորհիւ, եւ Պելճիգայի կամաւորներու աջակցութեամբ, մենք կրնանք առողջապահական համակարգի մեր հերոսներուն եւ Հայաստանի մէջ գտնուող ՔՈՎԻՏ-19-ով հիւանդներուն առաքել այնքան անհրաժեշտ օգնութիւնը», — նշեց Հ.Բ.Ը.Մ. Եւրոպայի նախագահ Նատիա Գործունեանը:
Հ.Բ.Ը.Մ. Հայաստանի գրասենեակը ստանձնեց բեռի ստացումը Երեւանի «Զուարթնոց» օդակայանէն: Առաքանին կը պարունակէր առողջապահական եւ մարդասիրական բնոյթի շարք մը պարագաներ, ինչպէս՝ անձնական պաշտպանութեան միջոցներ, պատրաստի յատուկ բուժական սնունդ, անզգայութեան սարքաւորում, անուասայլակներ, բժշկական յենակներ, մարմնամարզական սարքաւորում, հագուստ, կօշիկ, քնապարկեր, սնունդ եւ ախտահանիչ պարագաներ՝ շուրջ 490,301 Ամերիկեան տոլար արժողութեամբ:
Վայրէջքէն անմիջապէս յետոյ Հ.Բ.Ը.Միութիւնը բեռը բաշխեց հետևեալ կերպ. անձնական պաշտպանութեան պարագաները ուղարկուեցան անմիջապէս Հայաստանի Առողջապահութեան նախարարութիւն: Հագուստը, կօշիկները եւ ծածկոցները, ինչպէս նաեւ ախտահանիչ պարագաները ուղարկուեցան Հայաստանի արտակարգ իրավիճակներու նախարարութիւն: Իսկ 16,000 քիլո սնունդը կը մնայ Հ.Բ.Ը.Մ. Հայաստանի գրասենեակը եւ կը յատկացուի երկրի ամբողջ տարածքին մէջ ապրող կարիքաւոր հայերուն:
«WFP-ի այս առաքանիները անչափ կարեւոր էին Հայաստանի համար այս վճռորոշ օրերուն: Մենք նաեւ երախտագիտութեամբ կ՛ընդունինք Հ.Բ.Ը.Մ. կամաւորներու եւ անձնակազմի անձնուիրութիունը, որոնք համակարգեցին իրենց գործունէութիւնը եւ համագործակցեցան՝ ապահովելու համար այս միջազգային նախաձեռնութեան խնամքով, արդիւնաւէտ եւ թափանցիկ իրականացումը», — նշեց Հ.Բ.Ը.Մ. Հայաստանի նախագահ Վազգէն Եագուպեանը՝ աւելցնելով, որ Հ.Բ.Ը.Միութիւն վերահաստատեց մարդասիրական օգնութիւն հասցնող յուսալի եւ բանիմաց գործընկերոջ իր համբաւը: