Մեր կեանքի տեւողութեան զանազան առիթներով եւ պարագաներու բերումով կը ծանօթանանք մարդոց , կը բարեկամանանք , կը գործակցինք ,կը մտերմանանք անոնց հետ եւ դարձեալ տարբեր պարագաներու տակ ակամայ կը բաժնուինք անոնցմէ , կեանքին մեզի պարտադրած անփոխարինելի օրէնքն է ասիկա :
Այո, ակամայ բաժնուեցանք Միսաքէն քառասուն օրեր առաջ, այդպէս յանկարծակի, որուն բնաւ նախապատրաստուած չէինք, բաժանումի գաղափարը նոյնիսկ անմեկտեղելի էր իր անձնաւորութեան հետ:
Աւելի քան տասը տարի տեւած մեր գործակցութիւնը Ազգային Բուժարանի երթիքին տակ վերածուեցաւ սերտ բարեկամութեան որ կարծես շատ աւելի երկար ժամանակներէ կու գար, որովհետեւ իր մէջ տեսած էինք անկեղծ եւ սրտցաւ Մարդը, ընկերասէր եւ համբերատար ժողովականը, տագնապող եւ ընդվզող ազգայինը:
Շնորհիւ իր լաւատես բնաւորութեան անպայման գործնական լուծում մը կը գտնէր մեր առջեւ ցցուած բազում հարցերուն եւ դժուարութիւններուն , չմոռնալով ձեւով մը “կակուղցնել” պրկուած մթնոլորտը իրեն յատուկ ”հիւմըրով” եւ զուարճախօսութեամբ:
Միսաքին նկարագիրին ամենացցուն յատկանիշներէն էր նաեւ իր մէջ արմատաւորուած արժանապատուութեան արժէքը, չէր հանդուրժեր ճղճիմ հաշիւներով փոքր շահեր ապահովելու գաղափարին , մանաւանդ երբ հարցը ազգային երանք մըն ալ ունենար, իր գերագոյն երազն էր բուժարանը հասցնել այնպիսի մակարդակի որ գաղութին հպարտանքին արժանանար:
Բնաւ պիտի չմոռնամ, մեր վերջին կամ վերջընթեր ժողովն էր , եւ կարծեմ ինք առաջին ժամանողն էր, սրահ մտնողներուս նոյն հարցումը հարցուց , ” Ուրախացնելիք աղուոր լուր մը ունիս ” , ամբողջ տարուան ընթացքին Լիբանանը պատուհասած իրերայաջորդ հարուածներէն ետք յամեցող աղուոր լուրի մը կարիքը ունէր այդ օրը նոյնիսկ լաւատես մեր սիրելի Միսաքը:
Ճիշդ է որ բազում բարեկամներու , ընկերներու եւ ծանօթներու բանակ մը կունենանք մեր կեանքի ընթացքին , սակայն անոնցմէ բուռ մըն է որ խորունկ տպաւորութիւն եւ յիշատակներ ձգելով կը բաժնուին մեզմէ, անոնցմէ էր Միսաք , իւրայատուկ անհատականութեամբ եւ արժանիքներու տէր Մարդը :
Դժուար եւ երկար պիտի ըլլայ վարժուիլ բացակայութեանդ սիրելի Միսաք:
Խունկ ու աղօթք անթառամ յիշատակիդ:
Ազունիէի Բուժարանի Ընկերներդ